ԽԱՒԱՐ ՈՒ ՄՈՒԹ… ՃԱՄԲՈՒ ՔԱՐՏԷՍ ՄԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 16 Second

Ցարդ անյայտ կը մնայ այս խորհրդաւոր ճամբու քարտէսը, որուն ազդանշանը տրուած էր Ապրիլ 22, 2009-ին Զուիցերիոյ մէկ դռնփակ սրահներէն մէկուն մէջ: Սակայն արդէն իսկ մութ ու գորշ ամպեր ծածկած կը թուին ըլլալ այս ճամբան…վերածելով անծայրածիր փապուղիի մը:
Անցուդարձերուն հետեւողները կրնան շուտով եզրակացնել Թրքական քաղաքականութեան կիրարկած ոճը, որն է.-  Եւրոպական Միութեան լիիրաւ անդամակցութեան հասնիլ…Ցեղասպանութեան հարցը մէկդի դնելով ու աւելին՝ թաղելով: Եւ դեռ Հայաստանի անդամակցութեան ամէն հեռանկար վեթոյի ենթարկել, կամ  սպառնալի-քով Հայաստանէն պահանջել անընդունելի զիջումներ, որոնք կ°ընդգրկեն Եղեռնի հարցի վերջնական մոռացում, Արցախէն ներս միջամտութիւններ, եւայլն:
Ազգային-պետական շահերը հարուածող այս դիրքորոշումներն են, որոնք կը մտահոգեն հայորդին, ամէնուրէք: Դեռ աւելին, խոր թափանցելով կարելի է երեւան հանել թէ յստակօրէն բաժնուած են մէկ կողմէն պետական, իսկ միւս կողմէն ազգային շահերու հասկացողութիւնը:
Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը յստակօրէն հետեւած էր անցուդարձերուն եւ այս ստեղծուած գահավէժ կացութեան տակ արձակած էր դահլիճէն հրաժարելու վճիռը: Հետեւաբար զարմանալի չէր Հայաստանի Գերագոյն մարմնի այդ հրաժարման   յայտարարութիւնը: Որոշումը արտացոլացումն էր Հ.Յ. Դաշնակցութեան ծրագրային եւ գաղափարախօսական առանցքին:
Հոս տեղին է կրկնել թէ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը անվտանգութեան երաշխիքի խնդիր է: Թէ° Հայաստանի իշխանութիւններ եւ թէ° Սփիւռք, միակամօրէն առանց ամէնադոյզն երկմտանքի, պէտք է որ պայմանաւորեն հայ-թրքական յարաբե-րութիւններու բնականոնացումը, այդ ալ միայն ու միայն Ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք:
Պատահածը յստակ է: Անգարայի պետական քաղաքականութեան նպատակն է  հայութեան հետ կատարել ամբողջական եւ բազմամակարդակ առճակատում մը, որուն պտուղն է դիւանագիտական ճնշումներու եւ լոպիինկի հետեւողական աշխատանքի արդիւնք՝ հաշտութեան առաջարկներն ու սոյն ճամբու քարտէսը, որ  ոչ մէկ նախան-շան կու տայ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցի առնչութեամբ:
Հարցը համահայկական առաջնահերթ խնդիր է եւ իր տարողութեամբ համազգային բարդ հարց…ահազանգային իրավիճակ:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles