Իւրայատուկ է Պոլսահայ բանաստեղծ Զահրատի (Զարեհ Եալտըզճեան, 1924-2007) գրիչը։ Ահաւասիկ քանի մը բանաստեղծութիւններ՝ կաղանդի մասին։
ԿԱՂԱՆԴՉԷՔ
Կէս գիշերին պատուհանիդ լոյսը չըլլայ որ մարես
Վարագոյրին ինկած շուքդ դիտեմ գոնէ կարօտով
Ու նուէրդ զոր ամառուան արեւներէն փրցուցի
Ձգեմ սեմիդ ու հեռանամ լուսայորդ
Կէս գիշերին երազներուս լոյսը չըլլայ որ մարես։
*
ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱՅԻՆ ՄՕՐՈՒՔԸ
Կաղանդ Պապային մօրուքը ճերմակ է
ԱԼԻՒՐի նման
Ըսէ — Կաղանդ Պապա
Մօրուքէդ ՀԱՑ կը շինուի՞։
*
ԱՅՍՕՐ ԿԱՂԱՆԴ Է
Այսօր Կաղանդ է ըսելու համար
Նախ պէտք է մէկ երկու հազալ ու լաւ մը
կոկորդը մաքրել
– Այսպէս աւելի հանդիսաւոր կ’ըլլայ
Ու եթէ զոյգ ակնոց կը գործածէք միշտ
– մէկը հեռուի – միւսը մօտի –
Պէտք է որ ակնոց փոխէք անպատճառ
Յետոյ կոճկուիք
– Այսպէս աւելի պաշտօնական կ’ըլլայ –
Հարկ չկայ ըսելու թէ ոտքի կենաք
ու ձեր թեւերը բանաք լայնօրէն
իբրեւ թէ բովանդակ աշխարհն ու մարդիկ
եղբայրական սիրով գրկելու համար –
Պիտի ձեր դէմքէն ժպիտն անպակաս
ձեր աչքին շիթ մը արցունք պահէք միշտ
– Այսպէս աւելի ազդեցիկ կ’ըլլայ –
Յետոյ նորէն մէկ երկու հազաք
ու մաքուր կոկորդով
– ու հաւանաբար ալ մաքուր սիրտով –
Բարի Կաղանդ ձեզ ըսէք ամէնուն
Յետոյ ականջ տաք դուք ալ Կաղանդին
թէ ինչ կը պատմէ ձեր վաղուան մասին
– Այսպէս աւելի տօնական կ’ըլլայ –
Օր մը վերջ մոռնաք թէ ինչ էր ըսաւ –
– Այսպէս աւելի բնական կ’ըլլայ –
*
ԿԱՂԱՆԴԻ ԾԱՌ
Որպէսզի կաղանդ տօնենք տեւական
ուր որ գացինք
ուր որ գաղթեցինք
մեզի հետ
մեր ծառն ալ տարինք
Թէ մարեցաւ մոմերէն մին
տեղը չորս մոմ վառեցինք
թէ խաղալիկ մը կոտրեցաւ
կամ ժապաւէն մը փրթաւ
տեղը միշտ նորը դրինք
Բայց չգիտցանք-
արմատները ե՞րբ չորցան
ոստերուն մէջ աւիշը ե՞րբ ցամքեցաւ.
Եւ հիմա – ծառը աւելի շքեղ
թէպէտ շողշողուն
սակայն մերը չէ։
*
ԿԱՂԱՆԴԻ ԳԻՇԵՐ
Ամէն ինչ ծայրէն վերսկսելու,
Ի վերջոյ նորէն այդպէս ըլլալու-
Տօնն է այս գիշեր……
Լոյսեր վառեցէք – եթէ չի բաւեր
Ձեզ տաքցնելու ձեր լոյսը ներքին-
Տօն է այս գիշեր…
Պահ մը ամէն ինչ վերջացնելու
Ամէն ինչ ծայրէն վերսկսելու-
Տօնն է այս գիշեր…
Յոյսեր վառեցէք – եթէ չեն բաւեր
Ձեզ տաքցնելու ձեր յոյսերը հին-
Տօն է այս գիշեր…
Երգել փորձեցէք – եթէ չէք մոռցեր
Խանդոտ երգերը ձեր պարմանութեան-
Տօն է այս գիշեր…
Զուր տեղ վատնուած օրերն յիշելու-
Գոյութեան տխուր հաշուեկշիռին
Տօնն է այս գիշեր…
Լոյսեր ու յոյսեր վառեցէք գոյն գոյն,
Երգեր երգեցէք հինէն ու նորէն-
Տօ՛ն է այս գիշեր…
Գոյատեւելո՛ւ տօնն է այս գիշեր…
*
ՍԻՐՈՅ ԿԱՂԱՆԴ
Սէր կը կանչէ
Սիրոյ Կաղանդ – որ այս գիշեր
Երկինքն ի վար կը ղօղանջէ
– Երբ ղօղանջէ
ոտնաձայն մը – ան է – ան չէ –
Սիրոյ Կաղանդ որ չի տեսներ
թէ սէրն ինչպէս զիս կը տանջէ
Սէր կը կանչէ
Սիրոյ Կաղանղ – որ այս գիշեր
լուսաճաճանչ կը ճաճանչէ
– երբ ճաճանչէ
ոտնաձայն մը – ա՞ն է – ան չէ –
Սիրոյ Կաղանդ որ չի գիտեր
թէ սէրն ինչու զիս կը տանջէ
Սիրոյ Կաղանդ – կը նահանջէ –
*
ԿԱՂԱՆԴԻ ԾԱՌ ՄԸ
Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար
Երկու բան պէտք է
Նախ ծառ մը — յետոյ զարդեր ծառին վրայ
Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար
Երեք բան պէտք է
— Ծառէն զարդէն զատ
Հաւատքը գալիք աղուոր օրերու
Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար
Մէկ բան կը բաւէ — ոչ ծառ ոչ ալ զարդ —
Ատիկա խիճերն ադամանդ կարծող
Միամիտ հոգւոյս բարի խաբկանքն է
Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար
Արդէն պատրանքը լրիւ կը բաւէ
Բարի տարի ձեզ եւ բարի պատրանք։
*
ԱՆՈՒՇԱՊՈՒՐ
Կաղանդ Պապա մը գար
Նուէրներ բերէր
Տար տար չհատնէր
Ծառ մը բարձրանար
Թիզ թիզ-օրէ օր-
Երկինք չհասնէր
Ինչ որ կեանք կ´ըսենք
Անուշապուր մը ըլլար-ուտէինք-
Կեր կեր- չհատնէր։
*
ԿԱՂԱՆԴԻ ԿԱԶԷԼ
Բարեւ ըսեմ այս Կաղանդին ու բոլոր հին Կաղանդներուն
Մեր Կաղանդին ձեր Կաղանդին ու բոլորին Կաղանդներուն
Ես տարայն մէջ – տարիէն դուրս – ինչ Կաղանդներ եմ ողջուներ
Թող ձերն ըլլայ այս գիշերուան կարմիր գինին Կաղանդներուն
Տօն եմ տօներ ամէն անգամ երբ նոր սիրով մ՚եմ գինովցեր
Ամէն անգամ լոյսն եմ խմեր այդ լուսածին Կաղանդներուն
Դուք ցնծացէք դուք բերկրեցէք ու խայտացէք այս գիշեր դուք Խուզարկեցէք արեւասքօղ գանձն ու ոսկին Կաղանդներուն
Իմ Կաղանդիս ըսպասեմ ես Սէր-Կաղւսնդիս նորահըրաշ
Երբ դուք մըռայլ օրերէ վերջ երթաք կրկին Կաղանդներուն
Բարեւ ըսեմ այդ Կաղանդին ու բոլոր հին Կաղանդներուն
Մեր Կաղանդին ձեր Կաղանդին ու բոլորին Կաղանդներուն։
*
ԱՆՏԱՌԻՆ ՄԷՋ
Անտառին մէջ
ցախսարիկը կար իբրեւ զարդ
մեր կաղանդի ձառերուն
Ամէն մէկ ծառ
– անտառին մէջ – ապրուած հին տարի մըն էր –
ատենօք
պատմութեան դէմ ծառացած
ու կարմրալանջը
որ բոյն կը շինէր
ամէնէն բարձր ճիւղին
Կաղանդ Պապա մըն էր բարի
հիմա մօրուքը թափած։
*
ԾԱՌ
Այդքան պերճանք – այդքան պչրանք – այդքան լոյս
Չեն բաւեր
Ծածկել արիւնը որ շիթ շիթ կը կաթի
ճիւղերէդ
Այդքան աւիշ – այդքան տերեւ – այդքան ցօղ
Չեն բաւեր
Որ հաւատանք թէ արեւներ պիտի քաղենք
ճիւղերէդ
Այսքան արիւն – այսքան արցունք – այսքան վիշտ
Չեն բաւեր
Որ մենք դարձեալ սիրտ չկախենք
Ճիւղերէդ։
*
ԿԱՂԱՆԴՉԷՔ
Հարիւր Կաղանդ ալ կը սպասեմ
Եթէ գիտնամ
Թէ վերջընթեր Կաղանդին
Պիտի նուէրս ընդունիս
Ժպիտներուն ամէնէն կոյս
Ամէնէն լոյս
Եւ ամէնէն երջանիկովն աղուորցած
Հարիւր Կաղանդ ալ կը սպասեմ սիրելիս
Նուէրներուն ամէնէն կոյս
Ամէնէն լոյս
Եւ ամէնէն իշխանականը զատած
Եթէ գիտնաս թէ կը սպասեմ սիրելիս
Զոյգ ձեռքերըս սրտիս նման քու անունիդ երկարած
Հարիւր Կաղանդ ալ կը մընամ առանց քեզի սիրելիս
Գիտնամ միայն թէ վերջընթեր Կաղանդին
Ժպիտներուն ամէնէն կոյս
Ամէնէն լոյս
Եւ ամէնէն երջանիկովն աղուորցած
Պիտի գաս
Հարիւր Կաղանդ ալ կը սպասեմ — սիրելիս
Գիտնամ միայն
Թէ անպայման
Կաղանդներուն ամէնէն կոյս
Ամէնէն լոյս
Եւ ամէնէն երազային հարիւրերորդ Կաղանդին
Մշտադալար եղեւինի մը տակ լուռ
Պիտի հալինք պիտի հատնինք անէանանք միասին
Անվերադարձ Կաղանդներուն պէս կեանքին
Հարիւր Կաղանդ ալ կը սպասեմ
Գիտնամ միայն որ դուն գիտես թէ կը սպասեմ սիրելիս։
*
ՏՈՊՐԱԿՆԵՐ
Պատուհանէն տեսանք
Տոպրակներ բեռցած
Սրարշաւ
կու գար սայլը Կաղանդ Պապային
Լոյսերը մարեցինք անմիջապէս
վարագոյրները քաշեցինք
կծկուեցանք մէկ մէկ անկիւն
Քիչ վերջ հարցուցի Ագապիին
– Գնա՞ց –
– Գնաց- ըսաւ Ագապին –
Լայն շունչ մը առինք –
– Աղէկ պրծանք – ըսաւ Ագապին
Լոյսերը վառեցինք
եւ ուրախ զուարթ
զիրար շնորհաւորեցինք
Առաւօտուն երբ դուռը բացինք
Սեմին
Նոր տոպրակներ կային դիզուած –
– Նոր նոր հոգեր – ըսաւ Ագապին –
– Նոր նոր հոգեր – ըսի Ագապիին –
Դուռը քաշեցինք գացինք –
– Փողոցը տոպրակներով լեցուն էր։
*
ԿԱՂԱՆԴԻ ԾԱՌ
Ծառէն ժանեակ ծառէն մանեակ ծառէն սոխակ կախեցէք
Ծառէն թելեր ծառէն ծամեր ծառէն լոյսեր կախեցէք
Ծառէն ծաղիկ ու խաղալիկ
Ծառէն պերճանք ու զարդարանք
Ծառէն խաբկանք ծառէն պատրանք ու երազանք կախեցէք
— Կից մը տուէք — թող փլի
Նոր ծառ մʼառէք — ծառէն ձանձրոյթ կախեցէք
Ծառէն ձանձրոյթ ծառէն ձանձրոյթ ծառէն ձանձրոյթ կախեցէք
— Այդքան առատ արդէն ուրիշ ի՞նչ ունիք —