ՆՈՐ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԵՄ ԱՐՑԱԽԸ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ՆՈՐ ՍԱՍՈՒՆՑԻ ԴԱՒԻԹՆԵՐՈՒ ԵՒ ՄՀԵՐՆԵՐՈՒ

0 0
Read Time:5 Minute, 22 Second

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

6 Օգոստոս 2023

Շաբաթներէ, ամիսներէ ի վեր, հայկական աշխարհի չորս ծագերէն ահազանգ ահազանգի ետեւէ կը հնչէ, թէ Ատրպէյճան, իր Թուրքիա-յենարանին կռթնած, կը պատրաստուի Արցախը հայաթափելու, Ցեղասպանութեան նորագոյն արարը իրականացնելու:

Հայկական շեփորներէ հնչող կոչերը համապատասխան արձագանգ կը գտնեն միջազգային այս կամ այն ոլորտին մէջ. Լաչինի ճամբուն վերաբացման կոչերը իրարու կը յաջորդեն, Լա Հէյի միջազգային ատեանէն եւ այլ բեմերէ դրուած պահանջները կը կրկնուին ու կը կրկնուին աւրուած ձայնապնակի պէս, եւ սակայն, ո՛չ մէկ դրական շարժում: Մինչեւ իսկ Լաչինի ճամբան այլանդակ զբօսաշրջութեան թիրախի վերածած օտար դիւանագէտները կը նախընտրեն մնալ պարզ հանդիսատես, անոնց խօսքերը կը մատնեն իրենց երկիրներու վարչախումբերուն կամաւոր անճրկումը…

Ալիեւ ճակատաբաց կը յոխորտայ, թէ պատերազմի ճամբով յաղթանակ ապահոված է, մարտահրաւէր կ’ուղղէ Արցախի հայութեան, որ պէտք է ընդունի դառնալ Ատրպէյճանի հպատակ, այլապէս, թող ազատ զգայ հեռանալու հազարամեակներու իր հայրենիքէն: Հայաստանի ղեկին բազմածներն ալ, իրենց պոսին առաջնորդութեամբ, կրկին ու կրկին կը հաստատեն, թէ Արցախի մէջ նոր ցեղասպանութիւն կը պատրաստուի, սակայն ծանօթ չորքոտանիին յամառութեամբ կը վերահաստատեն ամէն տեսակի երեւակայութենէ դուրս ինկած՝ խաղաղութեան ճամբուն իրենց հաւատարմութիւնը: Ո՛չ իրենք, ո՛չ ալ իրենց հետեւորդներն ու զիրենք պաշտողները ցանկութիւն կը ցուցաբերեն տեսնելու, որ իրենց որդեգրած ճամբան առ նուազն երեք տարիէ ի վեր երկիրն ու ազգը անկումէ անկում տարած է, իւրաքանչիւր օր նոր հանգրուան մը կը կերտէ կորուստներու ճամբուն…

***

Ամէն մարդ՝ իշխանաւոր թէ ընդդիմադիր, կը խօսի օրհասական վիճակին, Արցախի մէջ նոր ցեղասպանութեան մը պատրաստութեան մասին: Ահազանգերը այնքա՛ն ուժգին կը հնչեն, որ մինչեւ իսկ խլացուցած են ու խափանած՝ ահազանգողներուն լսողութիւնն ու տեսողութիւնը:

ՀԱՅԵ՛Ր, ՈՒ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐՈՎ Ի՛ՍԿԱՊԷՍ ՄՏԱՀՈԳՆԵՐ. ՆՈՐ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ՉԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻՐ, ԱՅԼ ԱՆԻԿԱ ԱՐԴԷՆ ԸՆԹԱՑՔ ԱՌԱԾ Է: Բանանք մեր աչքերը եւ տեսնենք, թէ ինչ որ տեղի կ’ունենայ Արցախի մէջ՝ ՆՈՅՆԻՆՔՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ Է: Այլապէս, ի՞նչ կարելի է կոչել՝

  • Արցախի շուրջ 8 ամիսներու՝ հեղձամահութիւն պատճառող պաշարումը,
  • Արցախցի շուրջ 120 000 բնակիչներու սովամահութեան դուռ հասցնելը,
  • Հացի հերթի սպասող մանուկներու եւ տարեցներու ուշագնացութիւնը,
  • Հացի ետեւէն գացած մօր մը ողբերգութիւնը, երբ տուն դարձին զաւակները մահացած կը գտնէ,
  • Բժշկական խնամքի կարօտները դեղ-դարմանէ զրկելը,
  • Կարմիր խաչի ինքնաշարժներէն հիւանդներ առեւանգելը,
  • Սահմանամերձ գիւղերու եւ արօտավայրերու օր-աւուր ռմբակոծումն ու կրակոցներով թիրախաւորումը… (Պէտք կա՞յ շարունակելու):

