Հունգարական կառավարութեան Hungary Helps Agency-ի կողմէ տրամադրուած Երիտասարդ Քրիստոնեաներու Կրթաթոշակը (Scholarship Program for Christian Young People) դիմումներ կ՛ընդունի 2023-2024 ուսումնական տարուան համար։ Դիմեցէ՛ք այս կրթաթոշակին պատմութեան առաջին աստիճանի (Bachelors of Art) կամ՝ եթէ արդէն ունիք պատմութեան, հասարակագիտութեան, մարդասիրական գիտութիւններու կամ իրաւաբանութեան համալսարանական առաջին աստիճանի վկայական եւ եթէ հետաքրքրուած էք հայագիտութեամբ, մասնագիտական աստիճանի վկայական ստանալու։
Հայաստանը՝ հնագոյն դարերէն մինչեւ նորագոյն շրջան ե՛ւ եղած է միջանցք ե՛ւ հաստատած է իւրայատուկ ազգային մշակութային եւ լեզուական ինքնութիւն՝ Միջին Արեւելքի, Միջերկրական երկիրներու մէջ, ինչպէս նաև անոնցմէ անդին։ Նկատի ունենալով, որ Երիտասարդ Քրիստոնեաներու Կրթաթոշակին նպատակն է կրթական հնարաւորութիւններ տրամադրել տագնապային տարածաշրջաններու եւ զարգացող երկիրներու երիտասարդ քրիստոնեաներուն, լաւագոյն առիթն է սոյն կրթաթոշակին դիմել Պուտափէշթի Փազմանի Փիթըր Կաթողիկէ Համալսարանին մէջ ստանալու համար պատմութեան առաջին կամ մասնագիտութեան աստիճան։
Փազմանի Փիթըր Կաթողիկէ Համալսարանին հայագիտական բաժինը կ՛ընդգրկէ Հայոց պատմութեան, մշակոյթի եւ լեզուի բազմակողմանի կրթական ծրագիր Հայաստանի Հանրապետութեան, Կովկասի, հայկական սփիւռքի շուրջ եւ այլ։ Մասնագիտական բազմակողմանի հմտութիւններ ունեցող դասախօսներու կողմէ ղեկավարուած դասընթացքներո եւ հանրային քննարկումներու միջոցաւ, հայագիտութեան ուսանողները ձեռք կը բերեն թէ՛ մասնագիտական յատուկ հմտութիւններ՝ ազգային և անդրազգային, տեսողական, թարգմանական և սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու քննական ընթացիկ բանավէճերու վերաբերեալ, թէ՛ արեւելահայերէն, թէ՛ արեւմտահայերէն եւ թէ՛ դասական հայերէն ուսումնասիրելով։ Դասաւանդման լեզուն անգելերէն է. այսպիսով՝ ուսանողները նաև բնականօրէն կը զարգացնեն իրենց ընթերցանութեան, ընկալման եւ գրելու ձիրքերը անգլերէն լեզուով։
Ակնկալուած ուսման համար ուսանողները կրնան դիմել հետեւեալ երկիրներէ.-
Հայաստան, Լիբանան, Սուրիա, Իրաք, Իսրայէլ, Պաղեստին, Փաքիստան, Քենիա, Չատ, Ղանա, Եթովպիա եւ Նիկեր։
ԱՌԱՒԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
– Կրթութեան արժէքին վերահատուցում։
– Ամսական թոշակ՝ 166,600 հունգարական ֆորինթ (մօտաւորապէս 450 եուրօ)։
– Հանրակացարանի տրամադրում կամ վարձակալութեան համար ամսական թոշակ՝ 40 հազար հունգարական ֆորինթ (110 եուրօ)։
– Առողջապահական եւ մուտքի արտոնագրի (վիզա) ծառայութիւններ։
– Տարեկան ճանապարհածախսի օժանդակութիւն։
*Այս գումարը կարելի է փոփոխութեան ենթարկել։ Յաւելեալ մանրամասնութիւններ կարելի է կարդալ ընթացիկ կանոնակարգի եւ իրագործման ուղղեցոյցի մէջ։
Այցելեցէ՛ք Երիտասարդ Քրիստոնեաներու Կրթաթոշակի դիմումի կայքէջը յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար։
Այցելեցէ՛ք նաեւ հայագիտութեան բաժնի կայքէջը, ինչպէս նաեւ ծանօթացէ՛ք առաջին եւ մասնագիտութեան աստիճաններու դասացանկերուն։
Յաւելեալ մանրամասնութիիւններու համար, կապ հաստատել հայագիտական բաժնի վարչական համակարգող Ակնէշ Ռեւիսքի-Պալողի հետ
Ágnes Reviczky-Balogh.- Ել․հասցէ՝ reviczky-balogh.agnes@btk.ppke.hu
ԺԱՄԿԷՏ
Ձեր դիմումները Փազմանի Փիթըր Կաթողիկէ Համալսարանին հայագիտական բաժին ուղղարկեցէ՛ք մինչեւ Դեկտեմբեր 18, 2023, ժամը 11:59 (Կեդրոնական Եւրոպայի ժամանակ)։
Դիմելու համար ուղղարկեցէ՛ք ձեր curriculum vitaeն եւ հետաքրքրուածութեան նամակը (motivation letter) Ակնէշ Ռեւիսքի-Պալողին հետեւեալ ել-հասցէին՝ reviczky-balogh.agnes@btk.ppke.hu
Դիմորդներու գնահատումին երկրորդ փուլին, ձեզմէ կրնայ խնդրուի որպէսզի սոյն համալսարանի հայագտական բաժինի հետ առցանց հարցազրոյց մը ունենաք, որ տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 20, 2023-ին։ Ձեր պատասխանատուութիւնն է կարենալ ներկայ ըլլալ այս հարցազրոյցին, որուն վերաբերող մանրամասնութիւնները ձեզի պիտի ուղղարկուին։
Հարցազրոյցէն ետքը՝ եթէ դրական պատասխան ստանաք, ապա դիմումին անհրաժեշտ նիւթերը առցանց Hungary Helps-ի կայքէջին միջոցաւ յանձնեցէ՛ք մինչեւ Յունուար 10, 2024, ժամը՝ 11:59 (Կեդրոնական Եւրոպայի ժամանակ)։