Յարութիւն Պէրպէրեան
Կար ժամանակ, երբ հաճոյքով կը բանայի
հաղորդակցութեան այս բեմը նոր
սակայն հիմա …
Դիմատետրի շատ անծանօթ «ընկեր» մը կայ,
որ ամէն օր բարի լոյս մը
կամ Քրիստոսի մէկ ծաղկաւոր խօսքը կը ղրկէ:
Ուրիշ մը որ
Պատգամաբերիս վրայ կը գրէ,
որ կը յիշէ զիս Լիբանանէն,
թէ ծովափին ֆրանսերէն վէպ կը կարդայի
եւ մարոնի աղջիկները
կու գային հետս շատախօսելու
(անգլերէն՝ կը կարդայի, ֆրանսերէն՝ ոչ),
իսկ խօսքը ինչ աղջիկներու մասին է՝
արդէն չեմ գիտեր, ոչ ալ կը յիշեմ:
Դեռ անմիջական շրջանակէս դուրս՝
դիմատետրի «ընկերներ» կան,
որոնք դիմած են ինծի
պարզապէս իրենց լուսանկարները
կամ չափածոյ թխուածքները հրամցնելու
եւ փոխադարձ «լայք»եր կը սպասեն
(բացառութիւններ միշտ յարգելի են):
Աւել՛ին կայ ,
գանատական պետութիւնը,
ինչ որ տարօրինակ օրէնքի հիմամբ,
տեղեկատւութեանց հաղորդումներու
փոխանցումը կը խանգարէ,
նոյնիսկ՝ Արքի բանաստեղծական ընթերցումները:
Իսկ գեղանկարիչ մը կայ Հայաստանէն,
որ շարունակ վերացական
պաստառները կը զետեղէ կայքին վրայ
եւ չես գիտեր, թէ ո՞ր գործը
կրկնուած է կամ թէ նոր է.
վնաս չունի՝ շուկայ է՝ չէ՞,
դեռ երբեմն ալ կը համեմէ իր էջերը
քաղաքական տարօրինակ յօդուածներով
(կ’երեւի այդ ալ վաճառման կ’օգնէ):
Բայց եւ այնպէս,
դիմատետրն է, որ բացայայտեց,
թէ որքան խոր աղճատուած է,
այլասերած է մայրենին
իր զոյգ թեւերով՝ հաւասարապէս,
որքան օտար բառեր կը վխտան այտեղ,
(մի՛ մոռնաք որ Սփիւռքի մէջ
կարգ մը տնօրէն-տնօրէնուհիներ
կամ հոգաբարձութեանց շա՜տ յարգելի անդամներ,
կը խորհէին ի՞նչ տոկոսով հայերէն տալ
սփիւռքահայ աշակերտին,
եւ պարզապէս հայերէնի ուսուցումը
աւելորդ պերճանք կը նկատէին).
եւ թէ ինչո՞ւ իրենց թերի անգլերէնով
կամ լատինատառ կը գրեն շատեր՝
իրենց խոցելի, գլխիվայր դարձած
ուղղագրութիւնը ծածկելու համար,
իսկ Լեւոն Շառոյեանը, Հալէպէն,
հոսանքն ի վեր դիավարելով,
կը փորձէ դիմատետրի
եւ մամուլի սխալները սրբագրել: