ԳՈՅԺ

0 0
Read Time:3 Minute, 50 Second

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Վռամեան Կոմիտէն սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ վաստակաշատ, երկարամեայ ղեկավար ընկեր, եղբայր Գարլոս Սէֆէրեանի մահը, որ պատահեցաւ երեկ 5 Օգոստոս 2023-ին, Պուէնոս Այրէսի մէջ։
Եղբայր Գարլոս Սէֆէրեանը եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի սկաուտ` խորհուրդի անդամ եւ վարչական, այնուհետեւ բազմիցս Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան անդամ, մաս կազմելով նաեւ մինչեւ օրս Հ.Մ.Ը.Մ-ի Կեդրոնական Վարչութեանը:2019 թուականին ան արժանացաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան «Ծառայութեան շքանշան»ին, իր երկարամեայ գործունէութեան եւ նուիրումին համար, միշտ եւ ամէնուր դրօշակիրը հանդիսանալով Հ.Մ.Ը.Մ.ի ազգային արժէքներուն, ինչպէս նաեւ բարոյական սկզբունքներուն։Ընկեր Գարլոս Սէֆէրեանը իբրեւ հաւատաւոր դաշնակցական, եղած է խոնարհ եւ «անկեղծ զինուոր»-ը հայութեան եւ մասնաւորապէս Հայ Դատի պաշտպանը: Ան եղած է բազմիցս եւ վերընտրուած 2023 – 2025 շրջանին համար որպէս Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ:

Մեր սրտանց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք ընկերոջ ընտանիքին եւ հարազատներուն, Հարաւ Ամերիկայի շրջանի բոլոր գաղափարակից ընկեր եւ ընկերուհիներուն:

Ընկեր Գարլոս Սէֆէրեանի յիշատակը անթառամ պիտի մնայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական սերունդներուն եւ իր պայքարի գաղափարական ընկերներուն մէջ;

                                                                                                                     ==
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը խոր կսկիծով կը գուժէ իր կազմի անդամներէն, միութեան «Արժանեաց» շքանշանակիր, վաստակաշատ Հ.Մ.Ը.Մ.ական՝
ԵՂԲ. ԳԱՐԼՈՍ ՍԷՖԷՐԵԱՆի
մահը, որ պատահեցաւ 5 Օգոստոս 2023-ին, Պուէնոս Այրէսի (Արժանթին) մէջ։

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ ԳԱՐԼՈՍ ՍԷՖԷՐԵԱՆԻ ԿՈՐՈՒՍՏԸ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Շաբաթ, 5 Օգոստոս 2023-ին, խոր կսկիծով գուժեց մահը իր կազմի անդամներէն, Հարաւային Ամերիկայի շրջանէն Գարլոս Սէֆէրեանին։

Գարլոս Սէֆէրեան ծնած է 16 Յուլիս 1954-ին, Պուէնոս Այրէս, Արժանթին։ Նախակրթութիւնը ստացած է Հ.Յ.Դ. «Խրիմեան» վարժարանը։ Փոքր տարիքէն ան անդամակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի սկաուտական շարքերուն եւ տարիներու ընթացքին տիրացած է պատասխանատու զանազան պաշտօններու։

1971-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Պուէնոս Այրէսի պատուիրակութեան հետ, Գարլոս Սէֆէրեան մասնակցած է սկաուտական միջազգային 13-րդ Ճամպորիին, Ճափոն։ 1978-ին ան մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի վարչութեան։ 1981-1984 ան եղած է մասնաճիւղի «Արարատ» սկաուտական խումբի Խորհուրդի անդամ, իսկ 1984-1988՝ սկաուտական խումբի խմբապետ։ 1986-ին, Գարլոս Սէֆէրեան գլխաւորած է շրջանի սկաուտական պատուիրակութիւնը՝ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Բ. Բանակումին, Լոնտոն։ 1986-1990 ան մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի վարչութեան։

1988-ին Գարլոս Սէֆէրեան մասնակցած է համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտական խմբապետական երկրորդ համագումարին, Լոս Անճելըս։ 1992-ին, իբրեւ Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի սկաուտական խումբի Խորհուրդի անդամ, ան ստացած է «Wood badge»-ի աստիճան։

Հ.Մ.Ը.Մ.ական գործունէութեան առընթեր, Գարլոս Սէֆէրեան ունեցած է ազգային-կուսակցական բեղուն ծառայութիւն։ Ան մաս կազմած է Հ.Յ.Դ. «Արմենիա» երիտասարդական միութեան, որուն շարքերուն մէջ գաղափարական իր կազմաւորումը ստանալէ ետք՝ ան կատարած է դաշնակցականի իր երդումը եւ նետուած է կուսակցական կեանքի գործադաշտ։ Եղած է Հ.Յ.Դ. «Ռոստոմ» կոմիտէի ներկայացուցիչ, իսկ աւելի ուշ՝ Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» կոմիտէի անդամ։ Բազմիցս մաս կազմած է Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի «Ահարոնեան» Կեդրոնական Կոմիտէի կազմերուն։ Այս տարի ան վերընտրուած է Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ։

Գարլոս Սէֆէրեան 2008-ին եղած է Հ.Յ.Դ. «Արմենիա» Մշակութային Ընկերակցութեան ատենապետ։ Մաս կազմած է «Արմենիա» թերթի եւ Հ.Օ.Մ.-ի «Օննիկ Պոտուրեան-Յովհաննէս Տիարպէքիրեան» Հանգստեան Տան յանձնախումբերուն։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 9-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին, 2007-ին, ան կ’ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ քառամեայ շրջանի մը համար։ 10-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին, 2011-ին, ան կը վերընտրուի քառամեայ երկրորդ շրջանի մը համար։

14 Հոկտեմբեր 2019-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 12-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովի բացման պաշտօնական հանդիսութեան (Երեւան, Հայաստան), ի բացակայութեան, Գարլոս Սէֆէրեան կը պարգեւատրուի միութեան բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանով։ Շքանշանը կը ստանձնէ զաւակը՝ Կարօ Սէֆէրեան։

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 12-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովէն ընտրուած Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Արմանտօ Թորգոմեանի անակնկալ մահէն ետք, 26 Նոյեմբեր 2021-ին, Գարլոս Սէֆէրեան կը նշանակուի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, Հարաւային Ամերիկայի ներկայացուցիչի հանգամանքով։

Գարլոս Սէֆէրեան ամուսնացած է եւ բախտաւորուած չորս զաւակով՝ Մելինէ, Կարօ, Վիգէն եւ Արի։ Անողոք հիւանդութեան դէմ կարճատեւ շրջան մը պայքարելէ ետք, Գարլոս Սէֆէրեան 69 տարեկանին կեանքէն անդարձ հեռացաւ, խոր սուգի մատնելով Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքը եւ յատկապէս Հարաւային Ամերիկայի շրջանը, որուն վերջին քառորդ դարու պատմութեան մէջ ան ձգեց իր անջնջելի հետքն ու դրոշմը։

Գարլոս Սէֆէրեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 6 Օգոստոսի երեկոյեան ժամը 8-ին (տեղական ժամանակով), Պուէնոս Այրէսի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, իսկ թաղումը կը կատարուի երկուշաբթի, 7 Օգոստոսի կէսօրէ առաջ ժամը 11-ին, բրիտանական գերեզմանատան մէջ։

Ցաւակցութիւնները կը փոխանցուին ե-նամակի հետեւեալ հասցէով՝ office@homenetmen.org

Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը կատարուին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան, Հ.Օ.Մ.-ի «Օննիկ Պոտուրեան-Յովհաննէս Տիարպէքիրեան» Հանգստեան Տան եւ «Արմենիա» թերթին։

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles