«Լեռնային Ղարաբաղի Եւ “Նաքպա”-ի (Պաղեստինի 1948-ի Աղէտը) Յիշողութիւնը, Տանջող Զուգահեռները Եւ Իսրայէլի Դերը»-Միջազգային Հակամարտութիւններու Կարգաւորման Ձախողութիւնները

2 0
Read Time:5 Minute, 54 Second
Յօդուածին համադրուած նկարներէն` Արցախի բռնի տեղահանուած գաղթականները, Ալիեւ կը շոյէ իսրայէլեան հայասպան անօդաչու սարք մը եւ պաղեստինաբնակ հայերու բողոքի ցոյցը Իսրայէլի կառավարութեան դէմ: Հայ բնակչութեան բռնի տեղահանումը` «Նաքպա»-ն:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Մինչ 9 հոկտեմբեր 2023-ին Կազայի ազատագրական գործողութեան առթիւ գրած էի, որ` «1918-ին ստեղծուած Ատրպէյճանը հազարաւոր տարիներու հայկական հողերը իրը կը նկատէ, այնպէս` ինչպէս 1948-ին ստեղծուած Իսրայէլը հազարաւոր տարիներու Պաղեստինը իրը կը նկատէ – Պաղեստինցիներուն արդար ու նախանձելի պոռթկումը. Իսրայէլ` Հայաստանի,  Արցախի ու Լիբանանի չարիքներուն ստոյգ մեղսակիցը», իսրայէլեան օրաթերթ մը հետեւողական կերպով նոյն նիւթով հետաքրքրուած էր:

Իսրայէլեան առաջատար «Հաարեց» օրաթերթին «Իսրայէլի մատնահետքերը կը գտնուին ամբողջ Լեռնային Ղարաբաղի ցեղային մաքրագործումին վրայ» խմբագրականին յաջորդ օրը` 28 սեպտեմբեր 2023-ին, «Հաարեց»-ին մէջ քաղաքագէտ, հասարակական կարծիքի փորձագէտ եւ քաղաքական խորհրդատու դոկտ. Տալիա Շինտլին (Dahlia Scheindlin),  «Լեռնային Ղարաբաղի եւ Նաքպայի յիշողութիւնը, տանջող զուգահեռները եւ Իսրայէլի դերը», Nagorno-Karabakh’s Haunting Parallels to the Nakba, and Israel’s Role, խորագիրով վերլուծական յօդուած մը գրած է, որուն անգլերէն հրատարակութենէն ստորեւ հատուածներ կը ներկայացնեմ կարգ մը ճշդումներով.

«Նաքպա»-ն 1948-ի Պաղեստինի աղէտն է, երբ գաղութարար Անգլիոյ որոշումով դուրսէն բերուած հրեաներ կոտորեցին բնիկ պաղեստինցի ժողովուրդը, որուն մեծ մասը բռնի ուժով տեղահան ըրին իրենց տուներէն եւ քաղաքներէն` դէպի դրացի երկիրները եւ Իսրայէլ անունով պետութիւնը հռչակեցին:

«Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին մէջ հայերու վրայ Ատրպէյճանի յարձակումը հիմնականին մէջ իսրայէլեան զէնքով կ՛իրականացուի:

«Յաճախ մոռցուած Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ ծաւալող սարսափելի իրադարձութիւնները պէտք է բոլորին խիղճին վրայ ծանրանան, յատկապէս` իսրայէլացիներուն եւ հրեաներուն: Սակայն կը թուի, թէ մենք մի՛այն պատրաստ ենք ուղղակի սխալ դասեր քաղել անկէ:

