Հ.Յ.Դաշնակցութեան 133-ամեակ՝ Մարսէյի Մէջ

0 0
Read Time:1 Minute, 29 Second

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 2-ին, Մարսէյի Հ․Յ․Դ․ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէի հրաւէրով, 200 հիւրեր ներկայ գտնուեցան L’Acte 12 թատերասրահ, նշելու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 133-ամեակը:

Այս տարի, Արցախի դիմագրաւած բռնագրաւման ու ցեղային զտումներուն պատճառու, ինչպէս նաեւ առ ի յարգանք Արցախի զոհերուն ու Ազրպէյճանական բանտերուն մէջ պատանդ պահուող մեր հայրենակիցներուն, կոմիտէն որոշեց համեստ ձեռնարկով փոխարինել աւանդութիւն դարձած ընթրիքը։

Ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց Լենա Արապօղլեան՝ հայերէնով եւ Թալին Առաքելեան՝ ֆրանսերէնով:

Բացման խօսքին մէջ անդրադառնալով Հ.Յ.Դ. պատմութեան, կ’ըսուէր.«Սիրելի ընկերներ, այսօր Հ․Յ․Դաշնակցութիւնը, ես եմ, դուն ես, մեր պատանիներն են, մեր «Նոր սերունդ»ական երիտասարդները, մեր ընկերները… Հ․Յ․Դ․-ն` հայ լեզուն ու պատմութիւնը փոխանցող ուսուցիչն է, հայ պարն ու երգը պահպանող համազգայնականն է, մեր հայ դատը պաշտպանող իւրաքանչիւր ընկերն է»։

Ապա, օրուան բանախօս` Հ․Յ․Դ․ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ և France Armenie-ի գլխաւոր խմբագիր Յարութ Մարտիրոսեան, նկարագրեց ներկայ իրավիճակը եւ ներկայացուց մեր կուսակցութեան տեսլականը:

Այնուհետեւ Արևմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ  Հրաչ Վարժապետեան խօսք առնելով՝ յիշեցուց հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան համար մղուող պայքարի կարեւորութիւնը՝ դատապարտելով Հայաստանի իշխանութիւններու զիջումներըը, որոնք լայն ճանապարհ բացին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի բռնագրաւման։

Ան նաեւ յիշեց, Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ ընկ. Դաւիթ Իշխանեանը, որը նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահն է, եւ որ տակաւին գերի է Ատրպէյճանի մէջ։ Վարժապետեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ Իշխանեանը պատանդ բռնուելէ առաջ իսկ, արդէն հաստատած էր, որ ինք Արցախը լքող վերջին անձը պիտի ըլլայ եւ թէ չի կրնար լքել իր ժողովուրդը եւ փախչիլ։ Անոր խիզախութիւնը մեզի համար օրինակ եւ հպարտութեան աղբիւր է` հաստատեց բանախօսը։ Գեղարուեստական ​​յայտագրով հանդէս եկան մեր երիտասարդ ու տաղանդաւոր պատանիները, որոնք ասմունքեցին, նուագ ներկայացուցին հայկական քանոնի վրայ եւ երգիչին ընկերակցեցան յեղափոխական երգերով:

Հ.Յ.Դ. պատմութեան մասին տեսերիզի ցուցադրութենէ ետք, յեղափոխական երգերով հանդէս եկաւ՝ այդ առիթով յատուկ Փարիզէն ժամանած Յարութ Լափաճեան: Երգերը հպարտութեամբ ընդունուեցան հանրութեան կողմէ։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles