Գէորգ Պետիկեանի Նուիրուած Գրական Հանդիպում

0 0
Read Time:1 Minute, 45 Second

ԵՐԵՒԱՆ․- Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտական ուսումնական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ գրական հանդիպում նուիրուած հալէպահայ գրող Գէորգ Պետիկեանի ծննդեան 80-ամեակին: Փրոֆ․ Սուրէն Դանիէլեանը եւ բանասիրական բաժանմունքի ուսանողները ներկայացուցին անոր գեղարուեստական ժառանգութիւնը եւ արժեւորեցին արեւմտահայ մտաւորականին սէրն ու նուիրումը` մայրենի լեզուին եւ հայրենիքին հանդէպ:

Գրողին կեանքին ու գործունէութեան անդրադարձաւ պատմաբան, բանասէրը Գէորգ Եազըճեանը:

Պատմաբանը ցաւով նկատեց, որ սփիւռքը ամէնօրեայ պայքարի մէջ է, յատկապէս ամերիկեան ովկիանոսի մէջ համահայկական ջանքեր պէտք են ուծացման դէմ պայքարելու համար, եւ առ այսօր չունինք ռազմավարութիւն` սփիւռքի հետ կապուած:

Գէորգ Եազըճեան յուսաց, որ 80-ամեակը կը դառնայ նոր խթան` անոր գրական պայքարին մէջ:

Գէորգ Պետիկեանի գրականութեան տարբեր շերտերուն անդրադարձան` «Սփիւռք» կեդրոնի աւագ գրադարանավար Նելլի Թադէոսեանը, հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան եւ անոր դասաւանդման մեթոտիկայի ամպիոնի մասնագէտ Վեհանուշ Մուրատեանը, մագիստրոսի կարգի 2-րդ լսարանի ուսանողուհի Աննա Կոստանեանը:

Բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու  Քնարիկ Աբրահամեանը հատուածներ կարդաց «Գրադարանս» գիրքէն: Պսակաւորի 1-ին լսարանի ուսանողուհի Ժաննա Յովհաննիսեան կիթառով կատարեց երգեր` Տէրեանի «Իմ խաղաղ երեկոն է հիմա» եւ համշէնահայ բարբառով` «Կ՛ուզիմ Նէննի» երգերը:

«Գրողը անընդհատ կը վերադառնայ դէպի անցեալ, իր ստեղծագործութիւնները կը կառուցէ երկու հակադիր աշխարհներու վրայ. առաջինը Հալէպն է, միւսը` այդ մեծ աշխարհը` Ամերիկան», ընդգծեց Նելլի Թադէոսեան. հայրենիքէն դուրս հայը օտարական է, սփիւռքահայութիւնը իր կեանքը մաշեց օտար երկինքներու տակ:

Վեհանուշ Մուրատեան ներկայացուց «Տարին, որ անցաւ» գիրքը, որ 2020 թուականի Արցախի պատերազմի ու քաղաքական փոթորիկներու մասին է: Ելոյթ ունեցողը կը ներկայացնէ տագնապող անհատին ու գրողին. «Մարդ մը, որ ամէն օր հայերէնով կ՛արթննայ»…

Բանասիրական բաժանմունքի տնօրէն, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Աշոտ Գալստեան շնորհաւորեց գրողը, խօսեցաւ հեղինակին գրական, փորձագիտական, փիլիսոփայական ուղերձներուն եւ գրական ստեղծագործութիւններուն արեւմտահայ լեզուական ոճական ատաղձին մասին` յորդորելով զայն դարձնել աւարտական աշխատանքի նիւթ: Գրողին անհատականութեան եւ ստեղծագործութիւններուն անդրադարձաւ Մարիամ Ստեփանեան:

Ձեռնարկի աւարտին Գէորգ Պետիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց հայրենիքի մէջ այսպիսի ձեռնարկ կազմակերպուելուն համար եւ նշեց. «Այս հաւաքը առիթ կու տայ, որ այսուհետեւ հաւաքեմ ապրումներու պահերս, որոնց առջեւ մարդը կը տատանի վարագոյրի նման. մտքիս նոր խօսք եւ ներշնչում կ՛առաքէ»: Գրողը իր մտահոգութիւնը յայտնեց, որ սփիւռքը ամէն օր հոգեվարքի մէջ է, արեւմտահայ գրականութիւնը սկսած է ամայանալ, կծկուիլ: Բացի այդ` սփիւռքի մէջ օրէ օր կը նուազի հայերէն խօսող եւ հայերէն գրող մարդոց թիւը, եւ դիւրին բան չէ արեւմտահայ գրող ըլլալը:

 

 

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles