Առաջին Պատկերդ Եւ Վերջինը. Գարլոս Սեֆերեանի Յիշատակին

0 0
Read Time:39 Second

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Առաջինը Արժանթինի Էսէյսայի օդանաւակայանն էր, ուր եկած էիք ինծի առնելու:

— Դո ՞ւն ես Խաչիկը:
— …
— Բարի եկար, ես Գարլոս Սեֆերեանն եմ, ինքը՝ Ռուբէնն է, Գոճայեան:

Առաջին հայերէն բառերն էին այն ժամանակ ինծի համար բոլորովին անծանօթ այս տարածաշրջանի, հայաշխարհի հարաւային ծայրամասի այս երկրի սահմանէն ներս, տարբեր հնչիւնով, բայց այնքա՛ն հարազատ:

Վերջին պատկերդ Պուէնոս Այրէսի Իտալական Հիւանդանոցին մէջն էր, ընդունարանի պաշտօնեային ձեռագրով թուղթի կտորի մը վրայ արձանագրուած թիւ 417 սենեակին մէջ: Եւ յիշեցինք, վերջին անգամ ըլլալով, մեր առաջին հանդիպումը, առաջին պատկերը…

Այդ երկու պատկերներուն միջեւ հիմա այլեւս երեսուն վեց տարիներու յիշատակներն են հոս, հոն, միւս տեղը, աւելի հեռու, հեռախօսով, պաստառին վրայ… ամէն տեղ ուր եղար, չկաս, եւ մնացիր ընդմիշտ այն վայրը ուր պիտի շարունակենք զրուցել, թէեւ լուռ, թէեւ միայն ես եւ դուն:

Վարձքդ կատար ընկեր, յիշատակդ անթառամ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles