Լրահոս

Արցախի Նախկին Նախագահներն Ու Ազգային Ժողովի Նախագահը Ձերբակալուած

ՊԱՔՈՒ․- Ատրպէյճանական պաշտօնական աղբիւրները կը հաստատեն, որ Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանն ու Արայիկ Յարութիւնեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը տեղափոխուած են Պաքու:

Իսկ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արթուր Յարութիւնեանը, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արարատ Մելքումեանը, ներքին գործոց նախարար Կարէն Սարգսեանն ու նախագահի աշխատակազմի ղեկավարը ատրպէյճանական անցակէտով հասած են Հայաստան:

Վերջերս ընտրուած նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը խումբ մը պատասխանատուներու հետ պիտի մնայ Ստեփանակերտի մէջ մինչեւ որ աւարտին 19-էն 20 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած ռազմական գործողութիւններու եւ 25 Սեպտեմբերին Ասկերանի շրջանին մէջ վառելանիւթի պահեստի պայթումին պատճառով զոհուածներու աճիւններու ու անհետ կորսուածներու որոնողափրկարարական աշխատանքները:

Ազերի յարձակումէն երկու շաբաթ ետք այսօր արդէն, ըստ արցախցի պաշտօնեաներու, Արցախը գրեթէ ամբողջութեամբ հայաթափուած է: Արցախի մէջ այս պահուն Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան շուրջ երկու տասնեակ փրկարարներ կը շարունակեն զոհուածներու ու անհետ կորսուածներու որոնումը:

Միւս կողղմէն, Հոկտեմբեր 3-ին սահմանամերձ Կութ շրջանի հայկական դիրքերու անձնակազմին համար սնունդ տեղափոխող փոխադրակառքի ուղղութեամբ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու արձակած կրակոցին պատճառով, զոհուած է բանակային մը եւ վիրաւորուած՝ երկու այլ բանակայիններ:

Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները թիրախաւորած են նաեւ շտապօգնութեան ինքնաշարժը, խախտելով միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կանոնները:

«Զոհուած զինուորական ծառայողն է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի զինուորական ծառայող Արամ Տիգրանի Քոչարեանը: Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը վշտակցի եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զինուորական ծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Վիրաւոր երկու զինուորական ծառայողներու կեանքին այս պահուն վտանգ չի սպառնար, անոնք տեղափոխուած են զինուորական հիւանդանոց:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button