«Սեպտեմբերի 19-ին Ատրպէյճանը լայնածաւալ ռազմական յարձակում սկսաւ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ, որ կը գտնուի անոր ինքնիշխան սահմաններուն մէջ, բայց որուն վրայ Ատրպէյճանը իրականութեան մէջ երբեք չէ իշխած: Ղարաբաղը տը ֆաքթօ կը կառավարուէր հայկական մեծամասնութեան կողմէ վերջին 32 տարիներուն: Ղարաբաղի հայ համայնքը դարերէ ի վեր այնտեղ կ՛ապրի, ոմանք կ՛ըսեն` 2000 տարի:

«… Ատրպէյճանը 2020-ի 44-օրեայ պատերազմին գրաւեց Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի Հանրապետութեան) որոշ հատուածներ: Անցեալ շաբաթ ան ռմբակոծեց շրջանը հրետանիի եւ անօդաչու թռչող սարքերու միջոցով` վերահսկողութիւն հաստատելով ամբողջ տարածքին վրայ, ստիպելով տեղի հայկական ուժերուն` յանձնուիլ: Հարիւրաւոր մարդիկ զոհուեցան կամ վիրաւորուեցան, որոնց մէջ` տասնեակներով խաղաղ բնակիչներ: Տուներ կործանեցան, մատակարարումները եւ ելեկտրականութիւնը կտրուեցան, եւ մարդիկ սկսան փախչիլ ստոյգ մահէ փրկուելու համար:

Միացեալ Նահանգներու 10 բարձրաստիճան պաշտօնեաներ Իսրայէլի կողմնակից հրեաներ են` արտաքին գործոց, տնտեսութեան եւ այլ նախարարներ, ընդհանուր դատախազը, Սի. Այ. Էյ.ի տնօրէնը եւ այլն:  Հրէական 6 հաստատութիւններու կը պատկանին Միացեալ Նահանգներու լրատուամիջոցներուն 96 տոկոսը:

«… Անցեալ շաբաթուան (19 սեպտեմբեր) յարձակումը, ըստ երեւոյթին, յատուկ կերպով ծրագրուած էր: Դեկտեմբերէն (2022, ինն ամիսէ աւելի) ի վեր Ատրպէյճանը խեղդած էր Հայաստանը Ղարաբաղին կապող Լաչինի ցամաքային նեղ միջանցքը` կտրելով սննդամթերքն ու դեղորայքը (մերթ ընդ մերթ նաեւ` կազն ու ելեկտրականութիւնը) եւ գործնականին մէջ սովամահ ընելով այնտեղ գտնուող ժողովուրդը: 2020-ի (Նոյեմբեր 9-ի) զինադադարի համաձայնագրին յստակ խախտում էր այս, սակայն ո՛չ ռուս խաղաղապահները, ո՛չ ալ ոեւէ մէկը բան մը ըրաւ (վերացնելու շրջափակումը): Այս հարցը բաւարար ուշադրութեան չարժանացաւ միջազգային լրատուամիջոցներուն կողմէ:

«Երբ Ղարաբաղի ժողովուրդը տկարացած եւ բարոյալքուած էր, Ատրպէյճանը կարծես թէ պատրուակի մը կը սպասէր յարձակելու, որ տեղի ունեցաւ, երբ (իբր թէ) ական մը սպաննեց իր վեց զինուորները: Ան (Արցախ) ներխուժեց եւ խլեց ամբողջ մնացած տարածքը` ստիպելով Ղարաբաղի հայկական ռազմական ուժերուն յանձնուիլ: Հայաստանը արդէն գրեթէ իրական ներկայութիւն չունէր այնտեղ, եւ սկսաւ քաղաքացիական բնակչութեան արտագաղթը:

«Այս ճշգրիտ բնորոշումով Նաքպա մը չէ: Առաջին հերթին, ի տարբերութիւն պաղեստինցիներուն, հայերը ունին ցեղային արիւնակից պետութիւն մը եւ պէտք չէ դառնան քաղաքացիութիւն չունեցող առանց հայրենիքի որբեր: Սակայն զուգահեռները տանջող են:

«Դառն հեգնանք է, սակայն, հաշուի առնելով Իսրայէլի դերակատարութիւնը այս երկու իրադարձութիւններուն մէջ: Բոլոր հրեաները պէտք է նկատի առնեն այն փաստը, որ Իսրայէլը հրաժարած է նոյնիսկ հայերուն ձեւական զօրակցութիւն ցուցաբերելէն` իրենց սարսափելի հալածանքներու ենթարկուելու նոյնանման պատմութեան (ցեղասպանութեան) պատճառով:

«Իսրայէլը չէ՛, որ անցեալ շաբաթ յարձակում գործեց Ղարաբաղի վրայ, սակայն բոլորին յայտնի է, որ ան Ատրպէյճանին զէնքի ամենամեծ մատակարարողն է: Յարձակման նախորդող ամիսներուն ընթացքին Իսրայէլէն թռիչքները դէպի Ատրպէյճան եւ հակառակ ուղղութեամբ` աճած են: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան գլխաւոր տնօրէն Էյալ Զամիրը յարձակումը սկսելէն բառացիօրէն մէկ օր առաջ այցելած է Ատրպէյճան` պաշտպանութեան նախարարին: Այժմ ստոյգ մտավախութիւն կայ, որ Ատրպէյճանը կը ներխուժէ Հայաստան` սկսելով լիակատար պատերազմ: Կարելի՞ է բան մը ընել:

«Ի՞նչ եղաւ խաղաղ բնակչութիւնը պաշտպանելու օրէնքին: Ատրպէյճանը ինը ամիս սովի մատնեց Ղարաբաղի խաղաղ բնակիչները, կարծես թէ գոյութիւն չունին Ժընեւի համաձայնութիւնները եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքը, որ հակամարտութեան գօտիներուն մէջ պէտք է պաշտպանէ խաղաղ բնակչութիւնը: Արդեօք Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան պիտի կանչուի՞ ցեղային մաքրագործումի հետեւանքներուն համար:

«Ազգերու ինքնորոշման իրաւունքին հետ մրցակցող պետական սահմաններու փշոտ հարցը երբեք չէ վերացած: Միջազգային օրէնքը կը ճանչնայ Ատրպէյճանի իրաւունքը այդ տարածքին նկատմամբ, սակայն արդեօ՞ք հայերուն պատմութիւնը եւ իրենց մեծամասնութիւն ըլլալու կարգավիճակը, զուգորդուած` այն բռնութիւններուն հետ, որոնք կրած են տարիներու ընթացքին եւ կրկին այժմ, կու տա՞ն բարոյական ու պատմական իրաւունքներ որոշելու իրենց ճակատագիրը` հակառակ միջազգային օրէնքին»:

Այստեղ վրիպումի մէջ է հեղինակը: Առաջին` «Ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը» համահաւասար օրէնքի ուժ ունի «Հողային ամբողջականութեան» հետ: Երկրորդ` ինչո՞ւ Մինսքի «իրաւարար» խմբակ ստեղծուած էր երեք հզօր պետութիւններու մասնակցութեամբ, եթէ իրաւունքը Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան հետ էր: Ո՛չ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը, ո՛չ ալ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւնը երբե՛ք 1918-ին ստեղծուած Ատրպէյճանին մաս կազմած չեն: Ո՛չ Խորհրդային Միութեան ժամանակ, ո՛չ ալ անկէ ետք:

Ալիսըն Ուէյր կը վկայէ ամերիկեան պատմութեան յատուկ թերթերու վրայ սիոնական-հրէական հակակշիռին մասին: Սիոնիստ Ուէյտըրի պատկանող պատմութեան վերաբերող 11 հրատարակութիւնները:

«Միջազգային հակամարտութիւններու կարգաւորման ձախողութիւնները այնպիսի վայրերու մէջ, ինչպիսիք են Ղարաբաղը եւ Իսրայէլ-Պաղեստին հարցը, այնքան շատ են, որքան քիչ թիւով` յաճախ խռովեալ յաջողութիւնները. արդեօք խաղաղութեան հաստատումը ձախողա՞ծ հեռանկար է:

«Արդեօ՞ք ծայրայեղ ազգայնական բռնակալները, ինչպիսին է Ալիեւը, ի վերջոյ կ՛ապացուցեն, որ աշխարհաքաղաքական յաղթողներն են անոնք այսօրուան աշխարհին մէջ: Եւ` արդեօ՞ք Իսրայէլը կը մնայ պատմութեան սխալ կողմը, երբ խօսքը կը վերաբերի այս հարցերուն մէջ պատասխանատուութիւն կրելու պարագային»: Վերջ յօդուածին:

«Ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը այդքան ուշադիր է Իսրայէլի, բայց ո՛չ Հայաստանի նկատմամբ» Սասունեանի յօդուածը մասամբ լոյս կը սփռէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան մէջ իսրայէլեան գրեթէ ամբողջական ներթափանցման եւ տիրապետութեան մասին, նաեւ` լրատուամիջոցներու 96 տոկոսին: Եթէ «Հաարեց»-ի նման իսրայէլեան կարեւորագոյն թերթին խմբագրականը կը նշէ, որ թէ՛ Իսրայէլի մատնահետքերը կը գտնուին ամբողջ Լեռնային Ղարաբաղի ցեղային մաքրագործումին վրայ եւ թէ՛ ալ հայոց պատմութիւնը նենգափոխելուն մէջ, ուրեմն, փոխաբերաբար, սա կը նշանակէ Միացեալ Նահանգներու բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն` եթէ ոչ կառավարութեան մեղսակցութիւնը այս յանցանքներուն մէջ:

Ինչ կը վերաբերի հայոց պատմութեան խեղաթիւրումին, արդէն այդ մասին քանիցս նշած եմ «Հայաստանի ձիերը, ձիաւոր հերոսները եւ յաղթանակները» յօդուածաշարքիս մէջ: Ամերիկացի հեղինակ եւ զօրակից դոկտ. Ալիսըն Ուէյր կը բացայայտէ պատմութիւնը խեղաթիւրելու հրէական-ամերիկեան համակարգը, որ կ՛ընդգրկէ` հրատարակութիւններ, համալսարաններու կաճառներ դասախօսներ եւ նոյնիսկ աննշան թուող պաշտօնեաներ (տե՛ս Ուէյրի գլխաւորած «Եթէ ամերիկացիները գիտնային» If americans knew կայքէջը:

Ահաւասիկ` այս բոլորին փաստը. հակառակ անոր որ Ամերիկա արդէն օրական 13,1 միլիոն տոլար կը նուիրէ Իսրայէլին` Կազայի հարցով, երեք օդանաւակիր ղրկեց Իսրայէլ եւ յաւելեալ միլիառաւոր տոլարներ կը յատկացնէ այս անմարդկային ու ահաբեկչական երկրին, աւելի քանդիչ զինամթերք կը մատակարարէ անոր, նախագահն ու նախարարներ կ՛այցելեն Իսրայէլ` զօրավիգ կանգնելով իրենց այցելութեան ընթացքին իսկ բնակուած թաղամասեր կործանող եւ խաղաղ բնակիչներ սպաննող եւ հիւանդանոց կործանող արիւնարբու այս անուղղայ պետութեան, որ ցարդ 10 հազարէ աւելի խաղաղ բնակիչ սպաննեց եւ տասնեակ հազարներով վիրաւորներ պատճառեց:

Եզրակացութի՞ւն: Արդարութիւնը եւ իրաւունքը մի՛այն զէնքով կը պարտադրուին, Կազայի ազատամարտիկներուն եւ մեր երբեմնի ֆետայիներուն օրինակով:

28 հոկտեմբեր 2023

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
100 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles