Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
19 Սեպտեմբեր 2023 (գիշեր)
44-օրեայ պատերազմի շղթայազերծման երրորդ տարեդարձէն ճիշդ 9 օր առաջ,
Երեւանի քաղաքապետական ընտրութեանց արդիւնքին հրապարակումէն օր մը ետք,
Հայաստանի անկախութեան վերականգնումի 32-րդ (մոռցուած) տարեդարձէն 2 օր առաջ, իսկ Հայաստանի վրայ ազերիական վերջին ծաւալուն յարձակումէն աւելի քան տարի մը ետք,
Արցախի շուրջ ամբողջական եւ մահասփիւռ պաշարումին հաստատումէն 282 օր ետք,
Արցախի մէջ քաղաքական դրական շարժումի մեկնակէտէն հազիւ 20 օր ետք… … …
Երեքշաբթի, 19 Սեպտեմբերին, Ատրպէյճան անգամ մը եւս լայնածիր յարձակում գործեց Արցախի վրայ, պատճառելով աւելի քան 100 զոհ ու վիրաւոր: Մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը, յարձակողականը կը շարունակուէր, կային 25 զոհ, աւելի քան 80 վիրաւոր. այս թիւերը դժբախտաբար ամբողջական չէին, որովհետեւ յարձակման ենթակայ կարգ մը շրջաններէ ամբողջական տեղեկութիւններ չէին հասած: Զոհերուն կարգին են քաղաքայիններ ու մանուկներ, կայ նաեւ հսկայական աւեր:
Ատրպէյճան, որուն պաշտպանութեան նախարարը օր մը առաջ կապի մէջ էր իր թուրք պաշտօնակիցին (պոսին) հետ, ինչպէս սովոր է՝ դարձեալ հայկական կողմը ամբաստանեց եւ տարածեց զրպարտութիւններ: Իբրեւ անմիջական պատրուակ՝ յայտարարեց, որ հայկական ուժերը սադրած են ազերիական ուժերուն դէմ, ականի մը պայթումէն զինուորներ վնասուած են, պահանջեց, որ հայկական կողմը յանձնէ ականապատ դաշտերուն քարտէսը (Փաշինեան աւելի քան 2 տարի առաջ քարտէսներ նուէր տուած էր, փոխան… ոչինչի): Աւելի՛ն, Պաքու յայտարարեց, թէ այս յարձակումը «հակա-ահաբեկչական գործողութիւն է» (տեսէ՜ք, թէ ո՛վ կը խօսի ահաբեկչութեան մասին) եւ դարձեալ պահանջեց, որ Հայաստանի բանակը քաշուի Արցախէն (Փաշինեան կը փորձէ համոզել Ալիեւը, թէ Հայաստան բանակ չունի Արցախի մէջ. չէ՞ որ Հայաստան այլեւս Արցախի ապահովութեան երաշխաւորը չէ, կ’ընդունի, որ Արցախը Ատրպէյճանի կը պատկանի… «Պէ՛, արխատա՛շ, ինչո՞ւ չես հասկնար…):
Երեքշաբթիի յարձակումը, իր ծաւալով եւ գործածուած զէնքերով, աննախընթաց է 44-օրեայ պատերազմէն ի վեր: Հրետանիի, անօդաչու սաւառնակներու եւ օդուժի գործածութեամբ, Արցախ-Ատրպէյճան սահմանի գրեթէ ամբողջ երկայնքին շղթայազերծուած յարձակողականը իր դիմաց գտաւ Արցախի պաշտպանական ուժերուն արի դիմադրութիւնը: Հաղորդուեցաւ, որ թշնամիին թափանցման փորձերը ձախողոիւթեան մատնուած են (ուրեմն կարելի, է դիմադրել, ինչպէս եղաւ առաջին ու երկորդ պատերազմներուն):
Դէպքերուն հետեւողներ մտավախութիւն յայտնեցին, որ արդէն սկսած է արցախեան չորրորդ պատերազմը, որուն զուգահեռ, կը պատրաստուին ցեղասպանական արարքներ եւ Արցախի հայաթափումը: Ազերիական զինուժի շարժումները վերջին շաբաթներուն ահազանգեր հնչեցուցած էին, սակայն Երեւան կրկին ու կրկին յայտարարած էր, թէ հաւատարիմ է խաղաղութեան ընտրանքին: Ո՞վ պիտի հասկնայ եւ հասկցնէ, որ խաղաղութիւնը միակողմանի ցանկութեամբ չ’ըլլար:
ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ մէջ, ազերիական յարձակողականը ստեղծեց երկու հակադիր հակազդեցութիւններ:
Ժողովուրդը, մեծ թիւով արցախցիներ, ինքնաբուխ կերպով ցոյցի ելաւ կառավարութեան շէնքին առջեւ, պահանջեց, որ Նիկոլ Փաշինեան հրաժարի, որովհետեւ ո՛չ ոք անոր «մանտաթ տուած է Արցախը Ազրպէյճանի յանձնելու»: Այլ խօսքով, արդէն իսկ ըստ բաւականին արթնցած ժողովուրդը եկաւ ըսելու, որ եթէ 2018-ին որոշ տրամաբանութամբ մը լիազօրութիւն տուած էր, երկու տարի առաջ այդ լիազօրութիւնը իշխանաւորներուն հազար ու մէկ աճպարարութեամբ իբրեւ թէ վերահաստատուած էր, հիմա ժամանակը հասած է եւ նոյնինքն ժողովո՛ւրդը ետ կը քաշէ այդ լիազօրութիւնը, եւ իր գործած բոլոր ներքին եւ այլ յանցանքներուն, հայրենադաւութեան ու թշնամիին հետ բանիւ եւ գործով գործակցութեան համար հաշիւ կը պահանջէ Փաշինեանէն ու «ուսապարկեր»էն, զանոնք պիտի նստեցնէ ամբաստանեալի աթոռին:
«Նիկո՛լ, դաւաճա՛ն» բացագանչող ցոյցարարները անգամ մը եւս իրենց դիմաց գտան իշխանաւորները պաշտպանող ոստիկանները, որոնք անգամ մը եւս ձայնային ռումբեր արձակեցին ժողովուրդին վրայ. ինկան վիրաւորներ: Ընդդիմադիր ղեկավարներ փորձեցին հանդարտեցնել «խելագարած ամբոխ»ը, որ յամենայնդէպս խելակորոյս զանգուած չէր, այլ յստակ գիտէր իր պահանջն ու կը գնահատէր ծանր կացութիւնը, նաեւ՝ հայրենիքը հոն հասցնողը: Քաղաքապետական ընտրութիւններուն երրորդ դիրքը գրաւած Անդրանիկ Թեւանեան կոչ ուղղեց չդադրեցնելու բողոքի հաւաքը, այլ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ շարժումի ճամբով իրականացնել խաղաղ իշխանափոխութիւն: Հանրապետութեան հրապարակը ուշ գիշերին կը մնար հաւաքավայրը պահանջատէր ժողովուրդին, իսկ քաղաքական ընդդիմադիրները ի մի կը խմբուէին Դաշնակցութեան հրաւէրով, ճշդելու համար նոր ուղեգիծը:
Բացայայտ դարձաւ, որ ժողովուրդին զայրոյթը պայթած է, ի լուր Փաշինեանի այն յայտարարութիւններուն, թէ Հայաստան պիտի չմիջամտէ ի նպաստ Արցախի, կը բաւականանայ միայն Հայաստանի սահմաններուն պաշտպանութեամբ (իսկ թէ անիկա ինչպէ՞ս կ’ըլլայ՝ արդէն գիտենք): Ան նշած է, որ Հայաստանի մէջ «յեղաշրջումի փորձ կը կատարուի» (իսկ ծանօթ է, որ անոր նման մէկ ակնարկութիւնը շուրջ 2.5 տարի առաջ ինչպիսի՜ պաշտպաններ գտած էր Պաքուի եւ Անգարայի մէջ: Սա արդեօք քողարկեալ հրաւէ՞ր մըն էր, որպէսզի զինք պաշտպանողները ձեռնածալ չմնան): Ան դարձեալ մեղադրանք բաշխեց ռուսերուն, Ազգային Ապահովութեան խորհուրդը նիստի հրաւիրեց եւ հեռաձայնային կապեր հաստատեց Պլինքընի ու Մաքրոնի հետ (ասկէ աւելին մի սպասէք…): Հաղորդուեցաւ, որ ՔՊ-ական «աստղ» մը՝ Տիգրան Աւինեան բիրտ ուժի դիմելու սպառնալիք ուղղած է «յեղաշրջման փորձ ընողներուն»: Իսկ դիւանագիտութեան պետը՝ Արարատ Միրզոյեան, որ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին մասնակցելու համար Նիւ Եորք կը գտնուի, նոր մրցանիշ մը հաստատեց… անփութութիւն եւ կրաւորականութիւն ցոլացնող իր վարքագիծին մէջ (հաւանաբար Փաշինեանի թելադրանքով կամ… թելադրանքի սպասումով): Ան մերժած է արտայայտուիլ մամուլի ներկայացուցիչներուն առջեւ, մինչդեռ Նիւ Եորք գտնուիլը՝ նման օրհասական պահու մը, պէտք էր լաւագոյն առիթը ըլլար խայտառակելու Ատրպէյճանը (արդեօք դեռ վա՞խ ունի, որ սա չըլլալիք՝ «խաղաղութիւն պիտի բերենք»ը կրնայ վնասուիլ): Դրական կէտ մըն էր օտար դեսպանները արտաքին գործոց նախարարութիւն հրաւիրելն ու դէպքերուն մասի զեկոյց տալը: Միրզոյեան ունի համարժէք մրցակից մը՝ Սուրէն Պապիկեանը, որուն գլխաւորած պաշտպանութեան նախարարութիւնը արձանագրեց ի՛ր գլուխ գործոցը, յայտարարելով, որ «Հայաստանի սահմանները հանդարտ են» (այսինքն, մեզի ի՜նչ, որ Արցախի մէջ մահ ու աւեր կը սփռուի: Թող արցախցիք բաց թողուն մեր օձիքը եւ լեզու գտնեն Ազրպէյճանի հետ…):
Ակներեւ էր նաեւ այն, որ Հայաստանի քաղաքական ամբողջ ծիածանը, մինչեւ իսկ Փաշինեանի աւանդական հովանաւորները միաձայն էին, որ վատթարացման միակ պատասխանատուն նոյնինքն Նիկոլն է: Փաշինեանապաշտերուն նօսրացումը սպասելի է:
ԱՐՑԱԽի իշխանութիւնը աւելի գործնական եղաւ. նախագահը կոչ ուղղեց գումարելու ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի նիստ եւ միջազգային ընտանիքը հրաւիրեց փրկարար ճիգեր իրականացնելու:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ կրկէսին մէջ, դատապարտումի եւ խաղաղութեան պահպանման կոչեր հնչեցին Փարիզէն, Պրիւքսէլէն, Մոսկուայէն, Անգարայէն եւ այլ կարեւոր կեդրոններէ: Այդ կոչերն ալ, ինչպէս նկատեց քաղաքական մեկնաբան մը, դատապարտուած են մատնուելու ճակատագիրին նախընթացներուն, որոնցմէ ամէնէն ուժեղը կը նկատուէր Միջազգային ատեանէն հնչած պահանջը՝ ի խնդիր Արցախի պաշարման օղակին վերացման: Պէտք է առանձնացնել Անգարան, որ վերահատատեց Ազրպէյճանի կողքին ըլլալու իր կեցուածքը: Այլապէս, միջազգային ընտանիքը բաժնեկից է Փաշինեանի շնորհած խաղաքարտին, այսինքն, ինչո՞ւ սպասել անկէ, որ ազդու միջամտութիւն ընէ (իսկ ե՞րբ ըրած է որ), երբ Փաշինեան բոլորը համոզած է որ Արցախը Ազրպէյճանի կը պատկանի: (Արդեօք դեռ կոյրեր կա՞ն Հայաստանի ու Սփիւռքի մէջ):
ՄԻՆՉԵՒ Ո՞ՒՐ
Ստեղծուած վիճակը դարձեալ լայն բացաւ իրատես մեկնաբանութիւններու ծորակը: Արձանագրենք քանի մը ուշագրաւ դիտարկում:
- Ազրպէյճանի այս յարձակումը մեկնակէտ ունի քանի մը տուեալ. նախ այն՝ որ անոր բոլոր ոճրային արարքները բացայայտ կրաւորականութեամբ եւ շահադիտական մօտեցումով կ’ընկալուին միջազգային ազդու ուժերուն կողմէ: Երբ Հայաստանի իշխանութիւնը հոգածու չէ հայրենիքի շահերով, աշխարհը ամէն պատրուակ ունի (պահ մը մոռնանք շահերը) խօսքի սահմանէն անդին չանցնելու:
- Կայ նաեւ այն տուեալը, թէ Հայաստան ճանչցած է Արցախի «ազերիապատկան» ըլլալը, հետեւաբար, նախ ինքն ի՛ր ձեռքերը կամովին կապած է, միաժամանակ ազատ արձակելով Ատրպէյճանի ձեռքերը, իսկ Պաքու, թիկունքին ունենալով Թուրքիան եւ ՆԱԹՕ-ի անդամ ըլլալու անոր հանգամանքը՝ Արցախի հետ կը վարուի այնպէս՝ ինչպէս կը ցանկայ, այսինքն՝ հայաթափման իր հաշիւներուն թելադրանքով: Արեւելք-Արեւմուտք յարաբերութեանց ներկայ ենթապատկերին առջեւ, ան կրնայ հպարտօրէն գործածել Փաշինեանի բառամթերքը, թէ՝ Երեւանի իշխանաւորը իրեն մանտաթ տուած է ընելու այն՝ ինչ որ կ’ուզէ, ո՛չ ոք իրաւունք ունի միջամուխ ըլլալու Ատրպէյճանի «ներքին գործերուն»: Պաքու, Երեւանի իշխանաւորներուն իսկ համամտութեամբ, Արցախը կը դիտէ այնպէս՝ ինչպէս թալիշներու կամ այլ փոքրամասնութիւններու բնակած շրջանները:
- Յարձակումին մէկ այլ դրդապատճառը, կ’ըսուի, այն է, որ նախ՝ Արցախի, ապա նաեւ Հայաստանի մէջ սկսած են փչել հովեր, որոնք հաշտ աչքով չեն դիտուիր Պաքուի եւ Անգարայի կողմէ: Արցախի մէջ իշխանութեան փոփոխութիւնը (Պաքուի պահանջներէն մէկն է անոր կազմաքանդումը), ապա նաեւ՝ Երեւանի ընտրութիւններուն լոյսին տակ՝ փաշինեանականներու արձանագրած նահանջը մտածել կու տան Ալիեւի ու Էրտողանի, որ իրենց կամակատարը եղողները կրնան շուտով տապալիլ, իշխանութեան կրնայ հասնիլ ազգային (եւ ո՛չ թէ համաթուրանական) շահերու սպասարկող, Հայաստանի ու հայութեան պաշտպան քաղաքական ուժեր, որոնք այլեւս իրենց հլու կամակատար պիտի չըլլան (չմոռնանք, որ Արցախը Հայաստանի մէկ մասնիկն է), այլ սեղանի վրայ պիտի դնեն պատմական փաստերը եւ ամբաստանեալի աթոռին նստեցնել համաթուրանականները: Հետեւաբար, անոնք պիտի փորձեն լաւագոյնս օգտագործել իրենց ձեռքին եղող խաղաքարտերը: Կարելի՞ է համակարծիք չըլլալ այն մեկնաբաններուն, թէ՝ Փաշինեան լաւագոյն նուէրն է Ալիեւի ու Էրտողանի, որոնք հինգ տարի առաջ իրենց երազին մէջ իսկ չէին տեսներ այսօրուան վիճակը:
- Հայաստանի եւ Արցախի մէջ սկսած շարժումները՝ քաղաքական-դիւանագիտական եւ հրապարակային քայլերով, կը բերեն նոր խոստում, թէ Հայաստանի շոգեկառքը ի վերջոյ պիտի վերադառնայ ճիշդ եւ իրաւատիրութեան գիծին: Բնականաբար ո՛չ ոք մտահան կ’ընէ համաթուրանական «Դամոկլեան սուր»ը, զայն բթացնելու եւ չէզոքացնելու հրամայականը, որպէսզի Հայաստանն ու Արցախը լիարժէքօրէն նշեն անկախութեան տարեդարձերը, վերջ գտնէ «այս ալ տանք ու խաղաղ ապրինք»ի անհիմն ցնորամտութիւնը:
- Բնականաբար Սփիւռքը իր կարգին նոր շարժումի մէջ է, այնպէս, ինչպէս որ նախորդ ոճրային յարձակումներու փուլերուն: Ինչպէս հայրենի, նոյնպէս ալ Արտերկրի հայութեան բողոքն ու պահանջատիրութիւնը ունին երկու համարժէք հասցէ. Առաջինը՝ Հայաստանի իշխանութիւնն ու զայն բացայայտօրէն հովանաւորող Թուրքիան ու Ազրպէյճանը, երկրորդ՝ միջազգային ընտանիքը, որ այս օրերուն կարեւոր համախմբում մը ունի Նիւ Եորքի մէջ, 78-րդ նստաշրջանին առիթով: Հոն ալ կարելի է հակակշռել Երեւանի դիւանագիտութեան անգործութիւնը, անշուշտ առանց անտեսելու ուժի այլ ոստաններ, Եւրոպայէն մինչեւ արաբական աշխարհ եւ Արեւելք:
Խօսքէն աւելի՝ ԳՈՐԾԻ ժամ է: