ԵՐԵՒԱՆ․- Հոկտեմբեր 29-30-ին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան ընդունեց ֆրանսական «Վերանուաճում» («Ռեքոնքեթ») կուսակցութեան ցանկը գլխաւորող Մարիոն Մարեշալի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն կ՛ընկերակցէր երեսփոխան Նիքոլաս Պէյ եւ իտալիոյ «Իտալիոյ Եղբայրներ» («Ֆրաթելլի Տ՛Իթալիա») կուսակցութեան երեսփոխան Վինչենցօ Սոֆօ։
Եւրոպայի աջակողմեան նոր ալիքի պատկանող երեսփոխանները կարեւոր նկատեցին Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի հետ հանդիպումը: Մարեշալ շեշտեց, որ Թուրքիոյ կողմէ աջակցութիւն ստացող Ատրպէյճանը կը ցանկայ բնաջնջել հայերը ու ոչնչացնել քրիստոնէութեան հետքը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Ատրպէյճանի նախայարձակումին հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին առնչուող հարցեր:
Պատուիրակութեան անդամները հանդիպումներ ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրուած պաշտօնեաներու եւ քաղաքական առաջնորդներու հետ, որոնց հետ քննարկուեցան ստեղծուած իրավիճակի եւ Ատրպէյճանի Արցախ ներխուժման վերաբերեալ եւրոպական տարբեր պետութիւններու արձագանգներու հետ առնչուող հարցերու լայն շրջանակ:
Մասիս եւ Վարդենիս քաղաքներուն մէջ պատուիրակութեան անդամները հանդիպեցան Արցախէն բռնի տեղահանուած հայ ընտանիքներուն, լսած անոնց պատմութիւնները, ծանօթացած խնդիրներուն:
Պատուիրակութեան անդամները մտադիր են շարունակել եւրոպական հարթակներուն մէջ բարձրաձայնել Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու մասին եւ ջանքեր գործադրել, որպէսզի Եւրոպական Միութիւնը դիւանագիտական եւ տնտեսական գործուն քայլերու ձեռնարկէ ատրպէյճանական ռազմական նախայարձակումի զսպման եւ հայ ժողովուրդի զաւակներու շահերու պաշտպանութեան ուղղութեամբ:
Եւրոպական խորհուրդը Հոկտեմբեր 11-13-ին գաղթականութեան եւ փախստականներու հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Լէյլա Քայաճիչի այցելութենէն ետք կը նախապատրաստէ յատուկ ծրագիր, որուն նպատակն է աջակցութիւն ցուցաբերել Հայաստանին վերջին շաբաթներուն ընթացքին Արցախէն տեղահանուած 100 հազար հայ, որոնց շարքին 30 հազար երեխայ հիւրընկալելու հետ կապուած խնդիրներու լուծման համար:
Լէյլա Քայաճիչ այցելեց Արտաշատի համայնքապետարանի երկու ապաստարան: Ան նշեց աջակցութեան այն ոլորտները, որոնք ներառուած են Եւրոպական խորհուրդի` Հայաստանի համար գործողութիւններու ծրագիրին մէջ (2023-2026 թուականներ) եւ գաղթականութեան ու ապաստարանի պարունակին մէջ խոցելի անձերու պաշտպանութեան գործողութիւններու ծրագիրին մէջ (2021-2025 թուականներ):
Այդ ոլորտներն են` խոցելի վիճակի մէջ գտնուող գաղթականներու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ուժեղացումը` ներքին գործոց նախարարութեան գաղթականութեան եւ քաղաքացիութեան ծառայութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակի անմիջական աջակցութեամբ, մասնաւորապէս` խոցելիութեան գնահատման, ծառայութիւններու հասանելիութեան եւ գաղթականներու իրաւունքներու վերաբերեալ իրազեկութեան բարձրացման հարցերուն մէջ, առողջապահութեան եւ հոգեկան առողջութեան պահպանման մատչելիութիւնը, ներառեալ հոգեբանական աջակցութիւնը, խոցելի խումբերու հետ աշխատող մասնագէտներու կարողութիւններու հզօրացումը, կրթութեան ներառականութեան ապահովումն ու մասնագիտական ուսումնական ծրագիրներու վերանայումը, երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու կենսունակութեան բարձրացումը: