ՆԻՒ ԵՈՐՔ .- Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, հանդիպումներ ունեցաւ Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կեդրոնական կոմիտէութեան հետ:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Անի Չաղլասեան (ներկայացուցիչ), Ճորճ Աղճայեան, Սթիւ Մեսրոպեան, Մարալ Չօլոյեան (գործավար) եւ Հրայր Պարոնեան (յարաբերական յանձնախումբ):
Հանդիպման կիզակէտն էր տեղահանուած արցախահայութեան դաժան իրավիճակը, ստեղծուած ահազանգային կացութիւնն ու Հ.Հ. ներկայ ղեկավարութեան անբաւարար օժանդակութիւնը: Այս գծով, շեշտուեցաւ գաղութը աշխուժացնելու հրամայականը։