Ի՞նչ Են Մեր Ազգային-Հոգեւոր Հիմնական Արժէքները

0 0
Read Time:2 Minute, 46 Second

 

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

«Դրօշակ» թիu 7, 2023

Յաճախ կ՚արծարծուի այս հարցը, մանաւանդ այս օրերուն, երբ խնդրոյ առարկայ կը դառնան մեր տեսլականը, խորհրդանիշերը եւ համոզումները, որոնք մեր Զարթօնքէն ասդին կազմաւորուած ու բիւրեղացած ըլլալ կը թուէին, ու կ՚ակնկալէինք, որ ստացած ըլլային համազգային բնոյթ։ Անոնց հարցականի տակ դրուիլը այսօր մեզ կը ստիպէ վերադառնալ մեր հիմնական արժէքներուն, վերստին հասկնալ զանոնք եւ ի հարկին վերաբանաձեւել ներկայ պայմաններու լոյսին տակ։

Յօդուածը, որ կը միտի ամբողջացնել նախորդ գրութիւններով արտայայտած մտքերս, կը մեկնի այն հասկացողութենէն, թէ այս սիւնակի ընթերցողներուն համար տեսլականը (Ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստան, համախումբ հայութիւն) ու խորհրդանիշերը (դրօշակ, հիմներգ, զինանշան) կասկածի տակ չեն առնուած, իսկ համոզումները խարսխուած են հաւատքի ամուր ժայռին վրայ։
Ուստի այս գրութեան միտք բանին պիտի ըլլայ յստակօրէն սեղանի վրայ դնել մեր արժէքները։ Խօսքը պիտի չընեմ անշուշտ մարդկային ամենէն հասարակ եւ ընկալուած առաքինութիւններուն, որոնք անհրաժեշտ են արժանապատիւ մարդ կոչուելու համար։ Անոնք անկասկած մաս կը կազմեն մեր արժէքներուն, արժանիքներուն։

Բայց որո՞նք են արժանապատիւ հայ մարդ կոչուելու համար անհրաժեշտ արժանիքները, արժանապատիւ հայ քաղաքացի եւ որո՞նք՝ որպէսզի արժանապատիւ ա՛զգ կոչուինք։

Առաջին հերթին կու գայ հաւաքականութեան մաս կազմելու գիտակցութիւնը։

Ան, իր կարգին, կը յառաջացնէ հաւաքականութեան ծառայելու պատրաստակամութիւնը։ Չըլլալ եսակեդրոն, չծառայել միայն սեփական անձիդ կամ անմիջական հարազատներուդ, նոյնիսկ անձէդ ու հարազատներէդ ալ առաջ յօժար ըլլալ ծառայելու քու պատկանած համայնքիդ, քաղաքիդ, երկրիդ, մէկ խօսքով՝ ազգի՛դ՝ լաւապէս հասկնալով, որ անոնց անվտանգութեան ապահովումով անվտանգ կը դառնաք նաեւ դուք՝ դուն, զաւակներդ, ընտանիքդ, անոնց բարգաւաճումով կը բարգաւաճիք նաեւ դուք։ Այս գիտակցութիւնն է, որ քեզ արժանապատիւ քաղաքացի կը դարձնէ։ Նման գիտակից քաղաքացիներէ կազմուած հաւաքականութիւնն ալ կրնայ արժանապատիւ ազգ ստեղծել։ Ընդհակառակն, սեփական շահերու հետապնդումը՝ աւելի ու աւելի փարթամ սեփականութիւններու յղփացումով եւ ինչաքաղցութեամբ, անարժան կը դարձնէ քեզ ոչ միայն հայ, այլեւ մարդ իսկ կոչուելու։

Երկրորդ հերթին կենսական է տիրութեան զգացողութիւնը։

Այս մեծ յղացք է, եւ եթէ անձէդ ու ընտանիքէդ կը սկսի տիրութիւնդ,— եւ այդ արդէն կարեւոր ու հիմնական արժանիք մըն է,— ան սակայն կ՚անդրանցէ զանոնք ու կը տարածուի հաւաքական ժառանգութեանդ՝ լեզուիդ, մշակոյթիդ, պատմութեանդ ու հողիդ վրայ, առանց որոնց դուն ոչինչ ես՝ անդիմագիծ արարած մը, ոչ շատ տարբեր կենդանական ու բուսական աշխարհի մնացեալ արարածներէն։ Այլ խօսքով՝ իրաւունքներո՛ւդ տէր ըլլալու հարցն է, որ կ՚արծարծուի այստեղ։ Կայ նաեւ երկրորդ երեսը այս յղացքին. տէր ըլլալ տկարին եւ անկարին, ոչ թէ օգտուիլ անոնց տկարութենէն, մանաւանդ տէր ըլլալ օժտեալին, տաղանդաւորին, ոչ թէ նախանձիլ ու խոչընդոտել անոնց յառաջացման։ Ուրեմն նման տիրութիւն ցուցաբերող քաղաքացիներէ բաղկացած եւ նման տիրութիւն կատարող հաւաքականութիւնն է նոյնպէս, որ կրնայ արժանապատիւ ազգ համարուիլ։ Ա՛զգ համարուիլ։ Այս ալ ունի համամարդկային տարողութիւն, բայց առանց այս զգացողութեան կարելի չէ հայ ըլլալ։

Երրորդ հերթին նկատի ունիմ արդարադատութեան զգացումը։

Արդարութեան պաշտպանութիւնը եւս ունի համամարդկային առում, բայց ան ալ ամենէն առաջ կը բխի անհատէն, անհատին ստացած դաստիարակութենէն։ Կարծէք բնազդային է ուրիշին հացն ու հողը յափշտակելու կիրքը, ուրիշին քրտինքով սեփական կարիքները գոհացնելու մոլութիւնը, առանց ճիգ թափելու կեանքի բարիքները վայելելու մարմաջը։ Եւ այդ բնազդին դէմ է, որ տունը, դպրոցն ու համայնքը պիտի կրթեն մեզ ու պատրաստեն վաղուան քաղաքացիները՝ բոլորին հաւասարութեան դաւանող, բոլորին իրաւունքները յարգող, ժողովրդավարութեամբ ապրող ազգայինները։ Կրկնեմ՝ նման կիրթ եւ ոչ թէ անկիրթ քաղաքացիներն են, որ կրնան քաղաքակիրթ երկիր դառնալ, ա՛զգ կազմել, արժանապատի՛ւ ազգ։

Եթէ կը հաւատանք, թէ իբր Հայաստան ու հայութիւն՝ մեր բոլոր բաղադրիչներով, մեր արժանի տեղը ունենալու ենք այս երկրագունդին վրայ՝ բոլորին հետ դիմագրաւելով անոր սպառնացող վտանգները եւ բոլորին հետ մարտնչելով անոր բարօրութեան համար, ապա պիտի ըմբռնենք, որ պայքարի երկար ճանապարհ ունինք մեր առջեւ՝ մեր արժէքներուն գիտակցութեամբ ու պահպանմամբ։

Այսպէ՛ս հասկնանք կարգախօսը՝ «Պայքար մինչեւ յաղթանակ»…

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles