Հայոց Վարժարանին Եւ Եկեղեցւոյ Համալիրը` Թրքական Կրկնակ Գրաւումին Տակ

0 0
Read Time:1 Minute, 25 Second

 


ՍԻՄՈՆ ԱՅՆԷՃԵԱՆ

Թուրքիոյ գրաւումի տակ գտնուող հիւսիսային Կիպրոսը դուռը կը բանայ հիմնադրամին առջեւ, որուն նախագահը Սելճուք Պայրաքտարն է, Էրտողանին փեսան:

Երեքշաբթի,  Նոյեմբեր 7-ին Կիպրոսի հիւսիսը գրաւող թուրք ուժին պարագլուխները դռնբացէքը կատարած են հայոց ՛՛Մելիքեան-Ուզունեան՛՛ վարժարանին եւ Ս. Աստուածածնայ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:

Տասնեակ տարիներ առաջ USAID-ի եւ UNDP-ի բազմամիլիոն նպաստով կատարուած նորոգութիւնը, որ կոչուած էր վերակենդանացնելու հայոց գաղութին երբեմնի կալուածը, ներառեալ` մանկապարտէզը, նախակրթարանը, եկեղեցին եւ առաջնորդարանը: Նոր այս գրաւումը կը ծաւալի հիմնադրամի մը ձեռքով, որուն նախագահն է Սելճուք Պայրաքտար, որ ծանօթ դարձած է իբրեւ արտադրողը «Պայրաքտար» անօդաչու թռչող սարքերուն, որոնք վճռական դեր կատարած են Արցախի 44 օրուան պատերազմին մէջ:

Կրնանք հարցնել, թէ ինչո՞ւ ճիշդ հայկական կալուածն է ընտրուած տարփողելու եւ սատարելու Պայրաքտարի հիմնադրամին «գիտական եւ կրթական նպատակները»: Կալուածին նորոգումը նախապէս յղացուած էր զայն դարձնելու համար հաշտութեան, փոխադարձ վստահութեան վերականգնումին եւ բնականոն համակեցութեան խորհրդանիշ մը: Այդ իսկ պատճառով վերջերս կատարուածը կը յարուցէ վրդովմունք ու ընդվզում:

Կիպրացի թուրք որոշ լրատուներ, միջադէպին անդրադառնալով, դատապարտած են զայն իրենց խմբագրականներուն մէջ, անոնցմէ մէկ քանին` չվարանելով զայն իբրեւ գողութիւն որակելու: Միւսները իրենց զարմանքը յայտնած են, որ միջադէպը որեւէ հակադարձութեան կամ դատապարտումի չէ արժանացած:

Թուրքիոյ գրաւումին տակ գտնուող հիւսիսային Նիկոսիոյ հայոց կալուածը կիպրահայութեան համար զգացական եւ հոգեւոր գանձ մըն է: Կիպրահայերուն զգալի մէկ մասը Ցեղասպանութենէն վերապրածներու շառաւիղներ են:

Երեքշաբթիի հանդիսութեան ներկայ էին` թուրք կիպրացի կառավարիչ Էրսին Թաթար, վերջինիս «նախարարները», առ գրաւեալ Կիպրոս Թուրքիոյ «դեսպան» Մեթին Ֆէյզիօղլու, Սելճուք Պայրաքտար անձամբ, ինչպէս նաեւ` բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաները:

Թուրքիոյ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Օսման Աշգըն Պաք կարդացած է նախագահ Էրտողանին մաղթանքը:

Մտահոգիչ այս անկիւնադարձը ի չիք կը դարձնէ UNDP-ACT-ին USAID-ին նպաստով 2009-2012-ի նորոգութեամբ ուրուագծուած նպատակը` հասնիլ հաշտութեան եւ փոխադարձ վստահութեան: Յիշեցնենք, որ հայոց համալիրի նորոգութեան գործը արժանացած է Europa Nostra 2015-ի տարեկան մրցանակին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles