Թրամփ Ստանձնեց Ա․Մ․Ն․-ի 47-րդ Նախագահի Պաշտօնը
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Յունուար 20-ին, պաշտօնապէս նախագահ Տոնըլտ Թրամփ ստանձնեց իր պաշտօնը եւ առաջին օրն իսկ, շտապօրէնը շարք մը հրամանագիրներ ու ցուցմունքներ հրապարակեց:
Ան ստորագրեց հրամանագիր մը` ջնջելու իր նախորդ նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ որդեգրուած 78 որոշումներ: Ան նաեւ պարտադրեց կարգաւորիչ դադրեցում մը` դաշնակցային գործակալութիւններուն արգիլելով նոր կանոնակարգեր հրապարակել, մինչեւ որ նոր վարչակազմը կարենայ ամբողջական վերահսկողութեան տակ առնել կառավարութեան աշխատանքը:
Թրամփ հրապարակեց հրամանագիր մը, որ Միացեալ Նահանգներուն ցուցմունք կու տայ Համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութենէն դուրս գալու` նշելով, որ Միացեալ Նահանգներ Մ․Ա․Կ․-ին շատ աւելի կը վճարէ, քան այլ երկիրներ, որոնց կարգին յատկապէս Չինաստանը:
Ան նաեւ երկրորդ անգամ ըլլալով ստորագրեց Միացեալ Նահանգներու Փարիզի կենսոլորտի համաձայնագիրէն դուրս գալու հրամանագիր մը:
Դեռ աւելին, Թրամփ ներում շնորհեց շուրջ 1500 անձերու, որոնք Յունուար 6, 2021-ին ներխուժած էին ՔոնկրԷսի շէնք` օրէնսդիրներուն արգիլելու համար ստորագրել 2020-ի նախագահական ընտրութեան մէջ իր պարտութիւնը հաստատող փաստաթուղթը: