Դաւիթ Իշխանեան Ընտրուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահ

0 0
Read Time:50 Second

Օգոստոս 7-ին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն նախաձեռնութեամբ գումարուեցաւ արտահերթ նստաշրջան՝ Ազգային Ժողովի նախագահի ընտրութեան օրակարգով։

Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալ Գագիկ Բաղունցը շնորհակալութիւն յայտնեց Արթուր Թովմասեանին՝ խորհրդարանական աշխոյժ գործունէութեան, վերջին տարիներուն Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնի բերումով կատարած աշխատանքներուն համար։ Ազգային Ժողովի նախագահի թափուր պաշտօնին համար «Ազատ հայրենիք-ՔՄԴ» խմբակցութեան կողմէ առաջադրուած էր «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր, Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեանի թեկնածութիւնը։

Հիմնաւորելով առաջադրուած թեկնածութիւնը՝ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան կարեւորութեամբ նշեցԴաւիթ Իշխանեանի անցած մարտական ու քաղաքական ուղին։ «Ազատ հայրենիք-ՔՄԴ» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Յարութիւնեան ներկայացուց թեկնածուին կենսագրական տուեալները։

Ելոյթ ունենալով ներկաներուն դիմաց՝ Դաւիթ Իշխանեան շնորհակալութիւն յայտնեցայս վճռորոշ պահուն պատասխանատու պաշտօնը իրեն վստահելուն համար։

«Պայքարի ոգին այսօր կը թեւածէ Արցախի մէջ: Արցախի մէջ բնակող իւրաքանչիւր անհատ՝ դպրոցական մանուկէն մինչեւ զառամեալ ծերունի, դիմադրութիւն ցուցաբերելով թշնամիին օրէ օր սաստկացող ճնշումներուն, կը կարենայ պահպանել իր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, հայրերուն եւ պապերուն կերտած պետութիւնը»,- իր խօսքին մէջ նշեց Իշխանեան։

Կայացած գաղտնի քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք՝ 22 կողմ, 9 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահ ընտրուեցաւ Դաւիթ Իշխանեան։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles