Փրովիտենսի Մէջ Հ․Յ․Դ․ 133-ամեակ․- 40 հազար Տոլար Ի Նպաստ Արցախահայութեան

0 0
Read Time:47 Second

Շաբաթ, Նոյեմբեր 18-ին, Փրովիտենսի Սուրբ Սահակ Եւ Սահակ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, նշուեցաւ Հ․Յ․Դ․-ի 133-ամեակը։

Ա․Մ․Ն․-ի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն եւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի սկաուտական կազմի տողանցքէն ետք, կատարուեցաւ տէրունական աղօթք։

Օրուան հանդիսավարն էր Նարեկ Մկրտիչեանը, որ շեշտեց, թէ պայքարը կը շարունակուի եւ Հ․Յ․Դաշնակցութիւնը պիտի ամէն ճիգ պիտի թափէ, որպէսզի արցախահայութիւնը վերադառնայ եւ վերստին ծածանի Արցախի դրօշը։

Ապա խօսք առին շրջանի «Քրիստափոր» կոմիտէութեան հերթապահ Հրակ Առաքելեան եւ Հ․Օ․Մ․-Ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ՝ Թալին Մկրտիչեան, որոնք նմանապէս յայտնեցին, թէ այսօրուայ հաւաքը, յատկապէս նուիրուած է արցախահայութեան։

Օրուան բանախօսն էր Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեան, որ նշեց, թէ հայորդին պէտք չէ ընդունի Հ․Հ․ ներկայ ղեկավարութեան պարտուողական քաղաքականութիւնը եւ շարունակ թիկունք կանգնի արցախահայութեան։ Խօսքը ամբողջութեամբ՝ յաջորդիւ։

Այս ձեռնարկին, կարելի եղաւ հաւաքել 40 հազար տոլարի շուրջ գումար մը, որ պիտի տրամադրուի արցախահայութեան։

Գեղարուսետական յայտագրով ելոյթ ունեցան Դրօ Գրիգորեան եւ Արա Տապանճեան։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles