ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ․- ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 70-ԱՄԵԱԿ

0 0
Read Time:32 Second

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16-ին, Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեան, եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը մեծարանքի ճաշկերոյթ մը կազմակերպեցին եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Տիկնանց Միութեան 70-ամեակին առիթով եւ անոր շուրջ 100 անդամուհիներու եւ հիւրերու ներկայութեամբ։ Ներկաները վայելեցին համադամ ճաշերը, մինչ երեք երաժիշտներ հայկական ու ամերիկեան եղանակներով ճոխ մթնոլորտ մը ստեղծեցին։

Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Ճոն Տաղլեան խօսք առնելով, դրուատեց Տիկնանց Միութեան անդամուհիներու նուիրումը եւ բազմատեսակ աշխատանքները, նաեւ նիւթական աջակցութիւն բերելով եկեղեցւոյ եւ կարիքաւոր ընտանիքներու։ Տիկնաց Միութեան առաջին դիւանի անդամուհիներէն՝ տիկին Անահիտ Չենկելեան, գնահատագիր մը ստացաւ եկեղեցւոյ ու դպրաց դասին իր երկարամեայ ծառայութեան համար։

Աւարտին, Տէր Հայրը ծօսք առաւ եւ օրհնեց տիկինները, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles