Մենք եւ  Մեր «Ցի»-երը

0 0
Read Time:4 Minute, 17 Second

Գէորգ Պետիկեան 

-«էսքիւզ սըր. եու արմէնիըն»,- յանկարծ լսեցի աջ կողմէս տարեց մէկու մը ձայնը, երբ հսկայ վաճառատուն-դեղարանէ մը ներս շարքի կեցած էի, բժիշկիս յանձնարարած նոր դեղերս վերցնելու համար:

Մարգարէ ըլլալու պէտք չկար: Խօսակիցիս անգլերէնով արտասանած բառերու հնչիւնէն գիտցայ, որ հայ մըն էր:

-Այո՛, հայ եմ,- ըսի հանդարտ եւ աւելցուցի,- ի՞նչ կ’ուզե՛ս հայրիկ. ինչպէ՞ս օգնեմ:

-Հա՞,- զարմացած ու նոյնքան ալ ապշած երեսս նայեցաւ եւ առանց նախաբանի յայտնեց իր հարցը: Երկու երեք դեղագիրներ ունէր ձեռքին եւ կ’ուզէր գիտնալ, թէ ո՞րն էր իրը:  Նայեցայ: Երկուքը իր կնոջ անունով էին, իսկ մէկը միայն՝ իր: Բացատրեցի: Կարծես հանգստացաւ: Խորունկ շունչ մըն ալ քաշեց եւ աւելի մօտենալով ու մտերիմ հարցուց, թէ ես «ո՞ր տեղացի» էի:

Միամտօրէն կարծեցի, թէ կ’ուզէր գիտնալ պապենական ինքնութեանս մասին ու արագ մը ըսի.

-Խարբերդցի:

Երեսս նայեցաւ: Այնպէս կ’երեւէր, թէ գոհ չէր պատասխանէս:

-Չէ՛, չէ՛, ո՞ր տեղից ես…, լիպնանցի՞ ես, թէ պաղտատցի,- շարունակեց երկար- բարակ «ցի»երու անուններ տալով եւ մտահոգ ձայնով:

Բայց այս բոլորը իր հարցին հետ ի՞նչ կապ ունէին, կը մտածէի: Տեսակ մը սովորութի՞ւն, թէ ոչ՛ հետաքրքրութիւն: Անիմատ հարցում: Չեմ գիտեր: Շատ յստակ ու հասկնալի էր, որ մարդը կ’ուզէր, գիտնալ, թէ ես ո՞ր երկրէն եկած եմ: Ո՞ր երկրի տեղացի էի: Հիմա զինք հետաքրքրողը կամ «մտահոգողը», իր դեղերէն աւելի, իմ «ուրտեղէն» ըլլալս էր, կ’երեւի:

Վայրկեանին զգացի, որ մտովի ես ինծի հարցեր սկսած էի տալ։ Կարծես մէջս ունէի մտքերու պատկերաւոր ժխոր։ Մօտ վեց եօթ տասնամեակներ առաջ, նոյնիսկ ծնած օրէս ի վեր, ծննդավայրէս ներս, իբրեւ հայ ճանչցուած էի տեղացի թաղեցի-ներուս մօտ։ Երբեք չէի լսած, որ ես հալէպցի կամ սուրիացի էի։ Պարզապէս հայ։ Եւ թէ կ՚ուզէք, մեր եւ հազարաւոր հայորդիներու պետական տոմարին եւ անձնաթուղ-թերուն մէջ «էրման ղատիմ» հին հայ՛ արձանագրուած էր:

Բայց, ի՜նչ մեղքս պահեմ, այդ օրերուն մեր ակումբէն, մեր դպրոցէն կամ եկեղեցիէն ներս, մենք մեր գիտցած ուրիշ «հայերն» էինք միայն։ Այսինքն, կամ խարբերդցիսասունցի, կամ քիլիսցիտիգրանակերտցի ու այնթէպցի եւ տակաւին ուրֆացի, սանճակցի կամ պոլսեցի ճանչցուած։

Այսչափ պարզ եւ նոյնքան ալ բարդ։ Մեր գիտցած հայը չէինք։ Ապա, երբ այս Ամերիկա կոչուած «աւետեաց» երկիրը հաստատուեցանք, չեմ գիտեր ո՞վ եւ ինչպէ՞ս մեր ճակտին դրօշմեց «ամերիկահայ» մակդիրը։ Այդ նախկին մեր ունեցած եւ կամ որակուած «ցի»երը մոռցանք։

Կը զարմանայի։ Սեւամորթ ամերիկացին հպարտութեամբ ինքզինք եւ ամէն առիթով եւ ամէն տեղ կրնար ճակատաբաց բացայայտել կամ ներկայանալ իբրեւ «աֆրիքըն ամերիքըն». իսկ մենք…։  Անոր համար ես հիմա չեմ գիտեր, թէ ամերիկահայ եմ, թէ ոչ՛ ամերիկաբնակ հայ, կամ սփիւռքահայ եմ կամ «սփիւռքիստանցի»։ Աստուած իմ, այս ի~նչ անուններ էին։ Շինծու մակդիրներ։ Ինքնութիւնդ բացայայտելու տարօրինակ ձեւեր եւ որդեգրումներ։ Յաճախ կը սարսափիս։

Կարծես այս ընթացքովս կամաց կամաց ես ալ սկսած եմ նաեւ տարակուսիլ նոյնիսկ ես իմ մասիս։ Որո՞ւ կ՚ուզենք պատկանիլ կը մտածեմ։ Մտահոգիչ հարցում։ Ահա՛ քեզի սփիւռքեան խորթութիւն։ Բայց ո՞վ պիտի կարենայ զայն հարթել։

Անգամի մը համար կ՚արժէ սփիւռքի քարտէզին վրայ աչք մը նետել, տեսնելու համար մեր ողբերգութիւնը։

Ի՞նչ ձեւով կրնանք իրագործել մեր պատմական ճակատագիրը։ Ինչպէ՞ս մեր պատրանքը տարանջատել իրականութենէն։ Յստակ է, թէ արդէն մեր մօտ Ամերիկան իր կաթսային մէջ ձուլած է մարդկային բոլոր հոսանքները։ Աւելին՝ նորութիւն մը չէ, որ Ամերիկայի մէջ կը հանդիպիս զարմանալի բաներու։ Հապա՞ մենք…։ Մեր այս գիտցած Ամերիկան, իր թեւերուն տակ առած է մեր համրանքը։ Տեսանելի է արդէն։ Նոյնիսկ կարգ մը նահագներէ ներս հայ աւանդութները նոր ձեւ ստացած են։ Կարծես զանազան եւ բազմազան քամիներուն անձնատուր եղած ըլլան։ Գունաթափուած։

Իրականութիւն է, որ հոս, այս հսկայ Քալիֆորնիոյ մեր հայահոծ պզտիկ քաղաքէն ներս, միշտ կը լսուի պաղտատցի, թեհրանցի, լիպնանցի, պոլսեցի, սիրիացի եւ կամ երեւանցի…։ Այս «ցի»-երը արդէն փակցուած է մեր ճակտին, իբրեւ անձնաթուղթ։ Մենք ենք, որ փակցուցած ենք, ո՛չ թէ օտարը կամ տեղացին: Հոս օտարին համար որո՞ւ հոգը թէ դո՛ւն ուրկէ ես: Հո՛ս Ամերիկա է. եւ վերջ: Մեծ խառնարան եւ հսկայ ձուլարան:

Բայց նաեւ իրականութիւն է, որ ո՛չ մէկս միւսին կը ներկայանանք հայ անունով։ Ի՞նչ է տարբերութիւնը…չեմ հասկցած։ Պարզապէս մտայնութիւն։ Արդեօ՞ք պարզ բազմութիւն մըն ենք, որ չեմ գիտեր ի՞նչ կը փնտռէ։

Արդ, ըսէ՛ք.- Ինչպէ՞ս հաշտուիլ դարերու այս յստակ իրականութեան հետ։ Արդեօ՞ք աշխարհը շրջուած է, թէ ո՛չ մենք…։

***

Յուսախաբ եւ յաճախ ալ այս մասին տխրութեամբ կը մտածեմ։ Երբեմն նման զգացումները կը խեղդուին կուրծքիս տակ։ Ամէն տեղ ունինք նոյն տեսլականը։ Բարդ ընթացք։ Կարծես հայու կեանքը հոսած է իր եզերքներէն դուրս։ Կեանքը չար է։ Էական է, ականջ տալ մեր արմատներու ձայնին։ Մոռնալ բոլոր «ցի»-երը։ Մնալ մէկ էութեան մէջ։ Ազգային եւ քաղաքական պայքարի բանալին մեր մօտն է։ Հայը հայ տեսնել իր բարոյական ազգային բոլոր նախաձեռնութեամբ, առանց սակարկելու մեր համակրանքը:

Չմոռնանք, որ բոլորս ալ երգեցինք որքան հայրենինքին, նոյնքան ալ մեր նոր «հայրենիքներուն» մէջ։ Ուստի ժամանակն է փոխանցել ազգի մը պատկանե-լիութեան հպարտութիւնը: Ծովն ու ովկիանոսը կտրեցինք ու կը փորձենք մեր հայու դիմագիծը պահել այս նոր հողին վրայ։ Այնպէս կ՚երեւի կարծես Ամերիկայի նահանգներու մէջ հազարաւոր հայորդիներ միայն կը կը ծփան։ Ապշեցուցիչ երեւոյթ մը, որ նոյնքան կը խանգարէ ազգային մեր գիտակցութիւնը։ Ո՞վ պիտի կարենայ շտկել, փոխել այս երեւոյթը: Ե՞րբ…:

Վիպական ենք, յաճախ ալ անհեռատես եւ երբեմն ալ միամիտ։ Պարտուած ենք եւ կը հեւանք ու ամէն օր կը սպասենք, առանց անդրադառնալու, որ հայուն մնայուն լաստը իր հայրենքն է իսկ մեր հոգեկան աւանդը, վերջ ի վերջոյ Արարատն է։ Ու այս մէկուն իրագործումը կախուած է մեր մտածելակերպէն, մեր որոշումէն եւ մեր գործելակերպերէն։ Բայց ո՞վ է լսողը։

 

 

bedig43@aol.com

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles