ԵՐԵՒԱՆ․- «Հայաքուէ»-ի նախաձեռնութեան` Արցախի մասին օրէնքի նախագիծը չընդգրկուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի լիագումար նիստի օրակարգին վրայ, 26 թերի դէմ, 57 դէմ ձայներ ստանալուն պատճառաւ։
Սպասելին պատահեցաւ եւ իշխող «Իմ Քայլ»-ական մեծամասնութիւնը դէմ քուէարկեց:
Եօթ ժամ տեւած թէժ քննարկումէ ետք Ազգային ժողովի պետաիրաւական յանձնախումբը բացասական եզրակացութիւն տուած էր օրէնքի նախագիծին:
58 հազար քաղաքացիի ստորագրութեամբ խորհրդարան հասած նախագիծը կ՛առաջարկէր քրէական օրէնսգիրքին մէջ կատարել հետեւեալ լրացումը. «Հայաստանի Հանրապետութեան անունով Լեռնային Ղարաբաղը որեւէ այլ պետութեան կազմին մէջ ճանչնալը, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն հրաժարիլը, Հայոց ցեղասպանութիւնը հրապարակայնօրէն հերքելը, արդարացնելը կամ անոր վտանգաւորութիւնը նսեմացնելը կը պատժուի ազատազրկումով 10-18 տարի ժամկէտով»: