Յարութ Սասունեան
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
Եւրոպայի Ռապպիներու կեդրոնը 50 պահպանողական Ռապպիներու ստորագրութեամբ 6 Սեպտեմբերին նամակ յղած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի՝ նշելով, որ Հայաստանի պաշտօնեաները իրաւունք չունին օգտագործելու «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը՝ Ատրպէյճանի կողմէ Դեկտեմբեր 2022էն ի վեր Լաչինի միջանցքի շրջափակումը նկարագրելու համար, որ պատճառ դարձած է 120 հազար արցախցիներու սովահարութեան։
Ռապպիները սխալմամբ պնդած են, որ «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը պէտք է օգտագործուի միայն հրէական Հոլոքոսթը նկարագրելու համար: Այս Ռապպիներուն տգիտութիւնը կը գերազանցէ միայն իրենց մեծամտութիւնը։ Անոնք ոչ միայն չեն գիտեր «ցեղասպանութիւն» եզրոյթին իրական իմաստը, այլեւ վնաս կը հասցնեն իրենց սեփական գործին՝ յայտարարելով, որ Հոլոքոսթը «եզակի» ըլլալուն համար մարդկային ուրիշ ողբերգութիւն մը չի կրնար համեմատիլ անոր հետ՝ այդպէսով իսկ զրկելով ուրիշները, որ Հոլոքոսթի զոհերուն նկատմամբ կարեկցանք ցուցաբերեն։ Հոլոքոսթը, որուն կրնան ցաւակցիլ այլ ժողովուրդներ՝ իբրեւ համընդհանուր աղէտ բնութագրելը կը բխի հրեաներուն շահերէն: Թէեւ բոլոր ցեղասպանութիւնները ունին նմանութիւններ, սակայն կան ակնյայտ տարբերութիւններ ժամանակի, տարողութեան եւ վայրի առումով: Այսուամենայնիւ, ցեղասպանութիւններու նմանութիւնները կը գերազանցեն տարբերութիւնները: Ոչ ոք պէտք է մենաշնորհ ունենայ մարդկային տառապանքներու վերաբերեալ։
Այս Ռապպիները կարծես թէ չեն գիտեր, որ համաձայն ՄԱԿ-ի «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին» համաձայնագիրին, ցեղասպանութիւնը, բացի բացայայտ զանգուածային սպանութիւններէ, կը ներառէ նաեւ «ոեւէ խումբի համար միտումնաւոր ստեղծում կեանքի այնպիսի պայմաններու, որոնք ուղղուած են անոր լրիւ կամ մասնակի ֆիզիքական ոչնչացման»։ Ասիկա նոյն բանն է, ինչ որ կ՛ընէ Ատրպէյճանը՝ սովի մատնելով 120 հազար արցախցիները՝ զանոնք զրկելով սնունդէ, դեղորայքէ եւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ առարկաներէ:
Նենգափոխող Ռապպիները յայտարարած են, որ «կեթթօ», «ցեղասպանութիւն» եւ «հոլոքոսթ» եզրոյթները «անտեղի են՝ քաղաքական որեւէ անհամաձայնութեան խօսոյթի մէջ օգտագործելու համար»: Ըստ ՄԱԿ-ի եւ Միջազգային քրէական դատարանի, նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյի՝ արցախահայութեան սովահարութիւնը կարելի է կոչել ո՛չ թէ «քաղաքական անհամաձայնութիւն», այլ՝ ցեղասպանութիւն։
Ռապպիները՝ շարունակելով ատրպէյճանամէտ քարոզչական նամակին մէջ տեղ գտած իրենց սխալներուն ու թիւրիմացութիւններուն շարքը, Հայաստանի ղեկավարներէն պահանջած են «բացայայտ եւ միանշանակ պարզաբանել, որ հայ ժողովուրդը կը ճանչնայ եւ կը յարգէ հրեայ ժողովուրդին կրած մարդկային սարսափելի տառապանքը» եւ դադրեցնել՝ «նուազագոյնի հասցնելով եւ նսեմացնելով հրեայ ժողովուրդին տառապանքներուն չափը՝ առաջ մղելու համար որեւէ քաղաքական շահ՝ հրեայ ժողովուրդի կրած հոլոքոսթին հետ կապուած արտայայտութիւններու անդադար օգտագործման միջոցով»:
Ռապպիները՝ Հայաստանի ղեկավարներուն Հոլոքոսթի մասին դասախօսութիւն կարդալու փոխարէն, իրենց նամակը պէտք է ուղղէին վարչապետ Բենիամին Նեթանեահուի, որ ժխտած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ ճնշում գործադրած Քնեսեթի վրայ՝ մերժելու համար զայն ճանչցող բանաձեւը։ Իսրայէլ պէտք է ըլլար Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող առաջին երկիրը, այլ ոչ թէ վերջինը։
Աւելին, այս Ռապպիները պէտք է բարոյական քաջութիւնը ունենային նամակ հրապարակելու՝ դատապարտելով Իսրայէլի կառավարութիւնը՝ մահաբեր զինամթերք տրամադրելուն համար, որով Ատրպէյճան 2020ին սպաննեց հազարաւոր հայ զինուորներ։
Անգարայի եւ Պաքուի մէջ, Ցեղասպանութիւնը ժխտողներուն սատարելու փոխարէն՝ այս Ռապպիները պէտք է իմանային, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ամէնէն յայտնի կողմնակիցները հրեաներն են՝ դոկտոր Իսրայէլ Չարնի (Երուսաղէմի Հոլոքոսթի եւ Ցեղասպանութեան հիմնարկի տնօրէն), փրոֆ. Եայիր Աուրոն (պատմաբան, Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած քանի մը գիրքերու հեղինակ), Ռաֆայէլ Լեմքին (որ ստեղծած է «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը), դեսպան Հենրի Մորկընթաու, Էլի Վիզէլ (Նոպելեան մրցանակակիր եւ Հոլոքոսթը վերապրած), Եոսի Պէյլի (Իսրայէլի արդարադատութեան նախարար) եւ Եոսի Սարիտ (Իսրայէլի կրթութեան նախարար):
Այն բանէն ետք, երբ նախագահ Ճօ Պայտըն 24 Ապրիլ 2021ին ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, թէ՛ Հակազրպարտութեան լիկան (ADL), թէ՛ Ամերիկեան հրէական կոմիտէն (AJC) աջակցեցան Պայտընի կողմէ ճանաչման: Ուաշինկթըն գտնուող Միացեալ Նահանգներու Հոլոքոսթի յիշատակի թանգարանը նոյնպէս յայտարարութիւն տարածած է 27 Ապրիլ 2021-ին՝ ողջունելով նախագահ Պայտընի որոշումը, որ հայ ժողովուրդին նկատմամբ ցեղասպանութիւն իրականացուած է։ Աւելին, Հրէական համաշխարհային գոնկրեսը նոյնպէս ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Առաւել, Հոլոքոսթի 126 մասնագէտներ 7 Մարտ 2000ին միացեալ յայտարարութիւն տարածած են՝ «հաստատելով Հայոց Ցեղասպանութեան անհերքելի փաստը»։ Անոնց շարքին էին փրոֆեսըրներ Եհուտա Պաուըր, Սթիւըն Ֆայնշտէյն, Իրվինկ Հորովից եւ Սթիւըն Քաց։
Այս Ռապպիները չեն դատապարտած Ատրպէյճանի նախկին փոխ վարչապետ եւ Պաքուի նախկին քաղաքապետ Հաճիպալա Ապութալիպովը, որ 2005ին Պաւարիայի մէջ (Գերմանիա) քաղաքապետարանի պատուիրակութեան հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է. «Մեր նպատակը հայերու լիակատար ոչնչացումն է։ Դո՛ւք, նացիներդ, արդէն ոչնչացուցած էք հրեաները 1930-40-ականներուն, այնպէս չէ՞: Դուք պէտք է հասկնաք մեզ»: Այդ մասին հաղորդած է «Realny Azerbaijan»ի իր հրապարակման մէջ, 17 Փետրուար 2006ին։
Քանի որ այս Ռապպիները կը կարծեն, որ միայն իրենք իրաւունք ունին օգտագործել «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը, արդեօք անոնք բողոք մը յղա՞ծ են իրենց սիրելի եղբայր Ալիեւին՝ կեղծ «Խոջալուի ցեղասպանութեան» մասին անոր բազմիցս յիշատակումներուն համար: Արդեօք երկակի չափանիշի ամօթալի օրինակ չէ՞ այս։
Ռապպիները պէտք է յիշէին 22 Օգոստոս 1939ին, Հիթլերի հնչեցուցած տխրահռչակ խօսքերը. «Ի վերջոյ, այսօր ո՞վ կը խօսի հայերու բնաջնջման մասին»։ Նկատելով, որ աշխարհը անտեսեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Հիթլեր քաջալերուեցաւ իրականացնելու Հոլոքոսթը:
Երուսաղէմէն Եարոն Վայս, որ Հոլոքոսթը վերապրածներու թոռնիկ է, գրած է. «Ես կը դատապարտեմ Ռապպիներու այդ խումբին կողմէ Հոլոքոսթի զոհերուն յիշատակի լկտի ինքնաիւրացումը»։ Եարոն նաեւ յիշեցուցած է Ռապպիներուն, որ «Ատրպէյճան կը մերժէ դատապարտել եւ ներողութիւն խնդրել Հոլոքոսթի ժամանակ ատրպէյճանական լեգէոնի զինուորներու կողմէ իրականացուած զանգուածային սպաննութիւններու համար»։
Այս Ռապպիները նոյնինքն իրե՛նք նսեմացուցած են Հոլոքոսթը՝ զայն գրելով փոքրատառով, մեծատառով գրելու փոխարէն:
Ես կոչ կ՛ընեմ այս Ռապպիներուն՝ ներողութիւն խնդրել իրենց նենգ եւ վիրաւորական նամակի, Ատրպէյճանի կողմէ հրահրուած զրպարտչական արշաւի համար, որուն իբրեւ արդիւնք անոնք կորսնցուցած են պարկեշտութեան եւ բարոյականութեան զգացումը։ Եթէ անոնց նամակը խրախուսէ Ատրպէյճանը՝ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ նոր վայրագութիւններ իրականացնելու առումով, ապա այս Ռապպիները կը նկատուին ատրպէյճանական յանցագործութիւններու մեղսակիցներ: