ԵՐԵՒԱՆ․- Դեկտեմբեր 27-ին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախ. վտանգուած ժառանգութիւն» եռալեզու պատկերագիրքին շնորհահանդէսը:
Պատկերագիրքը հրատարակուած է Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան «Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» պետական ոչ առեւտրական կազմակերպութեան հետ համագործակցաբար: Գիրք-ալպոմի կազմութեան օժանդակած է նաեւ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը: Անիկա կը ներառէ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրարուած տարածքներուն մէջ մնացած հայկական պատմաճարտարապետական ժառանգութիւնը:
Գիրքը լոյս տեսած է «Համազգային»-ի Հայաստանի եւ Արցախի գրասենեակներուն նախաձեռնութեամբ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան աջակցութեամբ: Պատկերագիրքը կազմած է Հայկական ճարտարապետութեան ուսումնասիրման հիմնադրամի փոխտնօրէն Րաֆֆի Քորթոշեան:
Ասիկա առաջին հատորն է, երկրորդ հատորը, որ դեռ կը պատրաստուի, պիտի ներառէ Սեպտեմբերի վերջին բռնի տեղահանութեան պատճառով Արցախի մնացեալ տարածքներու պատմամշակութային ժառանգութիւնը: Պատկերագիրքը եռալեզու է: Հայերէնով, ռուսերէնով եւ անգլերէնով ներկայացուած են եկեղեցիներուն եւ յուշարձաններուն ստեղծման պատմութիւնը, անոնց կարեւորութիւնն ու սպառնացող վտանգները:
Շնորհահանդէսին ելոյթ ունեցան` «Համազգային»-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահպազեան, պատմագիտութեան դոկտոր, փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, «Համազգային»-ի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան, պատմական գիտութիւններու դոկտոր փրոֆ. Վահրամ Բալայեան, կազմողը` Ռաֆֆի Քորթոշեան, «Համազգային»-ի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան, ազգագրագէտ Լեռնիկ Յովհաննիսեան, յուշարձանագէտ Սլաւա Սարգսեան, Արցախի նախկին նախարար Լուսինէ Ղարախանեան:
Աշոտ Մելքոնեան ըսաւ․- «Տեսնելով` ի՛նչ ձգած ենք թշնամիին, մարդու ներաշխարհը տակնուվրայ կ՛ըլլայ: Համոզուած եմ, որ այս գիրքը սերունդներ զօրաշարժի պիտի ենթարկէ: Եթէ մենք այսօր ըսենք, որ Արցախը կորսնցուցած ենք` վաղակատարով, կը նշանակէ` որպէս ազգ արժանի չենք մեր նախորդներուն, որոնք ահռելի ու հզօր քաղաքակրթութիւն ստեղծած են: Եթէ մենք մէկ անգամ ապացուցեցինք, որ կարելի է աշխարհը շուռ տալ եւ Արցախը ազատագրել, ուրեմն մենք այս գաղափարը կրնանք փոխանցել մեր սերունդներուն եւ օր մը արժանանալ Արցախի լիակատար ազատագրման: Կը յորդորեմ չվհատի՛լ»։
Ըստ Արտաշէս Շահպազեանի, պայքարը պէտք է շարունակուի, հաւանաբար` կրկին սկիզբէն, հաւանաբար` նոր փուլէն, բայց, այո՛, նաեւ այսպէս պէտք է պայքարը շարունակենք մեր հայրենիքին վերատիրանալու, արդարութիւնը եւ մեր իրաւունքը վերահաստատելու համար:
Շնորհաւորելով գիրքին հրատարակութիւնը` Շահպազեան յոյս յայտնեց, որ անիկա պիտի յայտնուի դիւանագիտական սեղաններու վրայ: Ան ընդգծեց, որ ընելիքներ դեռ շատ կան:
Լեռնիկ Յովհաննիսեան յայտնեց, թէ․- «Հայ ժողովուրդի արցախեան հատուածի ժառանգութիւնը պարզապէս եկեղեցիներ, վանքեր, կամուրջներ, յուշարձաններ չեն, այլ` մեր ինքնութեան կարեւորագոյն գրաւականը: Այս պատկերագրքով կը փորձենք կանգնեցնել մոռացութեան տրուելու մարտահրաւէրը»։ Ան յոյս յայտնեց, որ մենք դեռ առիթ պիտի ունենանք կրկին Ստեփանակերտի, Հատրութի ու Շուշիի մէջ այլ շնորհահանդէսներ կազմակերպելու:
Ռուզան Առաքելեանի խօսքով, գիրքը փաստաթուղթ է մեր ձեռքին: Ուստի յառաջիկայ սերունդներուն փոխանցենք, որ ոչ թէ Արցախը իր պատմամշակութային տարածքով ընդամէնը յիշողութիւն դառնայ, այլ զգօն պահէ զիրենք, որպէսզի մտապահեն Արցախը վերադարձնելու երազանքը:
Ռաֆֆի Քորթոշեան ընդգծեց, որ ոչ միայն թուղթի վրայ, այլ նաեւ գիրքի միջոցով պէտք է փորձենք պահել Արցախի յուշարձանները Արցախի մէջ: «Մեզի կը թուէր, թէ ապահոված ենք թէ՛ մեր ժողովուրդին խաղաղ կեանքը իր հայրենի հողին վրայ եւ թէ՛ այդ ժողովուրդին միջոցով յուշարձաններու պահպանութիւնը: Ցաւօ՛ք այսօր այս իրավիճակին մէջ ենք», եզրակացուց Քորթոշեան:
Կազմակերպիչները շնորհակալութիւն յայտնեցին պատկերագիրքի լոյս ընծայման առիթով իրենց հովանաւորութիւնը ցուցաբերած անձերուն` Նիւ Եորքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանին, բժիշկ Անտրէ Էլիասեանին, ուսուցչուհի Մեքքի Քաւարեանին:
Ներկաները կարեւոր նկատեցին գիրքին հրատարակութիւնը` իբրեւ թշնամիին կողմէ կատարուող կեղծ քարոզչութեան հակադարձող միջոց: