Իննա Սահակեանի «Օրորայի արեւածագը» (Aurora’s Sunrise) ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի Օգոստոս 11ին Մանհաթընի մէջ Village East եւ New Plaza Cinema սրահներ) եւ Օգոստոս 12-13ին Քուինզի մէջ (Museum of Moving Image)։
Այս գործը, որ բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած է, կը միախառնէ տպաւորիչ կենդանի գծանկար, Ցեղասպանութեան վերապրող Օրորա Մարտիկանեանի (1901-1994) հետ հարցազրոյցներ եւ «Յօշոտուած Հայաստան» (այժմ կորսուած) շարժանկարէն մնացած 18 վայրկեանի հատուածը։ Օրորա Մարտիկանեան, Ամերիկա հասնելով, իր սեփական պատմութեան դերակատարը եղած է «Յօշոտուած Հայաստան» անխօս շարժանկարին մէջ (1919), որ մեծ յաջողութիւն ունեցած է։