Գրական

ՍԱ ՄԵՆՔ Ե՛ՆՔ, ԵՒ ՄԵՆՔ ՉԵ՛ՆՔ

Գէորգ Պետիկեան

 

Կ’ըսենք եւ չենք ըսեր,

Կ’ապրինք նկարներովը երազներու,

Կը քալենք առանց տեսնելու,

Կը լսենք առանց հասկնալու,

Չենք հրաժարուիր, բայց չենք ալ ընդունիլ,

Կը նախընտրենք օտարը կապկելով ապրիլ,

Սա մենք ենքեւ մենք չենք,

 

Արդ,

 

Ինչպէ՞ս հաշտուիլ անըմբռնելիին հետ,

Ինչպէ՞ս ճոխացնել յոյսը վաղուան,

Ինչպէ՞ս գտնել մշուշոտ ճամբան,

Ինչպէ՞ս թաքուն ձայներուն ականջ դնել,

Ինչպէ՞ս փլած կեանքը վերաշինել,

Ինչպէ՞ս ուրախն ու տխուրը չափել,

Ինչպէ՞ս ճշմարիտն ու ճշմարտանմանը զանազանել:

 

Չեմ ուզեր հաւատալ,

Այլ՝ միայն յուսալ:

Պարզապէս…

Սա մենք ենքեւ մենք չենք…:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button