«ԱՅՍ ՎԱՐՈՒԵԼԱԿԵՐՊԸ ՀԱՅՐԵՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ ՁԱԽՈՂ ՔԱՅԼ ՄԸՆ Է, ԻՍԿ ՀԱՅՐԵՆԻՔՍ ՍՈՒՐԲ Է», «ՀԱՅՐԵՆԻՔ»-ԻՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԱՐԵՆԻ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ

1 0
Read Time:9 Minute, 2 Second

Հ. Յ. Դաշնակցութեան Արեւելեան Ամերիկայի Երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արենի Մարկոսեանը Հայաստան մուտք գործելու իրաւունքէն զրկելու որոշումին լոյսին տակ, «Հայրենիք» հարցազրոյց մը ունեցաւ Արենի Մարկոսեանի հետ լուսաբանելու համար անոր հետ ճիշդ պատահածը, իմանալու այն դրդապատճառները, որոնք մղած են զայն հայրենիք մուտք գործելէ զրկելու որոշումին, ինչպէս նաեւ իր զգացումներն ու մտածումները այդ կացութեան դիմաց ու ապագային ծաւալելիք գործունէութեան մասին։ 

 

Հ.- Երեքշաբթի, 1 Օգոստոս 2023-ը կեանքիդ մէջ շրջադարձային եղաւ։ Ի՞նչ պատահեցաւ այդ օրը։

Պ.- Երեքշաբթի, 1 Օգոստոս 2023-ին կէսօրէ առաջ ժամը 11։00-ին հասայ Երեւան։ «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ մօտեցայ անցագիրի ստուգման տաղավարին եւ անդրադարձայ, որ անցագիրս (ամերիկեան) ստուգելու ընթացքին թուղթ մը տպուեցաւ եւ յանկարծ պաշտօնեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ սկսաւ կատարել ու զիս լուսանկարել։ Փորձեցի թեք դիրքով ստուգել համակարգիչին տեղեկութիւնները, սակայն անոնք ընդվզեցան՝ հաստատելով, որ իրաւունք չունիմ նման բան ընելու։

Անցագիրներու ստուգման տաղավարին մօտ կէս ժամ սպասելէ ետք, զիս ուղղարկեցին այլ գրասենեակ մը, ուր պէտք էր սպասէի։

Սպասումը տեւեց չորսուկէս ժամ, որուն ընթացքին մնայուն կերպով հարց տուի անոնց, թէ խնդիր կա՞յ։ Օդակայանի պաշտօնեաներուն պատասխանը եղաւ. «Եթէ խնդիր ըլլայ հաստատ կ’ըսենք ձեզի այդ մասին»։

Այս գրասենեակին մէջ ժամերու սպասումին ընթացքին հոն եկան հնդիկներ, որոնք մեկնեցան։ Ապա այլ օդանաւ մը հասաւ օդակայան, իմ գտնուած գրասենեակս ժամանեց ռուս ընտանիք մը, որ դարձեալ մեկնեցաւ։

Դարձեալ դիմեցի անոնց ըսելով. «Հնդիկները եկան գացին, ռուսերը նոյնպէս, ես՝ ամերիկահայ մը, հոս եմ չորսուկէս ժամէ ի վեր։ Ինչո՞ւ»։

Պաշտօնեային պատասխանը եղաւ այն որ, ինք տեղեակ չէ՝ միաժամանակ ընդգծելով, որ հնդիկներուն ուղղարկուած վայրը՝ վերեւը, վատ տեղ է, եւ հաստատ պիտի չփափաքիք հոն ըլլալ։

Անշուշտ այս ընթացքին կապի մէջ էի Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեանին, Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Քրիստինէ Վարդանեանին եւ Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Գէւորգ Գեղամեանին հետ։

Ապա հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցայ Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան Երեւանի գրասենեակին հետ։ Անոնց բացատրեցի իմ հետս պատահածին մասին եւ անձնական տուեալներս տրամադրեցի, որպէսզի անոնք եւս փորձեն հետաքրքրուիլ, թէ ճիշդ ի՞նչ կը պատահէր։

Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան գրասենեակը շտապօրէն արձագանգեց՝ նշելով, որ «Զուարթնոց»-ի օդակայանէն յայտնած են իրենց, թէ անցագիրիս մասին բան մը ունին ստուգելիք եւ վերջ։

Անշուշտ Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան Երեւանի գրասենեակ կապուելուս մասին յայտնեցի նաեւ օդակայանի պաշտօնեային՝ ընդգծելով, որ իրաւունք չունին զիս երկար հոն պահելու եւ անցագիրս խլելու։

Այդ պահուն որոշեցին զիս փոխադրել այլ տեղ՝ վերեւ, ուր աթոռները աւելի հանգիստ էին եւ ուտելիքի հնարաւորութիւն կար։ Սակայն վերի յարկը մեկնող ճամբորդներու յարկ էր, եւ այդ պահուն էր, երբ նշմարեցի նախապէս տեսած հնդիկներէն մէկը եւ վերի յարկին վատ տեղ ըլլալու արտայայտութիւնը, եւ ենթադրեցի, թէ հաւանաբար Հայաստան մուտք պիտի չգործեմ եւ վերադառնամ Լիբանան։

Հ.- Ի՞նչ բացատրութիւն տրուեցաւ այդ վարուելակերպին մասին։

Պ.- Ոչ մէկ բացատրութիւն տրուեցաւ, թէ ինչո՞ւ ինծի հետ այս վարուելակերպը որդեգրուած է։ Ոչ ոք մօտեցաւ եւ բան հարցուց։ Ընդհակառակն որո՞ւն որ հարցուցի, թէ ի՞նչ կը պատահի ինծի հետ։ Մէկ յստակ պատասխան կար. «Չենք գիտեր»։

Միայն պաշտօնեայ մը ըսաւ, որ պէտք է իմանամ, որ «Զուարթնոց»-ի մէջ պիտի գիշերեմ։  Աւելի ուշ մօտեցաւ մէկը եւ անցագիրս վերադարձուց։

Հազիւ երեք ժամ կրցած էի քնանալ, երբ արթնցայ անշուշտ բոլորին հետ՝ ընտանիք եւ ընկերներ, կապի մէջ էի, եւ կը հաստատէի, որ նորութիւններ չկան ինծի հետ պատահածին մասին։

Մինչ այդ ըսեմ, որ Հայաստան ուղղուելուս նպատակն էր դէպի Արարատ ուխտագնացութիւն մը կատարել։ Հետեւաբար Չորեքշաբթի, 2 Օգոստոս 2023-ին պէտք է շարժէինք Երեւանէն դէպի Թիֆլիս։ Ուզեցի ստուգել, եթէ ճամբորդական պայուսակներս հասած էին Երեւան։ Անոնք նկարեցին պայուսակներուս յատուկ թիւը, սակայն ոչինչ կատարեցին այդ ուղղութեամբ։

Ինծի համար աւելի յստակ էր արդէն, որ կա՛մ հոն բանտարկուած եմ եւ կա՛մ զիս պիտի ուղղարկեն Լիբանան, եւ այս տարի պիտի չկարենամ Արարատ բարձրանալ։

Նոյն առաւօտեան պաշտօնեայ մը մօտեցաւ ինծի եւ դարձեալ խնդրեց անցագիրս։ Ժամ մը ետք ան վերադարձաւ ըսելու համար, որ Հայաստան մուտքս անժամկէտ կերպով արգիլուած է՝ աւելցնելով, որ այդ որոշումին պատճառը չի կրնար ըսել։ Նոյն պահուն Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան գրասենեակէն ստացայ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն մէջ անոնք հաստատեցին, թէ «Զուարթնոց» օդակայանէն իմացուցած են, թէ Հայաստան մուտքը արգիլուած անբաղձալի անձնաւորութիւններուն մէջ կայ նաեւ անունս, հետեւաբար եթէ կը փափաքիմ իմանալ պատճառներուն մասին, ապա պէտք է այդ գրասենեակին ճամբով նամակ մը գրեմ, իսկ եթէ ուզեմ վիճարկել այդ որոշումը՝ շատ հաւանաբար դատական գործընթացի անհրաժեշտութիւն ըլլայ։

Օդակայանի պաշտօնեան իր ձեռքին մէջ ունէր անցագիրս եւ ճամբորդական տոմս մը։ Ան թելադրեց հետեւիլ իրեն՝ խոստանալով պատասխանել բոլոր հարցումներուս։

Անշուշտ ան ոչ մէկ հարցումի պատասխանեց, եւ պարզապէս զիս առաջնորդեց դէպի Տուպայ մեկնումի դուռը։

Ոչինչ գիտէի նաեւ թռիչքիս մասին, պայուսակներուս մասին հաստատեց, որ անոնք իմ հետս պիտի ըլլան, սակայն Լիբանան վերադառնալէ ետք յստակ դարձաւ, որ անոնք իմ հետս չեն։

Ան ուշադրութիւնս կը շեղէր, որպէսզի յաելեալ հարցումներ չհարցնեմ։ Սակայն պնդեցի, որ նուազագոյնը ճամբորդական տոմսս ունենամ՝ թռիչքին ժամերը իմանամ եւ դասաւորում կատարեմ՝ օդակայանէն զիս դիմաւորելու։

Պաշտօնեան հաստատեց, որ արգիլուած է ինծի յանձնել տոմսը, սակայն արտօնեց զայն լուսանկարել։

Ան մերժեց անցագիրս եւ ճամբորդական տոմսս ինծի յանձնել, որովհետեւ անբաղձալի անձ եմ։ Ան զանոնք յանձնեց «Ֆլայ Տուպայ» օդանաւային ընկերութեան պաշտօնեաներէն մէկուն, սակայն ընդվզումս հասաւ գագաթնակէտին եւ պահանջեցի անցագիրս ունենալ, եթէ օդանաւ մուտք պիտի գործէի։ Անոնք համաձայնեցան եւ անցագիրս ստացայ։

Տուպայի օդակայանին մէջ կանգառի ընթացքին օդակայանէն այլ պաշտօնեայ մը ընկերակցեցաւ ինծի՝ հաստատելու համար, որ Պէյրութ մեկնող օդանաւին մէջ ըլլամ անպայման։

Անշուշտ զիս առաջնորդեցին յատուկ գրասենեակ մը, ուր պէտք էր սպասէի։ Հոս կ’ուզեմ լուսարձակի տակ առնել հետաքրքրական եւ միաժամանակ ցաւալի բան մը, զոր նշմարեցի Տուպայի օդակայանին մէջ, ուր խնդիր ունեցող ճամբորդներ կը մօտենային օդակայանի պաշտօնէութեան եւ հարց կու տային իրենց խնդիրին մասին ու կը ստանային ամբողջական բացատրութիւններ, ազնիւ վերաբերմունք, յաջորդ քայլերուն մասին ցուցմունքներ, ինչպէս նաեւ հիւրասիրութիւն։

Ես իբրեւ հայոչդի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ արժանացայ վատագոյն վարուելակերպին։

Հ.- Ի՞նչ էին զգացումներդ եւ ի՞նչ կը մտածէիր, արդեօք ենթադրութիւններ կայի՞ն մտքիդ մէջ, որ ի՞նչ պատճառով է, որ Հայաստան մուտքդ արգիլած են։ 

Պ.- Կ’ենթադրեմ, որ այս որոշումին հիմնական պատճառը դաշնակցական երիտասարդ ըլլալս է։ Ուաշինկթընի մէջ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութիւնը կազմակերպած էր շարք մը բողոքի ցոյցեր, ինչպէս նաեւ կատարած դիմադրութեան ու պայքարի որոշ հաւաքներ՝ Հայաստանի դեսպանատան դիմաց։

Մենք դեսպանին ուղղարկած ենք թոշմած ծաղիկներ, արիւնոտ դրամ, ինչպէս նաեւ ուղղարկած էինք 2020-ի արցախեան պատերազմին ընթացքին նահատակուած հազարաւորներու անունները, որոնց դահիճը Հայաստանի իշխանութիւններն են։

Անշուշտ ընկերային ցանցերուն վրայ զետեղուած են ու կան այդ վիտէոները, որոնք ցոյց կու տան, թէ մենք Ամերիկայի մէջ Հայաստանի դեսպան Լիլիթ Մակունցին հետեւած էինք եւ զայն դաւաճան կոչած։

Մենք զայն հանգիստ չենք ձգած եւ կ’ուզենք, որ իմանայ, թէ Ամերիկայի եւ Ուաշինկթընի մէջ, ուր որ երթայ, ան անբաղձալի է մեզի համար, անոր ներկայացուցած կառավարութիւնը անբաղձալի է մեզի համար։

Աւելցնեմ նաեւ, որ Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի դէմ նաեւ բողոքի ցոյց մը կատարեցինք, երբ ան Ուաշինկթըն այցելեց։

Կը կարծեմ, որ այս բոլորին պատճառով իմ անունս զետեղուած է Հայաստան մուտք գործող անբաղձալի անձնաւորութիւններուն շարքին։

Այս բոլորը սակայն կը մնան ենթադրութիւններ եւ անշուշտ կը մտածեմ նաեւ գրել այդ նամակը, որ Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան գրասենեակէն թելադրած էին գրել՝ իմանալու համար, թէ ի՞նչ պատճառով տրուած է այս որոշումը իմ հասցէիս։

Իսկ Արարատ բարձրանալու ուխտս յառաջիկայ տարի պիտի կատարեմ։

Հ.- Իբրեւ սփիւռքահայ եւ դաշնակցական երիտասարդուհի ի՞նչ է կեցուածքդ այսօր։ 

Պ.- Իբրեւ հայ դաշնակցական երիտասարդներ պայքարը անշուշտ պիտի շարունակենք։ Կ’ուզեմ բոլոր երիտասարդ ընկերներս, յատկապէս դաշնակցական ընկերներս քաջալերել, որ այս պայքարը շարունակեն։

Մեզի համար կարեւոր է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը հասկնայ, թէ ինչքան ալ փորձեն մեր կամքը կոտրել, մեզի դուրս վտարել, ճնշումներու ենթարկել, մեր աշխատանքը դժուարացնել, մենք անկոտրում կամքով պիտի շարունակենք գործել։

Պիտի շարունակենք պայքարիլ այս դաւադիր կառավարութեան դէմ, եւ այս կեցուածքին շուրջ բանակցութիւններ կամ սակարկութիւններ չկան։ Այս մէկը համոզում է։

Հ.- Ապագային քու ճակատագիրիդ ենթակայ դարձող հաւանական այլ երիտասարդներուն ի՞նչ ունիս ըսելիք։ 

Պ.- Յստակ է, որ դուք ճիշդ ընթացքի մէջ էք։ Շարունակեցէ՛ք այդ գործը։ Բնաւ պէտք չէ յուսալքուիլ։ Հաւատացէք, որ ձեզի կը զօրակցին բոլոր դաշնակցականները եւ բոլոր հայերը։

Կը յուսամ, որ մեզի հանդէպ ցուցաբերուած այս վարուելակերպը Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններուն չ’ազդեր։ Ի վերջոյ մենք բոլորս հայ ենք եւ պէտք է հասկնանք, որ հայրենիքի կը պատկանի իւրաքանչիւր հայու, ոչ մէկ տարբերութիւն պէտք է ըլլայ հայաստանցիին եւ սփիւռքահայուն միջեւ։ Բոլորս հայ ենք։

Այս բոլոր անհամ տարբերութիւնները պէտք է մէկդի դնել եւ կարեւոր նկատել հայրենիքի սահմաններուն պաշտպանութիւնը, երաշխաւորել Արցախի ապահովութիւնը։

Հայաստանի քաղաքացիները իրենք պէտք է մերժեն սփիւռքահայ երիտասարդներուն Հայաստան մուտքը արգիլող որոշումները։

Հ.- Հայաստանի մէջ ապրող եւ իրենց սովորական կեանքը շարունակող երիտասարդներուն ի՞նչ ունիս ըսելիք։ 

Պ.- Չէ՛ք կրնար անտարբեր ըլլալ։ Գիտեմ դժուար է, եւ կ’ուզենք մեր կեանքը սովորական ընթացքով շարունակել։ Բայց եւ այնպէս անկարելի է մեր աչքերը փակել եւ ձեւացնել, թէ ամէն ինչ կարգին ու սխալներ չեն գործուիր։

Պէտք է դէմ կանգնիլ այս ընթացքին՝ ինչքան ալ դժուար ըլլայ այդ գործը։ Նոյնիսկ եթէ չէք հաւատար, որ այդ գործը կրնայ տարբերութիւն մը ստեղծել, փոփոխութիւն մը բերել։

Երբեմն կը պատահի, որ մենք դատարկ շէնքի մը կամ կառոյցի մը դիմաց կը գոռանք, սակայն այդ մէկը չի նշանակեր, որ մենք ցոյցերուն վերջ պիտի տանք, այլ աւելի սուր թափով պէտք է պայքարինք։

Տեսէ՛ք, յստակ է, որ տարբերութիւն կայ, յստակ է, որ բան մը կը կատարուի, այլապէս՝ կառավարութիւնը պիտի չարգիլէր Հայաստան մեր մուտքը։

Եթէ այս շարժումը շարունակուի Հայաստանի մէջ եւ մարդիկ Արցախի համար ոտքի կանգնին, ապա այդ շարժումը կը ծաւալի, կ’ընդարձակուի եւ կառավարութիւնը կարելի կ’ըլլայ փոփոխութեան ենթարկել։

Բոլորին համար հասկնալի է էական մէկ ճշմարտութիւն, որ առանց Արցախի Հայաստան չկայ եւ չի կրնար ըլլալ։

Հ.- Երբ վերադառնաս Ամերիկա ի՞նչպէս պիտի շարունակես կեանքդ։   

Պ.- Նոյնպէ՛ս եւ յաւելեալ կառչածութեամբ, որովհետեւ յաւելեալ ցասում յառաջացուցին մէջս։ Իբրեւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Արեւելեան Ամերիկայի Երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ, աշխատանքս պիտի շարունակեմ, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի գրասենեակին օժանդակելու աշխատանքս պիտի շարունակեմ։

Ի՛նչ որ կարենամ կատարել այդ գրասենեակին աշխատանքներուն համար պատրաստ եմ, որովհետեւ իսկապէս անոնց աշխատանքը շուրջօրեայ է եւ ցերեկ ու գիշեր կը գործեն՝ Արցախի ու Հայ Դատի պաշտպանութեան համար։

Հ.- Ի՞նչ կը զգաս Հայաստանի հանդէպ, կառավարութեան կողմէ նման արարքներ կը խրտչեցնե՞ն երիտասարդները։    

Պ.- Անոնք կը կարծեն, թէ կը պատժեն մեզի, սակայն այդպէս չէ։ Նման արարքներ բնաւ մեզի չեն խրտչեցներ։ Ես ո՛չ նշանաւոր-կարեւոր եւ ո՛չ ալ վտանգաւոր անձ եմ, եւ հայերը ընվզած են, որ այս երիտասարդուհիին արգիլուեցաւ Հայաստան մուտք գործել։

Եթէ ես իբրեւ հայ երիտասարդուհի, որ զերօ ազդեցութիւն եւ ոչ մէկ խօսք կրնամ ունենալ իշխանութիւններուն վրայ` կը վախցնեմ զիրենք, ուրեմն կառավարութիւնն է, որ ինքզինք ծաղրանքի առարկայի կը վերածէ։

Հայրենի իշխանութիւններուն այս քայլը ձախող է, որովհետեւ եթէ անոնք կը փորձէին զիս յուսախաբ ընել, ապա հակառակը կատարեցին։

Անշուշտ յստակ պէտք է ըլլայ բոլորին համար, որ այս վարուելակերպը իշխանութեան յատուկ է, իսկ հայրենիքը սուրբ է։

Հայրենիքը յանցանք չունի եւ համոզուած եմ, որ մենք այլ տուն չունինք։ Ճիշդ է, որ հիմա սփիւռքի մէջ կ’ապրինք, սակայն ի վերջոյ բոլորիս նպատակը հայրենադարձութիւնն է։ Մեր հողը սուրբ է եւ մենք զայն պիտի պաշտպանենք, իշխանութիւնները կը փոխուին, սակայն հայրենիքը պիտի մնայ։

Մենք մեր սրտերուն մէջ պէտք է պահենք հայրենիքի սրբութիւնը եւ այդ համոզումով ու կամքով շարունակենք պայքարը։

Անձամբ ամերիկահայ եմ, սակայն ծնողքս Լիբանանէն են։ Կը սիրեմ Պուրճ Համուտը, ուր Եռագոյնն ու Հ.Յ.Դ. զինանշանը ամենուրէք կը ծածանին, սակայն սփիւռքի մէջ մեր կեցութիւնը մնայուն չէ։ Հայրենիքն է մեր տունը եւ ի վերջոյ հոն է մեր կեանքը։

Երախտագէտ եմ բոլոր անոնց, որոնք զօրակցեցան ինծի, հոգիս յագեցած կը զգամ։ Սակայն մեր ուշադրութիւնը պէտք չէ շեղենք Արցախէն։ Ճիգ պէտք չէ խնայենք Արցախին հասնելու իմաստով, հոն տիրող կացութիւնը անմարդկային է, մեր հայրենակիցները հաց չունին եւ բռնութեան կ’ենթարկուին։

Արցախը պէտք չէ դադրի մեր առաջնահերթութիւնը ըլլալէ, եւ պայքարը պէտք է շարունակենք առանց յուսահատելու։

 

Հարցազրոյցը վարեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
100 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles