Լրահոս

Հ․Օ․Մ․-ի Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Շրջանային Վարչութեան Օժանդակութիւնը Ախուրեանի «Հեքիաթ» Մանկապարտէզին


Ախուրեանի «Հեքիաթ» մանկապարտէզին մէջ, Հ․Օ․Մ․-ի Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ, տեղադրուեցաւ 10 քիլոուաթ հզօրութեամբ արեւային ֆոթովոլթային կայան եւ 350 լիթր տարողութեամբ արեւային ջրատաքացուցիչ: Կայաններու գործարկման առիթով, քանի մը շաբաթ առաջ, մանկապարտէզ այցելեցին Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ Հայաստանի Շրջանային վարչութեան անդամները: Նշենք, որ ներկայ պահուն Ախուրեանի «Հեքիաթ» մանկապարտէզի շէնքի մասնակի վերանորոգման եւ տարածքի բարեկարգման շինարարական աշխատանքները կ՛ընթանան: Ծրագրին ընդհանուր արժէքը կը կազմէ 38 միլիոն հայկական դրամ:

Գործընթացը կ՛իրականացուի պետական նպաստի ծրագրով. 70 առ հարիւրը կառավարութան, իսկ երեսուն առ հարիւրը` համայնքի նիւթական ներդրումով: Շինարարութիւնը կ՛իրականացնէ «Սիմայ շին» ընկերութիւնը:

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button