Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2009-ին, Ուաշինկթընի մէջ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի արտա-քին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ:
Սոյն հանդիպումը, որ նախատեսուած էր Երկուշաբթի, Մայիս 4-ին, մէկ օրով յետաձգուած էր, Քլինթընի անհանգստութեան պատճառով:
Հանդիպումէն առաջ, կատարուեցաւ մամլոյ կարճ ասուլիս մը, որուն ընթացքին, Քլինթըն շեշտեց թէ Սպիտակ Տունը մօտէն կը հետեւի Հարաւային Կովկասի անցուդարձերուն եւ ջանք կը թափէ որ հարցերն ու տագնապները լուծուին: Աւելին, Քլինթըն շեշտեց թէ Օպամայի ներկայ կառավարութիւնը պատրաստ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները ընդարձակելու: Նալպանտեան, իր կարգին խօսք առնելով, յայտնեց թէ Միացեալ Նահանգներ մօտէն կը հետեւի անցուդարձերուն եւ ամէն գնով կը փորձէ օժանդակել զանազան հարցերու առնչութեամբ, որոնց կարգին յատկապէս Թուրքիոյ հետ բնականոն յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացն ու Ար-ցախի հակամարտութեան խաղաղալուծումը:
Նշենք թէ Նալպանտեան, որ Մայիս 3-ին ժամանած էր Ուաշինկթըն, մերժած էր որեւէ հարցազրոյց ունենալ, հայ մամուլի (որոնց կարգին »Հայրենիք« եւ »Արմինիըն Ուիքլի«) ներկայացուցիչներուն հետ: Նախարար Նալպանտեան տեսակցեցաւ կարգ մը ամերիկահայ կազմակերպութիւններու հետ, որոնց կարգին էր »Արմինիըն ԱսԷմպլի«ի մէկ պատուիրակութիւնը: Հայ Դատի Կեդրոնական Յանձնախումբը հանդիպում չունեցաւ նախարարին հետ:
Մայիս 4-ին, Նալպանտեան տեսակցութիւններ ունեցաւ քոնկրէսականներ Ֆրէնք Փալոնի (Դեմոկրատական, Նիւ Ճըրզի), Մարք Քըրքի (Հանրապետական, Քալիֆորնիա), Անն Իշույի (Դ.- Քալիֆորնիա), Սքաթ Կարէթի (Հ.- Նիւ Ճըրզի) եւ Սթիւ Ռոթմընի (Հ.- Նիւ Ճըրզի) հետ: Անոնց առաջարկին վրայ, ան կարգ մը բացատրութիւններ տուաւ, ցարդ անյայտ ու անյստակ »ճամբու քարտէս«ին մասին:
Read Time:1 Minute, 5 Second