Հ․Մ․Ը․Մ․-ի 105-ԱմԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ՝ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:1 Minute, 42 Second

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 1-ին, կազմակերպութեամբ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Դամասկոսի մասնաճիւղի վարչութեան, Հայ կաթողիկէ «Ամինեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի հիմնադրութեան 105-ամեակին նուիրուած պաշտօնական տօնակատարութիւն,  ներկայութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Մակար Սրբ. Եպիսկոպոս Աշգարեանի, Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ Արհիապատիւ Գերապայծառ Տէր Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի Պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Գերապատիւ Հայր Գէորգ վրդ. Պահէեանի, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի կեդրոնական վարչութեան անդամ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեանի, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային Վարչութեան անդամներու, միութիւններու ներկայացուցիչներու, միութեան նախկին անդամներու եւ հոծ բազմութեան:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Հ․Մ․Ը․Մ․-ի նախկին Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, Շրջանային Վարչութեան նախկին ատենապետ Մանուկ Քէօշկէրեան։ Անդրադառնալով Հ․Մ․Ը․Մ․-ի հիմնադրութեան, ան ըսաւ. «Այսօր բոլորս համախմբուած ենք արժանավայել կերպով  նշելու Հ․Մ․Ը․Մ․-ի հիմնադրութեան 105-ամեակը, որ շատ յատկանշական թուական մըն է մեզի համար, քանի որ անիկա կը զուգադիպի Հայաստանի առաջին անկախութեան օրերուն։ Այդ օրերուն Հ․Մ․Ը․Մ․-ի հիմնադիրներուն համար անհրաժեշտութիւն էր հիմնել այսպիսի միութիւն մը, որ պիտի համախմբէր անապատներէն ճողոպրած պատանիները ու պիտի հոգար անոնց ֆիզիքական եւ բարոյական պահանջքները»։

Խօսելով Միութեան առաքելութեան եւ Դամասկոսի մասնաճիւղի հիմնադրութեան մասին, ան յայտնեց, թէ Հ․Մ․Ը․Մ․-ը այսօր ալ հաւատարիմ կը մնայ իր սկզբունքներուն եւ կը շարունակէ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբել նոր սերունդներուն մէջ, որպէսզի անոնք արժանաւոր ժառանգորդները ըլլան մեր պապերուն` Վարդանանցի հերոսներէն մինչեւ Արցախեան պատերազմի մարտիկները։

1922-ի Կիլիկիոյ ջարդերէն ետք, Սփիւռքի մէջ Հ․Մ․Ը․Մ․-ը հիմը դրաւ նոր մասնաճիւղերու, որոնցմէ առաջինը եղաւ Դամասկոսի մասնաճիւղը, որ անխափանօրէն կը շարունակէ առ այսօր գործել։

Ապա, իր սրտի խօսքը փոխանցեց Արհիապատիւ Գերապայծառ Տէր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան։ Ան շնորհաւորեց ՀՄԸՄ-ի 105-ամեակը, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ այս մեծ միութեան, որ գործով ու արդիւնքով ազգային բարիք եւ շունչ տուած է բոլորին:

Ան շեշտեց, որ «Բարձրացի’ր  Բարձրացո’ւր» նշանաբանով 105 տարիներ շարունակ կը գործէ այս պանծալի միութիւնը:

Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի մէջ երկարամեայ ծառայութիւն ունեցող հինգ անդամներու Ծառայութեան շքանշաններու բաշխում։

Ձեռնարկը փակուեցաւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»-ով, ապա «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով՝ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու եւ բոլոր ներկաներու երգեցողութեամբ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles