«Քամփ Արմէն»-ի Հիմնարկէքի Արարողութիւնը

0 0
Read Time:2 Minute, 58 Second

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ,  թէ Շաբաթ,  Նոյեմբեր 4-ին, Պոլսոյ Թուզլա թաղամասին մէջ գտնուող «Քամփ Արմէն»-ի վերակառուցման հիմնարկէքի արարողութիւնը կատարուած է, մասնակցութեամբ Կէտիկ Փաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Գրիգոր Աղապալօղլուի, Պոլսոյ Հայ կաթողիկէ արքեպիսկոպոսական աւագ աթոռի առաքելական կառավարիչ Պօղոս Լեւոն արք. Զէքիեանի, Պոլսոյ Հրանդ Տինք դպրոցի սաներու եւ բազմաթիւ հիւրերու։

Սահակ Բ. Արք. Մաշալեան

Սուրբ գրային «Եթէ Տէրը չշինէ տունը, զուր տեղ կ՛աշխատին անոր շինողները» (Սաղմոս 127. 1)  համարով Պոլսոյ Հայոց պատրիարք՝ Սահակ Բ. արք. Մաշալեան սկսաւ ներկաներուն ուղղուած իր պատգամը:

1962-ին, Հրանդ Կիւզէլեան ունէր տեսիլք մը՝ փրկելու, կրթելու եւ դաստիարակելու հայ մանուկներ, որոնք հարկադրաբար կ՛ապրէին օտար շրջապատի մը մէջ եւ կը հետեւէին այլ հաւատքի ու կրօնքի։

Անոնցմէ ամէնէն հանրածանօթներն են Հրանդ Տինք եւ իր տիկինը՝ Ռաքէլ Տինք։ Այսօր, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը կը ջանայ վերակենդանացնել այս տեսիլքը՝ օգնելով «Քամփ Արմէն»-ի վերականգնման եւ վերակառուցման աշխատանքներուն եւ յիշելու Հրանդի ժառանգութիւնը ու անոր թողած ազդեցութիւնը այն մանուկներուն վրայ, որոնց ան օգնած էր եւ փրկած։

Վեր. Գրիգոր Աղապալօղլու

Կիւզէլեան՝ այդ անվախ հերոսը, որոնեց եւ փրկեց հարիւրաւոր հայ մանուկներ, որոնք 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդող տասնամեակներուն մնացած էին առանց ընտանիքի, ինքնութեան, եկեղեցւոյ կամ դպրոցի։ Ապա ան հիմնեց Պոլսոյ «Պատանեկան Տուն»-ը, իսկ աւելի ուշ կառուցեց Թուզլա թաղամասին մէջ «Քամփ Արմէն»-ը՝ անոնց ապահովելու համար ապաստանարան եւ գուրգուրանք ու սորվեցնելու յարգել եւ պահպանել իրենց քրիստոնէական հաւատքը եւ հայկական ժառանգութիւնը։

Միասնական Աղօթք

1970-ականներու վերջաւորութեան, «Քամփ Արմէն»-ը բռնագրաւուեցաւ տեղւոյն իշխանութիւններուն կողմէ եւ զայն վերասեփականացնելու բազմաթիւ փորձեր մերժուեցան։

Մայիս 2015-ին, դարձեալ սկսան դիմադրութիւններ, երբ ճամբարը քանդելու փորձեր կը կատարուէին։ «Նոր Զարթօնք» եւ «Քամփ Արմէն» համախմբումերը 180 օրեր՝ գիշեր ու ցերեկ հսկեցին ճամբարին, կասեցնելով անոր աւերումը։ Ապա, իբրեւ արդիւնք հայ համայնքի ներկայացուցիչներու եւ քաղաքական գործիչներու բանակցութեան գործընթացին, ինչպէս նաեւ փոքրամասնութիւններու համար իրականացուած բարեփոխումներուն, «Քամփ Արմէն»-ի սեփականութեան իրաւունքը Հոկտեմբեր 27, 2015-ին վերադարձուեցաւ Կէտիկ Փաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ։ Այդ թուականէն ետք, հետեւողական ջանքեր կը գործադրուին թրքահայ ազգային եւ եկեղեցական շրջանակներու մէջ՝ ճամբարը վերակառուցելու։

Նոր «Քամփ Արմէն»-ը պիտի վերակառուցուի նոր սերունդի ներկայի կարիքներուն համապատասխան։ Այս նախաձեռնութիւնը կ՛իրականացուի Հայ առաքելական, Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու համատեղ նախաձեռնութեամբ։

Հրանդ Տինք դպրոցի երեխաներ

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան նշանակէտն է՝ 2.5 միլիոն տոլարի հանգանակութիւն, նոր «Քամփ Արմէն»-ը դարձնելու համար առաջին եւ միակ ճամբարը Թուրքիոյ մէջ, որ պիտի գործէ իբրու զարգացման կեդրոն, եւ պիտի ծառայէ Հայ աւետարանական, կաթողիկէ եւ առաքելական համայնքներու պատանիներուն եւ երիտասարդներուն անխտիր, ամէն օր՝ ամբողջ տարուան ընթացքին՝ ընկերային, մշակութային եւ կրօնական զարգացման ծրագիրներով, պատրաստուած՝ կամաւորներու օգնութեամբ։

Հրանդ Կիւզէլեան ներքին գաւառներու մանուկներու հետ

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը կը քաջալերէ բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան Հրանդ Կիւզէլեանի տեսիլքին՝ մասնակցելու եւ դառնալու «Քամփ Արմէն»ի վերակառուցման այս եզակի ժամանակին մէկ մասնիկը։

«Քամփ Արմէն»-ը կը վերակառուցուի՝ անգամ մը եւս ընդգրկելու Թուրքիոյ մէջ ապրող հայ պատանիները եւ երիտասարդները, եւ կապելու զանոնք իրենց ժառանգութեան ու հաւատքին եւ ոգեշնչելու զանոնք, որպէսզի իրենք ալ իրենց կարգին փոփոխութիւններ բերեն զիրենք շրջապատող աշխարհին։

Իր հիմնադրութեան օրէն ի վեր, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը նիւթապէս եւ բարոյապէս աջակցած է Պոլսոյ «Պատանեկան Տուն»-ին եւ «Քամփ Արմէն»-ին, ինչպէս նաեւ Կիւզէլեանի աշխատանքներուն։

Կը խնդրենք, որ համագործակցիք եւ աջակցիք Թուրքիոյ մէջ ապրող մեր հայ պատանիներուն եւ երիտասարդներուն համար այս փոքրիկ տունը ստեղծելու Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան ջանքերուն։ Ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք ուղարկել.- Armenian Missionary Association of America – 31 West Century Road, Paramus, NJ 07652) կամ կատարել անոր կայքէջին միջոցով http://weblink.donorperfect.com/RebuildingCampArmen.

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles