Յարութ Սասունեան
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
Արդարացի բազմաթիւ բողոքներ կան Արցախի կորուստի հարցով Ռուսիոյ խայտառակ դերին եւ Հայաստանի սահմանները պաշտպանելու գծով ցուցաբերած անգործութեան մասին։ Այսուամենայնիւ, շատ դժգոհութիւններ կան նաեւ միջազգային հանրութեան դէմ, այդ շարքին՝ Միացեալ Նահանգներու անտարբերութեան, կապուած Արցախի եւ Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի ի գործ դրած յարձակունակ վերաբերումին:
30 տարի շարունակ, Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսքի խումբը, որուն կազմին մէջ են արցախեան հակամարտութեան միջնորդները՝ ԱՄՆ, Ֆրանսա եւ Ռուսիա, բազմիցս յայտարարութիւններ ըրած է ուժի կիրարկման անընդունելիութեան մասին՝ յորդորելով, որ հակամարտութիւնը լուծուի խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով։
Սակայն, ի հեճուկս նման բարի մտադրութիւններու, երբ Ատրպէյճան երեք տասնամեակ շարունակ սահմանի վրայ յաճախակի ռմբակոծումներով կը յարձակէր Արցախի եւ Հայաստանի վրայ, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը պարզապէս անիմաստ յայտարարութիւններ կ՛ընէր՝ կոչ ընելով երկու կողմերուն՝ չդիմել բռնութեան։ ԵԱՀԿ, սակայն, ինքնիրեն երբեք նեղութիւն չէ տուած՝ մատնացոյց ընելու համար մեղաւոր կողմը՝ Ատրպէյճանը, այսպիսով իսկ յանցագործը հաւասարեցնելով զոհին:
Նման անարդար յայտարարութիւններ խրախուսեցին Ատրպէյճանը՝ լկտիաբար շարունակելու իր յարձակումները, որոնց գագաթնակէտը՝ 2020-ին Արցախի դէմ սանձազերծուած զանգուածային պատերազմն էր, որուն յաջորդեցին ներխուժումները դէպի Հայաստանի տարածք։ Անցեալ ամիս Ատրպէյճան խախտեց 2020ին ստորագրած համաձայնագիրը, որ թոյլ կու տար ռուս խաղաղապահներուն պաշտպանել Արցախի մէջ մնացած բնակչութիւնը, մինչեւ 2025։ Իլհամ Ալիեւ քաջ գիտակցելով, որ ոչ մէկ օտար երկիր կը միջամտէ իր յարձակումները կասեցնելու համար, իրականացուց Արցախի 120 հազար բնակիչներու էթնիկ զտում եւ զանոնք վռնտեց իրենց պատմական հայրենիքէն։
14 Սեպտեմբեր 2023ին, Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի օգնականի պաշտօնակատար Եուրի Քիմ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին առջեւ հաւաստիացուց. «Մենք չենք հանդուրժեր որեւէ ռազմական գործողութիւն։ Մենք չենք հանդուրժեր որեւէ յարձակում Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ»։ Քանի մը օր անց Ատրպէյճան յարձակեցաւ եւ բռնագրաւեց Արցախը՝ համոզուած ըլլալով, որ Ամերիկայի կառավարութիւնը «պլըֆ» կ՛ընէ։
Բնականաբար, ոչ ոք կը սպասէր, որ Միացեալ Նահանգներ կամ որեւէ մեծ տէրութիւն զօրք ուղարկէր Արցախն ու Հայաստանը պաշտպանելու համար, բայց պարզապէս Ատրպէյճանին կոչ ընել՝ չփակել Լաչինի միջանցքը կամ զերծ մնալ ուժի կիրարկումէն, անիմաստ էր։ Միջազգային հանրութիւնը նոյնիսկ պատժամիջոցներ չկիրարկեց Ատրպէյճանի դէմ, քանի որ անոր կազն ու նաւթը աւելի արժէքաւոր էին, քան հայերու արիւնը։
Իրավիճակը աւելի վատթարացնելով՝ 2020ի պատերազմէն ի վեր Արցախի եւ Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի բազմաթիւ յարձակումները անտեսելէն ետք՝ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան տնօրէն Սամանթա Փաուր վերջապէս անցեալ շաբաթ ժամանեց Հայաստան՝ հետը բերելով նախագահ Ճօ Պայտընի նամակը, որ շատ գեղեցիկ խօսքեր կը պարունակէր հայ ժողովուրդի հասցէին, բայց դարձեալ՝ ո՛չ մի գործողութիւն։
Առաւել ցնցող է, որ Փաուր առաջարկեց ողորմելի 11․5 միլիոն տոլարի չափով մարդասիրական օգնութիւն՝ 120 հազար ընչազուրկ արցախցի գաղթականներուն: Այդ գրեթէ 96 տոլար է իւրաքանչիւր գաղթականի համար, որ զրկուած է կացարանէ, սնունդէ, դեղորայքէ եւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ պարագաներէ: Ասիկա խայտառակ գումար է ԱՄՆ ՄԶԳ-ի տարեկան 50 միլիառ տոլար պիւտճէին համեմատ: Անոր այցը շատ ուշացած էր եւ մեծապէս անօգուտ:
Քանի մը այլ երկիրներ եւ միջազգային գործակալութիւններ նոյնպէս խոստացած են օգնութիւն ցուցաբերել արցախահայութեան. Ֆրանսա (7․4 միլիոն տոլար), Գերմանիա (5․3 միլիոն տոլար), Եւրոպական միութիւն (5․3 միլիոն տոլար), Շուէտ (1․3 միլիոն տոլար), Գանատա (1․85 միլիոն տոլար), Դանիա (140 000 տոլար), ՄԱԿ-ի գաղթականներու գործակալութիւն՝ ՄԱԿ ՓԳՀ, (գումարը նշուած չէ), Ճաբոն (գումարը նշուած չէ), Սպանիա (գումարը նշուած չէ): Հայաստան յատկացուցած է 25 միլիոն տոլար (իւրաքանչիւր գաղթականի՝ մէկ անգամուան համար 250ական տոլար), առաւել՝ ամսական 125 տոլար վարձակալութեան եւ ջուր-ելեկտրական ծառայութիւններու համար՝ 6 ամիսով։ Կիպրոսի կառավարութիւնը Արցախի գաղթականները հրաւիրած է վերաբնակելու Կիպրոս։ Սակայն այս տեղահանուած հայերը Հայաստանէն դուրս տանիլը լաւ գաղափար չէ։
Բացի այդ, տասնեակ հայկական կազմակերպութիւններ ամբողջ Սփիւռքի տարածքին գումարներ կը հաւաքեն արցախցի գաղթականներուն օգնելու համար։ Հայաստանի մէջ կան նաեւ բազմաթիւ բարեգործական կազմակերպութիւններ եւ առեւտրական հաստատութիւններ, որոնք արցախահայութեան կ՛օգնեն գումարներով, անհրաժեշտ իրերով կամ ծառայութիւններով։ Հայաստանի ֆինանսներու նախարարութիւնը դրամատնային հաշիւ բացած է հանրութեան կողմէ նուիրատուութիւններ ստանալու համար։ Կայ նաեւ գրասենեակ, զոր ստեղծած է Հայաստանի կառավարութիւնը՝ առաջարկուող օգնութեան բաշխումը համակարգելու համար։
Եթէ ոեւէ մէկը կը կարծէ, որ խոստացուած օգնութիւնը մեծ գումար է, իրականութեան մէջ անիկա չնչին բան մըն է` համեմատած գալիք ամիսներու եւ տարիներու գաղթականներու հսկայական կարիքներուն: Միւս կողմէ, Ուքրանիա մինչեւ հիմա 80 միլիառ տոլար ստացած է ԱՄՆ-էն՝ իր ռազմական, ֆինանսական եւ մարդկային կարիքներուն համար։ Աւելի՛ն, 41 երկիրներ եւս տասնեակ միլիառաւոր տոլարներ ներդրած են Ուքրանիոյ մէջ։
Պայտընի վարչակազմին կողմէ յստակ գործողութիւններու բացակայութիւնը, բացի արցախցի գաղթականներուն 11․5 միլիոն տոլարի խոստումէն, խիստ հիասթափեցուցած է բազմաթիւ ամերիկահայեր։ Զարմանալի է, որ նախագահ Պայտըն՝ ըլլալով փորձառու քաղաքական գործիչ եւ յաջորդ տարի վերընտրուելու թեկնածու, որ ԱՄՆ-ի պատմութեան մէջ գործող նախագահի համար ունի ամէնէն ցած վարկանիշներէն մէկը, յաւելեալ ջանք չգործադրեց ամերիկահայ ընտրողները գրաւելու համար: Նոյնիսկ եթէ նախագահ Պայտընի չեն հետաքրքրեր Հայաստանն ու Արցախը, ան գոնէ պէտք է մտածէր իր սեփական շահին մասին, որ վերընտրուելու համար ձայներ հաւաքելն է։