…Կար ժամանակ, երբ հայ գեղջուկն իսկ գիտէր, թէ «օտարէն մեզ ֆայտա չկայ», ուրեմն կ’երգէր. «Ելի՛ր, սազէ՛ քո թիւֆէնկ»: Խրիմեան Հայրիկի խօսքերուն ականջալուր հայ գեղջուկը կրնա՞ր մտածել, որ պիտի գայ օր՝ երբ հայը պիտի տեսնէ, թէ իր սեփական պետական համակարգէ՛ն ալ ֆայտա չկայ, որովհետեւ այդ համակարգը դարձած է թշնամիին կամակատարը, լծակիցն ու գործակիցը, կան հայեր՝ որոնք կամաւոր կուրութեան մատնած են իրենք զիրենք, կը շարունակեն հաւատալ իշխանաւորին խայտաբղետ սուտերուն, որոնք արդէն նսեմացուցած են Միացեալ Նահանգներու նախորդ նախագահին՝ տխրահռչակ Տանըլտ Թրամփի ու նմաններու սուտերու շարանը (Թրամփի սուտերուն հետեւանքով, ամերիկեան հողեր չկորսուեցան). փաշինեանական սուտեր՝ որոնք զինք ու կողքին քալողները արդարօրէն կը դասեն հեքիաթի սուտասան հերոսին՝ Փինոքիոյի ժառանգորդներու ցանկին…

***

Կ’արժէ, որ իւրաքանչիւր հայ այս օրերուն անգամ մը եւս կարդայ մեր նշանաւոր դիւցազներգութիւնը, գոնէ անոր՝ Սասունցի Դաւիթի մասին պատմող էջերը, տեսնելու՝ որ այսօր, Արցախի փրկութեան համար Սասունցի Դաւիթին եւ անոր ժառանգորդին՝ Փոքր Մհերին պէտք ունինք, մեր ահազանգերը պէտք է հասցնենք Փոքր Մհերին բանտուած քարայրին դուռը:

Ինչո՞ւ կ’ընենք այս համեմատութիւնը: Արձանագրենք միայն մէկ քանի դրուագ:

Ա. Մանուկ Դաւիթին կը պարտադրեն անցնիլ Մսրայ Մելիքի սուրին տակէն, որպէսզի երբ մեծնայ, չհամարձակի անոր դէմ ըմբոստանալ: Դաւիթ կը մերժէ հպատակիլ, դիմադրելու պահուն, մատը կայծքարի մը կը զարնուի եւ անկէ կայծ կը թռի, ահ ու սարսափի մատնելով Մսրայ Մելիքը: ԱՅՍՕՐ, Ալիեւն է Մսրայ Մելիքնի դերը կատարողը: Փակած է Բերձորի ճամբան, կ’ուզէ արցախցիին պարտադրել, որ անցնի իր սուրին տակէն, ընդունի օգնութիւն ստանալ Աղտամի ճամբով, դառնալ Ատրպէյճանի հպատակ (դիտաւորութեանց մնացեալ բաժինները՝ մինչեւ Սիւնիք ու Երեւան՝, ծանօթ են, հակառակ իր «բարեմի՜տ» խոստումներուն): Արցախցին կը մերժէ անցնիլ Ալիեւի սուրին տակէն, կը մերժէ Երեւանի իշխանաւորներուն ազգուրաց յորդորները: Երեւանի կամակատարներն իսկ յայտնապէս կը նախընտրեն անսալ ժողովուրդի խրոխտ ու անընկճելի կամքին:

Բ. Դաւիթ կը փրկուի Մսրայ Մելքի պալատէն ու կը հասնի Սասուն: Ատեն մը ետք, Մսրայ Մելիքը զօրք կը ղրկէ ու կ’աւերէ Մարութայ Սարի եկեղեցին (որ վերանորոգուած էր Դաւիթի ջանքերով), կը ջարդէն վանականները: Դաւիթ կը հալածէ աւերողները, կը ջարդէ բոլոր զինուորները եւ միայն հրամանատարը ազատ կը ձգէ, որպէսզի երթայ եւ իր Մելիքին պատմէ եղածը: ԱՅՍՕՐ, Ալիեւի բանակները բռնագրաւած են հայկական մշակոյթի Մարութա-սարերէն՝ Շուշին, աւերած է ու կ’այլափոխէ հայկական դարաւոր եկեղեցիներ եւ կոթողներ…

Գ. Մսրայ Մելիքը, զայրացած՝ Դաւիթի յանդգնութենէն, զօրք ու պատգամաւորներ կը ղրկէ Սասուն, որպէսզի գանձեն եօթը տարուան յետնեալ տուրքերը, կիներ եւ աղջիկներ բերեն իբրեւ ստրուկ-աշխատաւոր ու հարեմի բնակիչ, անհաշուելի աւար ձեռք բերեն: Երբ Մելիքի գլխաւոր գործակատարը՝ Կոզբադին, Բանինի, Սիւդինի ու Չարխադինի հետ Սասուն կը հասնի եւ պահանջը կը դնէ Դաւիթի վախկոտ հօրեղբայրներուն՝ Ձենով Օհանին եւ Վերգոյին, անոնք Դաւիթը դաւադրաբար որսի կը ղրկեն, որպէսզի իրենք ստրկամտաբար կատարեն Կոսբադինի պահանջները: Աւարի ու գերեվարութեան գործադրութիւնը կը սկսի, սակայն Դաւիթ վրայ կը հասնի, կը փրկէ արգելարանները դրուած կիները, աւար տարուելիք արջառը, կ’ելլէ Կոսպադինի դէմ, անոր շրթունքը կը կտրէ ու ակռաները ճակատին շարելով՝ կը ղրկէ Մելիքին: (Մեր պատմութեան մէկ այլ հերոսն ալ՝ Արամ Նահապետը, իր քաղաքի պարիսպի պատին վրայ ճակատէն գամած է թշնամի Նիւքարը): ԱՅՍՕՐ, Ալիեւ-Մելիքին կողքին շարուած են նոր Բադիններ, Կոսբադիններ, Սիւդիններ ու Ջարխադիններ: Անոնք կը կոչուին Շարլ Միշէլ, Պորէլ եւ մասամբ նորին: Արցախն ու անոր հետ ամբողջ հայութիւնը «Ո՛Չ» կ’ընեն անոնց պահանջներուն, բարեմի՜տ յորդորներուն, հայութիւնը ստորնացնող, Արցախը ստրկութեան առաջնորդող «լուծումի տարազներ»ուն:

Դ. Դաւիթի եւ Մսրայ Մելիքի վերջին ճակատումին ելքը ծանօթ է բոլորիս:

***

Այս տողերը կարդացողը, մանաւանդ անոնք՝ որոնք տարուած են փաշինեանական ստրկամտութեամբ, եւ պարտուողականութենէ այլ ընտրանք չեն փնտռեր-տեսներ, վստահաբար պիտի ըսեն, որ Սասունցի Դաւիթին, նախահայրերուն ու ժառանգորդին մասին պատմութիւնները անիրական են, դիւցազնավէպ, երեւակայական հերոսապատում: Այսօր, պատերազմը կոտրած է մեր ողնայարը, զրկուած ենք տարրական սուրերէ (իսկ թէ ինպէ՞ս եւ ինչո՞ւ հասանք հոս…):

Սակայն ո՞վ կը ժպրհի մտածել, որ Դաւիթը մէկ հարազատ ծնունդը չէ Հայ ժողովուրդի կամքին, պայքարի ոգիին, հաւատարիմ ժառանգորդը՝ Հայկին, Արամին, ու մեր պատմութեան յաղթարշաւը կերտողներուն, սակայն ո՛չ երբեք՝ պարտութիւն եւ անկում բերողներուն, դաւաճաններուն ու դաւադիրներուն: Ո՞վ չի գիտեր, որ Սարդարապատէն առաջ եւ ետք, մինչեւ Հայկական Նեմեսիս, մինչեւ Արցախեան բազմահանգրուան յաղթանակներ՝ հայը իր մէջ ուժգնօրէն զգացած է սասունցի դիւցազններուն պահանջատիրական ոգին, հայրենիքը սեփական բազուկով պաշտպանելու կամքը: Դիւցազնավէպին մէջ, Սասունի հերոսները ունէին Թուր Կէծակին: Յաջորդ դարերու հերոսները ստեղծեցին օրուան պայմաններէն ծնած համեստ բայց հատու նոր սուրեր՝ ընդդէմ եաթաղանին ու թրքական ծանր, գերակռող զէնքերուն:

Այսօ՛ր ալ, մեր դիւցազնավէպերուն հետեւողութեամբ հերոսապատումներ կ’արձանագրուին Արցախի ու Հայաստանի մէջ: Թուրք-ազերիին «պայրաքտար»ներուն եւ ֆոսֆորային, տարանջատուող ռումբերուն դէմ, հայը պիտի վերագտնէ համապատասխան՝ նոր թուր-կէծակիներ: Զանոնք գործի լծողները ո՛չ թէ մերօրեայ Ձենով Օհաններն ու Վերգոները պիտի ըլլան, այլ Դաւիթի ու Մհերներու հայրենասիրութեամբ տոգորուած սերունդները: Անոնք բանիւ եւ գործով իրարու պիտի արձագանգեն Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքեան ափեր, որպէսզի «նոր ցեղասպանութիւն պիտի ըլլայ»ի ահազանգերը վերջ գտնեն, հայը իր շոգեկառքը վերադարձնէ արդար պահանջներու կենսագործման ուղիին:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles