Լրահոս

Հ․Յ․Դ․-Ի ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԴԻՐՔԵՐ

Դեկտեմբեր 29-ին «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Արթուր Խաչատրեան, Լիլիթ Գալստեան, Արմենուհի Կիւրեղեան եւ Արփինէ Վարդանեան այցելած են սահման՝ դիրքեր:

Այս առթիւ, Արթուր խաչատրեան ըսաւ․- «Այնտեղ՝ թշնամին դէմ յանդիման, մէկ մարդահասակ ձիւնի մէջ, մեր ազգի պատիւը կը պաշտպանեն փորձառու սպաներն ու երիտասարդ զինուորները: Թերեւս միայն անոնք կրնան բաց ճակատով Նոր տարի նշել:  Կը շնորհաւորեմ մեր բոլոր զինուորներուն ու սպաներուն Նոր Տարին, կը մաղթեմ անփորձանք ու յաղթական ծառայութիւն: Իսկ տունը անոնց անհամբեր ու սրտատրոփ սպասողներուն համբերութիւն ու կորով կը մաղթեմ։ Տղոց քէֆով բանակ  ճամբած են, թող քէֆով դիմաւորեն: Տղաքը արժանի են»։

 

*

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button