Յարգանքի Տուրք` Արթուր Մկրտչեանի Շիրիմին

0 0
Read Time:35 Second


Օգոստոս 7-ին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նորընտիր նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը Ազգային ժողովի նախկին նախագահներ Գէորգի Պետրոսեանի, Աշոտ Ղուլեանի, Արթուր Թովմասեանի եւ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած խմբակցութիւններու ղեկավարներու ուղեկցութեամբ յարգանքի տուրք մատուցած է Արցախի Հանրապետութեան առաջին գումարման Գերագոյն խորհուրդի նախագահ Արթուր Մկրտչեանի շիրիմին:

«Անկախ Արցախի պետականութեան կերտման առաջին իսկ օրերէն, շնորհիւ իմ կուսակցական ընկեր Արթուր Մկրտչեանի, հիմք դրուած է բարոյականութեան սկզբունքներու վրայ հիմնուած քաղաքականութեամբ պետականութիւն կերտելուն: Արցախի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնը զբաղեցնելու առաջարկը եւ քաղաքական գործընկերներու յորդորը ստանալէ ետք, առաջին հերթին նոյնինքն այդ մտատանջութեամբ տառապած եմ, թէ արդեօք պիտի կարենա՞մ պահպանել Արթուր Մկրտչեանի սահմանած բարոյական արժէքներու նշաձողը», նոյն օրը գումարուած Ազգային ժողովի արտահերթ նստաշրջանին ունեցած ելոյթի ընթացքին յայտնեց Դաւիթ Իշխանեան:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles