Մարսէյ.- «Համազգային»-ի Եւրոպայի Երիտասարդական 2023-ի Հաւաքը Նուիրուեցաւ Արցախին

1 0
Read Time:2 Minute, 53 Second

Համազգայինի Եւրոպայի ուսանողական (youthlinks) եռօրեայ հաւաքը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 3,4 եւ 5-ին, Մարսէյի մէջ:

Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանին մէջ աշխարհի տարբեր անկիւններէն 10 ուսանողներ (Արցախ, Պոլիս, Փարիզ եւ Մարսէյ) այդ երեք օրերուն մասնակցեցան այս հաւաքին` նախ իրարու ծանօթանալու, մտերմիկ ու հարազատ մթնոլորտի մէջ միասին քանի մը օր անցընելու, ապա` հայ մշակոյթի զանազան բնագաւառներուն վերաբերող հետաքրքրական աշխատանոցներու մասնակցելու:

Առաջին օրը մասնակիցները ծանօթացան «Համազգային»-ի պատմութեան, Մարսէյի Ճեմարանի տնօրէնուհի Շաքէ Ժամկոչեանի հետ շրջագայեցան Ճեմարանի զանազան բաժանմունքներուն, ինչպէս նաեւ արդիական մարզամշակութային համալիրին մէջ: Ապա այցելեցին Պոմոնի հայկական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, ուր զիրենք դիմաւորեց եկեղեցւոյ հովիւ Արշէն քհնյ. Մովսէսեանը եւ ներկայացուց Մարսէյի հայ գաղութին պատմութիւնը: Տէր հօր օրհնութիւնը ստանալով, «Ապրիլ 24» կոչուող փողոցէն անցնելով, մասնակիցները այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթող եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին հայ նահատակներու յիշատակին:

Կէսօրէ ետք եութլինքսականները այցելեցին «Արամ» (Association Pour La Recherche et L’archivage de la mémoire Arménienne) արխիւային կեդրոն, ծանօթացան կեդրոնի պատմութեան, կատարած աշխատանքներուն, որմէ ետք Editions Parentheses հրատարակչատուն այցելելով, Հուրի Վարժապետեանին ղեկավարութեամբ, ծանօթացան հրատարակչատան աշխատանքներուն եւ հրատարակած գիրքերուն:

«Համազգային»-ի Եւրոպայի Ուսանողական հաւաքի 2-րդ օրը սկսաւ «Հայ երաժշտութեան պատմութիւն» աշխատանոցով: Այս առիթով Փարիզէն հրաւիրուած էր երաժիշտ Մարինէ Կիւլիւմեանը: Մասնակիցները սորվեցան «Ապրելու ենք» երգը (խօսք` Կարէն Խուրշուդեանի, երաժշտութիւն` Մարինէ Կիւլիւմեանի):

Ապա տեղի ունեցաւ հայկական պարի աշխատանոցը: Դասախօսն էր Լոնտոնէն հրաւիրուած պարուսոյց եւ հայկական պարերու մասնագէտ Շաքէ Մէյճըր-Չիլինկիրեանը: Հայկական պարարուեստի մասին տեղեկութիւններ տալէ ետք տեղի ունեցաւ ծիսակատարութիւն մը, ուր յիշատակութիւնը կատարուեցաւ Արցախի կորուստին, եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին զոհուածներուն` ունկնդրելով Յասմիկ Յարութիւնեանի կատարմամբ «Արցախի օրօր»-ը եւ Արցախէն մասնակից Ռիմա Մարտիրոսեանի երգեցողութեամբ` «Տէր, ողորմեա՛»-ն: Ապա միասնաբար պարեցին «Շորոր» (Կոմիտաս), «Ա՜խ, գարուն է» մանկական պարերգը, «Ծանր կովնտ Գողթն» եւ «Գողթն մանկտիք» մեղեդիներուն ներքոյ:

Ճաշէն ետք խումբը ուղղուեցաւ դէպի Մարսէյի տեսարժան վայրեր` այցելելով Պահապան Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, Մարսէյի նաւահանգիստը, պալատը եւ շուկան:

Երեկոյեան «Ֆէնիսիա» ճաշարանին մէջ խումբին միացան Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանի հայոց լեզուի ուսուցիչները, եւ ազգային ու հայրենասիրական երգերով ու պարերով վերջ գտաւ օրը:

Համազգայինի Եւրոպայի Ուսանողական հաւաքի 3-րդ օրը սկսաւ Կարին Կէօքճեանի «Լեզուներ, բառեր, տառեր» աշխատանոցով: Կարինը հետաքրքրական մօտեցումով մասնակիցներուն բացատրութիւններ տուաւ հայոց գիրերուն եւ անոնց գործածութեան մասին, եւ ներկաները գործնական աշխատանքով գիրքի մը շապիկը ձեւաւորեցին:

Ճաշէն ետք տեղի ունեցաւ «Արցախը եւ մենք» նիւթով աշխատանոցը` ղեկավարութեամբ Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ, Փարիզէն հրաւիրուած Անահիտ Ակոբեանի:

Ապա մասնակիցները ներկայ գտնուեցան Մարսէյի «Համազգային»-ի «Քուրան տար»-ի կազմակերպած հանրային դասախօսական երեկոյին:

Եզրափակիչ ընթրիքը` «Համազգային»-ի Մարսէյի Ճեմարանին մէջ, եկաւ ջերմ եւ ընկերային մթնոլորտով փակելու եռօրեայ հաւաքը:

«Համազգային»-ի Կեդրոնական վարչութեան գրասենեակի տնօրէն եւ ծրագիրներու պատախանատու Արին Գալուստեան յայտնեց, որ այս տարուան հաւաքին թեման նուիրուեցաւ Արցախին` այն նպատակով, որ երիտասարդները Արցախի յանձնումը, պարտութիւնը եւ յուսահատութիւնը վերածեն կեանքի եւ նոր պայքարի: «Յուսահատութիւնը երիտասարդին համար խորթ պիտի սեպուի, մեր փափաքն էր, որ երիտասարդները ծանօթանան Մարսէյի հայկական կարեւոր կեդրոններուն եւ տեսնեն, թէ կեանքը հայկական իմաստով կանգ առած չէ, եւ իրենք ալ մեծ դեր ունին այդ բարգաւաճման եւ զարգացման մէջ», ըսսւ սն:

Խօսելով ընդհանրապէս տիրող մթնոլորտին եւ մասնակից երիտասարդներուն տպաւորութեան մասին`  Գալուստեան եզրակացուց. «Մթնոլոտը խանդավառ եւ ներշնչող էր, երիտասարդները շատ արագ մտերմացան եւ շաղուեցան իրարու հետ: Այս հաւաքը 3-րդ անգամն էր, որ տեղի կ՛ունենար: Առաջին երկու հաւաքները Իտալիոյ Վենետիկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած են, որ, կարելի է ըսել, աշխարհի մշակոյթի կարեւորագոյն կեդրոններէն մին կը հանդիսանայ, եւ հայկական իմաստով, հոն ունինք Մուրատ Ռաֆայէլեան հաստատութիւնը, ինչպէս նաեւ` Սուրբ Ղազար կղզին, որոնք հարուստ անցեալ եւ պատմութիւն ունին: Այս տարի որոշեցինք Մարսէյի մէջ իրականացնել` լուսարձակի տակ առնելով Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանը, որ ծաւալման փուլի մէջ է եւ Եւրոպայի միակ ամբողջական եւ ամէնօրեայ վարժարանն է: Այդպէս ալ եղաւ եւ մեծ խանդավառութիւն ստեղծուեցաւ Ճեմարանի շուրջ, ինչպէս նաեւ` այլ հայկական հաստատութիւններու շուրջ»:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
100 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles