Ա.Ա.
Այնպէս կը թուի, որ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի մայրաքաղաքներէն արձակուած յայտարարութիւնները, թէ հայեւռուս յարաբերութիւններուն մէջ մտահոգիչ, առանցքային եւ արմատական տարակարծութիւններ չկան՝ հակառակ շաբաթներէ ի վեր աստիճանական թափ ունեցող լարուածութեան, կը հետապնդեն Մոսկուա – Երեւան յարաբերութիւնները իրենց բնականոն հունին վերադարձնելու նպատակը, հակառակ անոր որ անցնող օրերուն Երեւանի իշխանութիւններուն տարբեր ներկայացուցիչներ ուղղակիօրէն խօսեցան եւ նշեցին Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ խնդիրներ, որոնք լարուածութիւնը կը բարձրացնէին։ Ազգային Ժողովի նախագահը նոյնիսկ «ինչ որ քարտուղարուհի մը» անուանեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան, որուն շաբաթական մամլոյ ասուլիսները լեցուն են պատասխանատու եւ առանցքային կեցուածքներով եւ դիրքորոշումներով, որոնք Մոսկուայի իշխանութիւններուն կը պատկանին եւ ոչ թէ «քարտուղարուհիի մը»։
Հայաստանի եւ Ռուսիոյ, որոնք ռազմավարական դաշնակիցներու կարգավիճակ մը ունին իրարու նկատմամբ, յարաբերութիւնները բաւական լարուեցան, երբ Հաւաքական Ապահովութեան Պայմանագրի Կազմակերպութիւնը մերժեց քաղաքական գնահատական տալ ատրպէյճանական ուժերուն Հայկական Ինքնիշխան Տարածքներ ներխուժման, պնդելով, որ խնդիրը զուտ սահմանային է եւ քաղաքական գնահատականներ տալու կարիքը չի տեսնուիր։Ապա հարցերը առաւել բարդացան եւ մերթ ընդ մերթ հայկական կողմէն ու յատկապէս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւններով առաւել յստակացաւ, թէ Երեւան- Մոսկուա յարաբերութիւնները վատթարացած են։Երեւանի իշխանութիւնները նաեւ առիթը չփախցուցին քննադատելու ռուսական խաղաղապահ ուժերը, որոնց ներկայութեան Ատրպէյճանի իշխանութիւնները փակեցին Բերձորի միջանցքը, հաստատեցին Հաքքարիի անցակէտը եւ ամբողջութեամբ շրջափակեցին Արցախը, աւելի քան հարիւր քսան հազար արցախցիները զրկելով տարրական սնունդէ, դեղորայքէ եւ ամէնօրեայ կարիքներէ։ Բերձորի միջանցքին փակումը առաւել պատճառ մը եղաւ, որպէսզի հայկական կողմը իր քննադատութիւնները ուղղէ ռուսական կողմին եւ անդրադարձ կատարել աւանդական իր ռազմավարական դաշնակիցէն այլ կողմերու հետ, այս պարագային Եւրոպական Միութիւն եւ Միացեալ Նահանգներ, յարաբերութիւններու, կապերու եւ գործակցութեան ամրապնդման եւ ռուսերէն այլ կողմերու քաղաքական ճակատագիր կապելու ընտրանքներու մասին խօսելու։ Հարաւային Կովկասեան ռազմաքաղական խճանկարին մէջ նշելով Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ դերակատարութիւններուն ու անոնց միջեւ գործակցութեան կապուած տուեալներուն նկատմամբ իրենց դժգոհութիւնները, Երեւանի իշխանութիւնները բացէ ի բաց սկսան քննադատել Ռուսիան։ Պէտք է նշել, որ հայրենի մամլոյ որոշ աղբիւրներու միջոցով սկսաւ նաեւ հակառուսական քարոզչական արշաւ մը, որուն մասին ռուսական կողմը աճապարեց խօսիլ եւ նշել նման քարոզչութեան մը վերաբերեալ Ռուսական իշխանութիւններուն դժգոհութիւնը։
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան եւ իշխող պատգամաւորական խմբակցութեան պատգամաւորներէն, նախկին փոխ նախարար Գագիկ Մելքոնեան մթնոլորտը առաւել լարեցին, երբ առաջինը Մարիա Զախարովան նախատեց՝ զայն «ինչ որ քարտուղարուհի մը» անուանելով, իսկ Մելքոնեան աւելի առաջ երթալով, յայտարարեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր յայտարարութիւններով եւ գործունէութեամբ կը ջանայ վնասներ պատճառել Հայաստանի։
Նման բարձր լարուածութեան բաւական մտահոգիչ մթնոլորտի մը մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան բացի Ռուսիոյ նախագահէն, հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ հաստատեց տարբեր երկիրներու նախագահներու հետ, որոնց ներկայացուց ստեղծուած իրավիճակին կապուած բացատրութիւններ եւ լուսաբանութիւններ։ Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն չհաստատելով, ան նաեւ կը յայտարարէր,որ օր մը պիտի նկատուի, թէ Ռուսիա Հարաւային Կովկասէն դուրս եկած է։ Նման յայտարարութիւն՝ ռազմավարական առանցքային գործընկերոջ հասցէին կատարուած, եղաւ լարուածութիւնը առաւել սրող կեցուածքներու եւ յայտարարութիւններու գագաթնակէտը։
Ապա պատահեցաւ նախատեսելին։ Գրեթէ նոյն օրերուն, երբ Ռուսիոյ կարմիր խաչը սնունդի փաթէթներ Աղտամի ճամբով Արցախ կ՛առաքէր եւ Աղտամ- Ստեփանակերտ ճանապարհին բացման ռուսական բանալի մը կը ներկայացնէր, թէ՛ Երեւանէն եւ թէ՛ Մոսկուայէն բարձրագոյն մակարդակի վրայ կը հաստատուէր, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ լուրջ եւ առանցքային հարցեր գոյութիւն չունին։
Ռուսիա անկասկած Հարաւային Կովկասի մէջ առանցքային եւ կեդրոնական դերակատարութիւն ունի եւ ռուսերը առիթ չեն փախցներ թէ գործով եւ թէ յայտարարութիւններով ասիկա ցոյց տալու համար։Այս իրողութիւնը ոչ կարելի է ուրանալ, ոչ ալ անտեսել։ Երբ հարցեր կը ծագին, Երեւանի իշխանութիւնները ունին ամբողջական ինքնիշխանութիւն ընտրանքներու եւ դիւանագիտական տարբեր առանցքներու վրայ գործելու։ Ասիկա անկախ պետութեան մը իշխանութիւններուն ամբողջական իրաւունքն է, որ կարելի չէ սակարկութեան նիւթի վերածել։ Միայն թէ նման ուղղութիւններու եւ գործելաձեւի պարագային, պէտք չէ մոռացութեան տալ խաղին կանոնները, օրէնքները եւ խաղցող կողմերուն կարելիութիւնները եւ ուժին տարողութիւնը։ Ռուսերը կեդրոնական դերակատարութիւն ունին եւ պիտի շարունակեն ունենալ Հարաւային Կովկասի մէջ։ Ասիկա բնաւ անտեսել եւ մոռնալ կարելի չէ։