Փառահեղ Կատարումներ

0 0
Read Time:1 Minute, 17 Second

Մօտաւորապէս հարիւր հոգիէ բաղկացած «բանակ» մըն էր Հայաստանի Ֆիլհարմոնիք նուագումբը, որ Պոսթընի Սիմֆընի «ռազմադաշտ»-ը բարձրացաւ եւ փառաւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21-ին։

Այսպէս, իր տարածաշրջանին մէջ, գէթ արուեստի բնագաւառէն ներս անմրցելի է հայորդին։ Իսկ երբ ի մտի ունենանք, թէ այս ելոյթին հասոյթը յատկացուած էր արցախահայութեան, այրած սրտի մխիթարանք մըն է, որ ապրեցանք, զգացինք ու շնչեցինք։

Այս փառաւոր յաղթանակին տիրացած «բանակ»-ին հրամանատարն էր մաէսթրօ Եդուարդ Թոփճեանը, որ ամէնայն հմտութեամբ եւ ճկունութեամբ, մոգական «փայտիկ»-ով կրցաւ ղեկավարել Հայաստանի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբը։

Պոսթընի պարագային, համեմատած Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ կատարուած մնացեալ երեք ելոյթներուն (Նիւ Եորք, Թորոնթօ եւ Մոնրէալ), տարբեր էր յայտագիրը։ Այդ երեք քաղաքներուն մէջ, ջութակահար Սերգէյ Խաչատրեան նուագած էր Արամ Խաչատուրեանի ջութակի քոնչերթօն, մինչդեռ Պոսթընի մէջ դաշնակահար Սերգէյ Պապայեանն էր, որ նուագեց Ռախմանինովի դաշնակի երրորդ քոնչերթօն։ Իշխանական էր Պապայեանի ելոյթը։ Ան հմտօրէն իշխեց այդ դժուար գործին վրայ, գամուած ու անշարժ պահելով ունկնդիրը։  Իսկ, աւարտին վերստին բեմահարթակ ներկայանալով, ան շատ կարճ ու գերյիշատակելի գործ մը նուագեց 88-ամեայ էստոնիացի Արվօ Փերթէն։ Քանի մը հպումներ եւ շարժումներ ստեղնաշարին հետ, բաւարար եղան, որ ունկնդիրը մեկնի իւրայատուկ ներաշխարհ։

Նախապէս, բացման առաջին գործը՝ Խաչատուրեանի «Սփարթաքիւս» պալէէն ընտրանի մըն էր։

Երկար էր Պոսթընի յայտագիրը եւ բաւական ծանր, մանաւանդ որ դադարէն ետք Ռախմանինովէն երկրորդ կտոր մըն ալ պիտի հրամցուէր եւ այդ ալ երկրորդ համանուագը՝ Սիմֆոնին։ Դասական երաժշտութեան սիրահարին համար, իւրայատուկ էր այս յայտագիրը, մանաւանդ երբ ընդառաչելով ներկաներու ծափողջոյններուն, նուագախումբը նուագեց Խաչատուրեանի «Մասքըրէյտ»-ը, ունկնդիրը փոխադրելով Կովկասեան բարձրաւանդակի ակունքներ, կշռոյթներ եւ ․․․մեղեդիներ։

Հուսկ, շատ աւելի ամբողջական պիտի ըլլար, որ հանդիսատեսը չափազանցութեան չդիմէր եւ այս փառահեղ կատարումներու ընթացքին անտեղի, ծափահարութիւններով չաղաւաղէր այս յիշատակելի երեկոն։

«Հայրենիք»

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles