Յուլիս 28-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, իր մահկանացուն կնքեց սփիւռքահայ գրականութեան տիտաններէն՝ Համաստեղի դուստրը՝ Լորիկ Կելէնեանը (1939-2023), Ուալթհամի (Մասաչուսէց) մէջ։
Ծնած՝ Յունուար 20, 1939-ին, Լորիկ այցելած էր Մետֆըրտի (Մասաչուսէց) պետական վարժարան եւ ապա մասնագիտացած՝ Ռատքլիֆ գոլէճի ընկերային հարցերու բնագաւառէն ներս։ 1956-ին, Լորիկ մեկնած էր Լիբանան եւ տեղւոյն «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի մէջ, դասաւանդած էր անգլերէն եւ հետեւած՝ հայերէն լեզուի դասընթացքի։
Ապա, վերադառնալով Պոսթըն, ան մասնագիտութիւնը շարունակած էր «Նորթ Իսթըրն» համալսարանէն ներս։
Ամերիկայի Հայ Մշակութային Կեդրոնի հիմնադիրներէն էր Լորիկ Կելենեանը։ Տարիներ շարունակ Պոսթընի «Համազգային»-ի մասնաճիւղի անդամ, ան նաեւ Հ․Օ․Մ․-ական էր եւ երկար ժամանակ կազմակերպած էր ամառնային լսարանները։
«Հայրենիք» խոր ցաւակցութիւններ կը փոխանցէ Լորիկի ազգականներուն եւ մօտիկ պարագաներուն։
Կը խնդրուի փոխան ծաղկեպսակի, նուիրատութիւններ կատարել Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) Հայ Առաքելական Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ, ուր տեղի պիտի ունենայ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը՝ Շաբաթ, Օգոստոս 5-ին, ժամը 11։30-ին: