«Արցախ. Անաւարտ Պատերազմ» Պատկերագիրքի Շնորհահանդէս

0 0
Read Time:1 Minute, 47 Second

ԵՐԵՒԱՆ․- Սեպտեմբեր 12-ին ժողովրդական արուեստներու թանգարանի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ արցախցի լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանի «Արցախ. անաւարտ պատերազմ» եռալեզու պատկերագիրքին շնորհահանդէսը, «Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ եւ Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ:

Դաւիթ Ղահրամանեան Արցախի 120 հազար արցախահայերուն հետ գտնուելով ձեռնարկին մէջ, ներկայ չկրցաւ գտնուիլ ձեռնարկին, ուստի իր կատարած կարեւոր գործին մասին պատմեցին հեղինակած լուսանկարները եւ անոնց վերաբերող տեսանիւթը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Համազգային»-ի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեան, որ պատմեց, թէ` ինչպէ՛ս ծագեցաւ պատկերագիրքի ստեղծման գաղափարը, եւ, թէ ի՛նչ առաքելութիւն պիտի ունենայ անիկա` մերօրեայ իրականութիւնը աշխարհին ներկայացնելու առումով: Աւագեան նշեց, որ պատկերագիրքը արդէն հասած է Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Աւստրալիա, Քուէյթ, Լիբանան, Կիպրոս եւ այլ երկիրներ, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակուի տարածուիլ Համազգայինի աշխարհասփիւռ գրասենեակներու միջոցով: «Այս պատկերագիրքին մէջ ցաւը շատ է, բայց չկայ լալկանութիւն, գիրքին համար գրուած ներածական խօսքիս մէջ ըսած եմ եւ կ՛ուզեմ նորէն շեշտել, որ այս գիրքը ապրելու մասին է, որովհետեւ մահուան հականիշը ապրիլն է, որովհետեւ անոնք նպատակադրած են սեփական հողի վրայ ազատ եւ արժանապատիւ ապրիլ, թէկուզ` գերութեան մէջ: Գերութիւնը յաւերժ չէ, եթէ կայ ազատութեան ձգտում», նշեց Հերմինէ Աւագեան: Ան աւելցուց, որ պատկերագիրքը բաղկացած է երեք մասերէ` «Անաւարտ պատերազմ», «Վերադարձ» եւ «Կեանքի ճանապարհ», ինչպէս նաեւ ներկայացուած է եռալեզու` հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն:

Օրհնութեան խօսք արտասանեց Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան, որ անհրաժեշտ նկատեց պատկերագիրքին ծնունդը իբրեւ վաւերագրութիւն եւ կարեւոր ըսելիք աշխարհին, օտարներուն:

«Համազգային»-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան իր խօսքին մէջ համոզմունք յայտնեց, որ պատկերագիրքը սթափութեան ազդակ պիտի դառնայ նախ մեզի` հայերուս, ապա աշխարհին համար:

Խօսքեր արտասանեցին նաեւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանը, պատկերագիրքի ձեւաւորող, լուսանկարիչ Զարեհ Շիրվանեանը, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային հիմնադրամի նախագահ Սպարտակ Ղարաբաղցեանը, լուսանկարիչ Նարեկ Ալեքսանեանը, երգչուհի Շուշան Պետրոսեանը, լուսանկարիչ Իննա Մխիթարեանը:

«Դիզակ արտ» կեդրոնի ուսուցչուհի Անուշ Ստեփանեանի կատարումով հնչեցին Արցախի «Հորովել»-ը եւ արցախեան օրօրոցայինը` երգի թեւով ներկաները տանելով Արցախ:

Շնորհահանդէսը ընթացաւ անմիջական ու ջերմ մթնոլորտի մէջ, որուն ընթացքին ցուցադրուեցան Դաւիթին վերջին լուսանկարներէն, որոնք պատմեցին Արցախի շրջափակման մասին: Հ. Աւագեան այդ լուսանկարները բնորոշեց ու վերնագրեց իբրեւ «Իրականութիւն», «Պայքար» եւ «Երազանք»: Արցախցի փոքրիկ տղուն ժպտացող աչքերով լուսանկարը կը խորհրդանշէ ամբողջ ժողովուրդին ապրելու երազանքը, հաւատքը, պատիւն ու արժանապատուութիւնը:

«Արցախ. անաւարտ պատերազմ» պատկերագիրքին շնորհահանդէսը աւարտեցաւ Շուշան Պետրոսեանի եւ Անուշ Ստեփանեանի «Աղէ արկանք» արցախեան երգի կատարումով:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles