Լրահոս

Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի Արցախի Ղեկավարութեան Դատը

21 Յունուարին, Պաքուի մէջ շարունակուեցաւ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան գործով միակողմանի դատավարութիւնը:

Դատաւորին դիմաց կը կանգնին 15 հայեր` Արցախի նախկին նախագահներ Արայիկ Յարութիւնեան, Արկադի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան, Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեան, պաշտպանութեան բանակի զինուած ուժերու նախկին ընդհանուր պետ Դաւիթ Մանուկեան, արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեան, բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեան, քաղաքացիներ` Վասիլի Բեգլարեան, Էրիկ Ղազարեան, Դաւիթ Ալավերդեան, Գուրգէն Ստեփանեան, Լեւոն Բալայեան, Մադաթ Բաբայեան, Գարիկ Մարտիրոսեան եւ Մելիքսէթ Փաշայեան:

Իսկ, Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի գործով դատավարութիւնը. անոր գործը կը քննուի միւս ղեկավարներէն անջատ: Նախորդ դատական նիստին, Վարդանեանի պաշտպանը միջնորդեց անոր գործը միացնել միւս ղեկավարներու գործին եւ քննել միասին, սակայն դատարանը մերժեց այդ միջնորդութիւնը:

Յաջորդ նիստին` 27 Յունուարին, դատարանը որոշում պիտի տայ խափանման միջոց բանտարկութիւնը տնային բանտարկութեամբ փոխարինելու միջնորդութեան գծով:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button