Լեհահայ «Գաւազանակիր Միանձնուհիներ»

2 0
Read Time:17 Minute, 6 Second
Լեհահայ «Գաւազանակիր Միանձնուհիներ»

Փրօֆ Արա Սայեղ

Լեհաստանի հայ եկեղեցւոյ միանձնուհիներու պատմութիւնը սկսած է ուշ միջնադարէն սկսեալ, եղած է բազմափուլ եւ յատկանշուած է դաւանական բարդ իրադարձութիւններով։ Լեհահայ միանձնուհիները ապրած են պատմական Լեհաստանի գլխաւորաբար երեք մենաստաններու մէջ՝ Լվովի, Քամիենիէց Բոտոլսկի եւ Եազլովիէցի մէջ։ Անոնք ընդհանրապէս կոչուած են «Կուսանք» կամ այդ դարաշրջանի  լեհահայերու գերիշխող  խօսակցական հայատառ ղփչաղերէնով՝ «Ղըզլար» եւ կամ հին լեհերէնով ընդհանրացած՝ տեվոթքի, որ կը նշանակէ «Նուիրեալներ»: Մինչեւ Հռոմի եկեղեցւոյ հետ միութիւնը լեհահայ միանձնուհիները օգտագործած են կանացի վանականութեան հայկական անցեալի աւանդու­թեամբ կրօնաշունչ կարգը եւ ընդունուած օրինագիտութիւնները, որոնք նոյնութեամբ ընդօրինակուած էին շնորհիւ լեհահայերու դէպի Երուսաղէմ կատարած բազմաթիւ ուխտագնացութիւններուն։ Լեհահայ յիշատակարաններու եւ լեհական աղբիւրներու մէջ իբրեւ հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ ձեռնադրեալ սարկաւագուհի, առանձնայատուկ ձեւով յիշատակուած է  Քամիենիեցէէն լեհահայուհի՝ Մարիանա (Մարիա) Պօղոսովնան (1630 – 1690), որ երուսաղէմ իր ուխտագնացութեան ժամանակ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ սարկաւագուհի ձեռնադրուած էր ազգաշնորհ Փիլիպպոս Աղբակեցի կաթողիկոսի (1633-1655) ձեռամբ, հաւանաբար 1653 թուին։ Նոյնպէս իբրեւ միանձնուհի կը յիշատակուի նաեւ Եազլովիէցէէն՝ Ռիփսիմէ Սբենտովսքան, որ յաճախ լեհական պատմական աղբիւրներու մէջ Հռիփսիմէն, նոյնիսկ մինչեւ այսօր Ռիփսիմէ կը կոչուի։ Լեհահայ Միանձնուհիներու ամբողջական անուանացանկը եւ ընդհանրապէս լեհահայ միանձնուհիներու հետ առնչուած նիւթերու պատմական ծալքերը, ուսումնասիրութեան խոստմնալից ասպարէզ մը կրնան յուշել, որ բծախնդիր եւ ամբողջական քննարկումի կարիքը ունի: Նկատելի է նաեւ, որ լեհահայ եկեղեցական կեանքի միանձնուհիներու առկայութիւնը զուտ տեղական բնոյթ չունի։

Իսկ պատմականօրէն լեհահայ միանձնուհիներու յաջորդ փուլը կը սկսի 17-րդ դարու քառասունական թուականներէն եւ իր դաւանական խառնակ կառոյցով կը շարունակուի մինչեւ նոյն դարու ութսունականները կամ իննսունականները, երբ Լեհաստանի Թագաւորութեան մէջ տեղի ունեցաւ դարաւոր հայ համայնքի բաժանումը հայ առաքելական մայր եկեղեցիէն, որ Լեհաստանի մէջ հաստատուած էր 1367 թուին, Քաժիմէժ Գ Մեծ լեհ թագաւորին հաւանութեամբ՝  արտօնութիւն շնորհելով  Գրիգոր Եպիսկոպոսին հայ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսութիւն մը հիմնելու Լվովի մէջ։

1630 թուականին էր, երբ Յակոբ Թորոսեանի եւ Կատարինէ Աւետիքեանի որդին՝ լեհահայ Նիկոլը (Նիկողայոս), որ բազմալեզու պատմական մատենագրութեան մէջ հանրածանօթ իբրեւ՝ Նիկոլ Թորոսովիչ ուխտադրուժ ըլլալով ամբողջապէս ենթարկուեցաւ Հռոմին։

Մելքիսեդեկ Ա Գառնեցի աթոռակից կաթողիկոս 28․փետրուար․1627 թուին հիմնօրէն խախտելով հայ առաքելական եկեղեցւոյ ընդունուած աստիճանները, Լվովի դռնփակ եկեղեցւոյ մէջ հակառակ ժողովուրդի բուռն ընդդիմութեան եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում կը կատարէ հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւորականին՝ լեհահայ 23 ամեայ Նիկոլին իբրեւ ինքնընտիր Եպիսկոպոս։ 24.հոկտեմբեր.1630 թուին Նիկոլը ընդմիշտ կը զիջի Հռոմի քահանայապետին գերագահութեան, ընդունելով կաթոլիկ դաւանանքը, իսկ արքութեան պատիւն ու տիտղոսը կը ստանայ Հռոմէն 1635 թուին։ Նիկոլը եկեղեցական եւ դաւանական միութիւն կը կնքէ Հռոմի եկեղեցւոյ աթոռին հետ, դառնալով հայոց պատմութեան մէջ առաջին հայ կաթոլիկ հոգեւոր առաջնորդը։ Իր առաջնորդութեան  տարածքը պարփակելով ոչ միայն Լեհաստանի թագաւորութիւնը, այլեւ Լիթվիոյ, Մոլտավիոյ, Վալախիոյ (Ռումանիոյ) հայ կաթոլիկ բոլոր թեմերուն պատկանող համայնքները, հանդիսանալով հայ կաթոլիկ առաջին թեմակալ առաջնորդը, որ հոգեւոր գահակալութեան ասան իր ափին մէջ պահեց 1630 թուականէն մինչեւ իր մահը 1681 թուական։

Անձի մը անսանձ կամայականութեամբ արդէն կը հաստատուի լեհահայ առաքելական եկեղեցւոյ 263 տարուայ պատմական հաստատութեան կառուցազերծումը, անոր հետ առնչուող հոգեւոր մշակոյթի կասեցումը եւ Հռոմի եկեղեցւոյ հետ համախմբումը։ Հայ եկեղեցւոյ եւ Հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցւոյ միութիւնը լեհահայ համայնքին եզակի ինքնութեան համար խորապէս անկիւնադարձային պահ մըն էր իր ազդեցիկ դերակատարութեամբ։

Այդ ժամանակ Լեհահայ համայնքը կ’ապրէր դաւանափոխութեան բարդ վէճերու իրադարձութիւնները, ներգաղութային դաւանական փոթորկոտ պարակտումը, իր ազգային գիտակցութեան եւ ընկերաբարոյական ամբողջ կառոյցի վերաձեւաւորումը։ Նոյն հաւատքի երկու յարանուանական հոսանքներու իսկական այլամերժ գոյամարտ մը տեղի կ’ունենար։ Հոգեւոր դէմ-յանդիման, դժուարին նոր երկունքի մը իրավիճակը, հակադրութեան կնճռոտ այս գոյապայքարը կը շարունակուի աւելի քան երկար դար մը։

Լեհահայ միանձնուհիներն ալ որպէս բարեպաշտ կանայք, իրենց կեանքը Աստուծոյ եւ քրիստոնէական հաւատքին ընծայած, եւ իրենց նմաններուն ծառայութեան նպատակին նուիրուածներ, բնականաբար պիտի դիմանային պատմական դաւանախառն եւ անասելի այս կնճռոտ շրջանը։ Կ’ապրէին վանքերու կամ մենաստաններու մէջ հետեւելով կրօնական որոշ կարգի մը, որ կը գտնուէր դաւանափոխութեան դարաշրջանի մը շեմին։ Հիմնականօրէն իրենց ծառայութեան յանձնառութիւնը ժողովուրդի հոգեւոր եւ ընկերային կարիքներու հոգատարութիւնն էր։ Լիազօրուած էին ուսուցանելու մանաւանդ իգական սեռի շրջանակներուն մէջ, հասնելու կանանց հոգեւոր խնամքին, կատարելու Սուրբ Գիրքի սերտողութիւնն ու բացատրութիւնը, դասաւանդելու նաեւ իգական վանական մենաստաններու եւ վանքերու մէջ:  Յատկանշական իրականութիւն էր նաեւ  անոնց աջակցութիւնը հասուն կամ չափահաս կանանց մկրտութեան խորհուրդի ընթացքին։

Կարելի է հաստատել, որ Լեհաստանի հայ միանձնուհիներն ալ հանդիպած են  խոչընդոտող կարծրատիպերու։ Լիովին ենթարկուած են տեղւոյն համայնքի աւագներու գերիշխանութեան, պատգամաւորներու եւ երեցներու տիրութեան՝ պարտադրեալ այդ վարմունքը շարունակուեցաւ դաւանափոխութեան շրջանին։ Նոր թեկնածուներու  միանալու պարագային ալ, համայնքի աւագները պէտք է յօժարէին ու իրենց համաձայնութիւնն ու արտօնութիւնը շնորհէին նոր միանձնուհիներուն։

Լեհաստանի Թագաւորութեան մէջ գործող հայ միանձնուհիներու երեք վանքերէն մեծագոյնը՝ Քամիենեց Բոտոլսկիի Սուրբ Աստուածածնի Աւետման եկեղեցին էր, իսկ երկրորդը՝ Լվովի Սբ. Խաչ եկեղեցւոյ միանձնուհիները, իսկ երրորդը եւ համեստագոյնը Եազլովիէցի եկեղեցին։ Բայց 17-րդ դարու երկրորդ կէսէն ետք թրքական արշաւանքները լեհահայերու վանքերը ծանր կորուստներու եւ կործանումներու ենթարկեցին,  կործանումէն ետք անոնց վերակառուցումի մասին քիչ ծանօթ ենք։ 1672 թուին թուրքերու կողմէ Քամիենիէցի գրաւումէն ետք աւելի քան 14 լեհահայ միանձնուհիներ տեղափոխուեցան ապաստանելով Օսմանեան կայսրութեան խորքերը: Թրքական սպառնալիքը ստիպած էր նաեւ Եազլովիէցի երեք լեհահայ միանձնուհիներ լքելու քաղաքը եւ ապաստան փնտռելու Լվովի մէջ, միժամանակ միանալով լեհահայ մնացած միանձնուհիներուն։

Ճիշդ է, որ լեհահայ բոլոր միանձնուհիներն ալ ապաստան գտան Լվովի մէջ, հայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջնորդութեան հովանիին տակ, բայց լեհահայ համայնքի ներքին բուռն տագնապը, հայ առաքելական եկեղեցիի կազմաքանդումը կը շարունակուէր, հայ կաթոլիկ եպիսկոպոսի իշխանութեան տակ ալ միանձնուհիներու իրավիճակը անկայուն էր, հեզասահ ընթացք չունէր, ընկերային եւ տեղական աւանդութիւններու դիմադրութիւնը բազմակողմանի էր։ Հայ համայնքը հաշտ չէր կուսականաց խմբաւորումի այս գաղափարին հետ, ընկերային  կեանքի մէջ տղամարդոց գերակայութեան սկզբունքը ներգործող եւ զօրեղ էր։

Բնական է, որ 17-րդ դարու վերջին տասնամեակին լեհահայութեան համար հայ կաթոլիկ նոր համայնք մը կը ձեւաւորուէր, սկզբնական ժամանակշրջանին թերեւս իր գործնէութիւնը որոշ հայկականութիւն մը կը յուշէր, կը շարունակուէր չափաւոր հայկական ոգիով, բայց անվիճելի զիչում մը կար հայերէն լեզուի, նոյնպէս ալեկոծում մը գոյութիւն ունէր հայ մշակոյթի ընկալման, տեղական աւանդութիւնները ըմբռնելու եւ ընդունելու, անոնց հետ համակերպելու համոզումին հետ։ Համայնքի հոգեմտաւոր կառոյցը փոփոխութեան ենթարկուած էր, լեհահայերը աստիճանաբար համարկուեցան կաթոլիկ եկեղեցւոյ ծիսական, լեզուական, կենցաղային, բարքերու հարկադրանքներու պարունակին մէջ։ Գործնականօրէն լեհահայ համայնքի հոգեմտաւոր կառոյցը ձեւափոխուած էր լատինական բնօրինակին համաձայն։ Ճիշդ է, որ միանձնուհիները աւելի անկախ էին  երեցներու գերիշխանութենէն, բայց համայնքը աւելի համառատու էր նոր եւ ձեւափոխուած իրականութեան հետ իր ամբողջական կառոյցի պատկանելիութեամբ։

Զգալի է, որ Հռոմի աթոռի հետ Լեհաստանի հայ եկեղեցւոյ միութիւնը, 17-րդ դարու վերջին տարիներուն բարեփոխութեան ենթարկեց միանձնուհիներու կարգավիճակը, ձեւով մը խթանեց անոնց միացումը։ 1680 ական թուականներէն սկսեալ, միանձնուհիները սկսած էին իրենց համախմբումն ու  կազմաւորումը։

Միանձնուհիներու խնդրանքին ընդառաջելով Հռոմի Ալեքսանտր VIII պապը 1690 թուին հաստատած էր Լեհաստանի մէջ միանձնուհիներու մենաստան մը հիմնելու ծրագիրը, անոնց թոյլ տալով նաեւ մնալու հայ կաթոլիկ ծեսի հովանիին տակ։

Համայնքը գործնապէս ստացած էր Հռոմի աթոռի համաձայնութիւնը, հիմնելու համար լեհահայ միանձնուհիներու մենաստանը Պենետիկդեան վանական ուխտի օրինակարգով, պահպանելով նաեւ սեփական կաթոլիկ ծեսը։ Ուստի 1690 թուականը կը համարուի լեհահայ միանձնուհիներու հաստատման իբրեւ պաշտօնական տարեթիւը։

1690 թուականէն ետք, Լվովի հայոց մայր տաճարի մէջ տեղի կ’ունենայ  միանձնուհիներու նուիրապետական ուխտի կազմաւորումը եւ հոգեւոր կրթութեան պատրաստութիւնը, ուր 26 Նոյեմբեր 1691  թուականին կը կատարուի 15 լեհահայուհիներու Պենետիկդեան վանական ուխտի ուխտադրումը։ Այդ միանձնուհիներէն ոմանք ապագային պիտի դառնային աբբայուհիներ, ինչպէս Հելենա Ֆորթունաթա Սբենտովսքան (Աստուատուրովիչ կամ Աստուածատուրովիչ)։

Այդ ժամանակ միանձնուհիներու կառոյցը կը ղեկավարուէր Պենետիկդեան միաբանութեան լատինական ծիսակարգով, այդ կը նշանակէ, որ մենաստանի վարչական եւ տնօրինական իշխանութիւնը վերապահուած էր լատինական Պենետիկդեան աբբայութեանը։ Միանձնուհիներու մենաստանի պատրաստութեան համար այս շրջանին համայնքը օգտուած է նուիրատուներու օգնութենէն, անոնց  մէջ էին Լվովի հայ կաթոլիկ արքեպիսկոպոսներ, մեծահարուստ լեհահայեր, հայ համայնքի հեղինակաւոր պատգամաւորներ  եւ ազնուականութիւնը ներկայացնող հայ ունեւոր խաւը։ Լեհահայ միանձնուհիները ունեցած են նաեւ իրենց սեփական ագարակը, հոն կը գտնուէր Ս․ Աստուածածնի հայկական մատուռը ։

Միանձնուհիներու վանական համալիրը

 

Յատկանշական էր միանձնուհիներու աշխոյժ կրթական գործունէութիւնը իգական սեռի երիտասարդութեան շրջանակներուն մէջ։ Որու շնորհիւ լեհահայ միանձնուհիները կառուցած են աղջկանց դպրոցը, եւ 16 Յունուար 1785 թուականէն սկսեալ կառավարած  են այդ կրթական համակարգը, որ կարելի է Լվովի հռչակաւոր եւ հնագոյն դպրոցներէն մէկը  համարել։ Շատ յաճախ Լեհաստանի կրօնապատմական գրականութեան մէջ,  գնահատութեամբ կը յիշուի Լեհահայուհիներու Պենետիկդեան կուսանոցի կրթարանը կամ Լեհահայ Պենետիկդեան միանձնուհիներու դպրոցը։

Լեհահայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ երկրորդ առաջնորդը՝ թոխաթեցի (Թոքաթ) Վարդան Արք․ Յունանեանն էր (1644–1715) ։ Վ․ Յունանեան Լվով ժամանած էր 1665 թուին, եպիսկոպոս ձեռնադրուած էր 1675 թուին, դառնալով Նիկոլի օգնականը։ Վարդանի առաջնորդութեան շրջանը (1686–1715) հիմնականօրէն յատկանշուած է լատինական ծիսական արարողութիւններու  հաստատումով, կաթոլիկ դաւանական սկզբունք­ներու եւ հռոմէադաւան աւանդութիւն­ներու ամրապնդումով, արարողութիւններու, պատարագներու ընթացքին հայերէնը սահմանափակելու, ծիսական եւ կազմակերպչական լատինամերձ դրսեւորումներով։ Վ․ Յունանեան մեծ դեր ունեցած է լեհահայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ խարիսխաւորման եւ անոր կաթոլիկացումի կազմակերպչական կառոյցի հաստատման։

Ի վերջոյ, լեհահայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ երկրորդ առաջնորդի՝ Վ․ Յունանեանի օրով 1701 թուականի Յունուարի 20-ին, Սեֆերովիչ եւ Սբենտօվսքի հայկական ընտանիքներու հետ առնչակից, Եազլովիցէի քահանայական ընտանիքի մէջ ծնած միանձնուհին՝ Տէր Ներսէս Ներսէսովիչ քահանայի դուստրը եւ Եպիսկոպոս Պօկտանի քոյրը՝ Մարիանա Քսավերա Ներսէսովիչնան (1625–1710) միաձայնութեամբ կ’ընտրուի լեհահայ միանձնուհիներու առաջին հովուապետուհի։ Մեծաւորուհիի այս կոչումը ցմահ կը տրուէր։ Առաջին այս հայ աբբայուհին կամ աբբամայրը հովուապետած է մինչեւ իր մահը 1710 թուին: Պէտք է յիշել որ, Ներսէսովիչնա աբբայուհին եղած է կաթոլիկ եկեղեցւոյ հետ միութեան գովաբանող  թունդ կողմնակիցներէն եւ դրուատողներէն, Պենետիկդեան միանձնուհիներու իր ուխտը կատարած է 24 Օգոստոս 1683 թուին։

Աբբայուհի՝ Մարիանա Քսավերա Ներսէսովիչնա

 

Լեհահայուհիներու Պենետիկդեան վանական այս հաստատութեան միանձնուհիներու աբբայուհիներուն կը տրուէր հետեւեալ լիազօրութիւնները՝ ունենալու եպիսկոպոսական գաւազան ու մատանի իբրեւ  նշան` վանական եւ հոգեւոր իշխանութեան, իրենց յատուկ հագուստն ու կապուստը թաւշեայ ճերմակ ինքնատիպ գլխակապը, յատուկ սեւ սգեմը, կաշիէ գօտին, եւայլն։ Յաջորդող սիւնակներուն մէջ ներկայացուած դիմանկարներու ընդմէջէն նկատելի է, մանաւանդ հեղինակութեան խորհրդանիշը՝ ձախ ափին մէջ պահած պարուրաձեւ մետաղեայ գաւազանը, որ աւելի բարձր է քան աբբայուհիներու ուսերը։ Իսկ անոնց աջ ձեռքի միջնամատին կրած մեղեսիկ, տպազիոն, շափիւղայ, սուտակ, զմրուխտ եւ այլ թանկարժէք մատանիներու կողքին ունէին կուրծքի վանական մեծ խաչը, իսկ հոգեւոր հոգածութեան յատկանիշներն էին՝ վարդարանը ձախ ձեռքին, Աստուածաշունչը եւ խաչեալին օրհնուած խաչը։

Լեհահայուհիներու Պենետիկդեան միանձնուհիներու մենաստանը, Լեհաստանի պատմութեան մէջ իր գործնէութեամբ յիշուող իբրեւ առաջին եւ թերեւս հնագոյն միակ լեհահահայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ պատկանող միանձնուհիներու մենաստանն է։ 1701 թուականէն մինչեւ 1927 թուական, իր 223 տարուայ աւանդոյթով այս մենաստանը ունեցած է 11 լեհահայուհի կամ ծագումով հայ աբբայուհիներ, վերջինը արդէն լեհ էր։ Մարիանա Քսավերա Ներսէսովիչնաէն ետք կարելի է յիշել լեհահայուհի աբբայուհիները եւ անոնց հոգեւոր իշխանութեան շրջանը։ Հելենա Ֆորթունաթա Սբենտովսքա (1710-1751), Մակտալենա Պենետիքդա Մանչուկովիչ (1751-1757), Ալօյզա Աուկուսթինովիչ (1757-1772) , Ռիփսիմէ  Մաթիաշեվիչ (1772-1788), Կերդրուտա Քսավերա Գիրգորովիչ (1791-1796), Պարպարա Վերոնիքա Բիրամովիչովնա (1796-1827), Մարիանա Գոլումպա Նատէուվնա (1827-1836), Լուտվիքա Քչիշթոֆովիչուվնա (1839-1843), Քայեթանա Սարգիսեվիչ (1845-1893), Ալօյզա Եանովիչ (1894-1927), եւ լեհուհի Էլէքթա Օրլօվսքան (1928-1954)։

Լվովի մէջ լեհահայուհիներու աւանդութիւններով հիմնուած Պենետիկդեան միանձնուհիներու պատրաստութեան այս հռչակաւոր կրթարանը, մենաստանի այս կառոյցը կը շարունակուի մինչեւ 1945 թուական, երբ Լեհաստանի պատմական արեւելեան սահմանները փոփոխութեան կ’ենթարկուին, փոփոխութեան ենթարկելով նաեւ Լեհաստանի պատմական տարածքները։ Մանաւանդ Լվովի լեհահայ կաթոլիկ վերջին թեմակալ առաջնորդին՝ բարեհամբաւ Եուզէֆ  Արքեպիսկոպոս Թէոտորովիչի (1864-1938) մահէն ետք։ Պատմական Լեհաստանի հարաւ-արեւելեան սահմանամերձ Սթանիսլավով մարզի մայրաքաղաք՝ Լվովը կը դառնայ այսօրուայ Ուքրանիոյ հարաւ – արեւմտեան տարածքի մէկ բաժինը (Իվանո-Ֆրանքովսք)։ Ուստի ինչպէս բոլոր լեհերը, նոյնպէս տեղւոյն լեհահայերն ալ կը լքեն Լվովի եւ յարակից շրջաններու լեհահայ կաթոլիկ թեմի բազմաթիւ եկեղեցիները, կալուածները, անոնց մէջ ըլլալով նոյնպէս միանձնուհիները ու կը հեռանան իրենց մենաստանէն, կալուածներէն։ Ծանրատաղտուկ թափառումներէ ետք միանձնուհիներու այս հաստատութիւնը, կուսանոցն ու դպրոցը կը փոխադրուի ժամանակակից Լեհաստանի հարաւ արեւմտեան կողմը գտնուող Վրոցլավ քաղաքին մօտիկ Վոլուվ գիւղաքաղաքը եւ հոն կը հաստատուի։ 1961 թուականէն վերջ միանձնուհիներու այս կառոյցը մինչեւ օրս կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ Պենետիկդեան միաբանութեան լատինական ծիսակարգով։ Լեհահայ միանձնուհիներու հիմնած իւրայատուկ եւ հանգամանալից այս կառոյցը այդ թուականէն ետք յիշատակութենէ կը դադրի իբրեւ «Լեhահայ» անուամբ կոչուելէ։

Պարտք է յիշել, որ Պրոնիսլավա Վույչիք Քէօփրիւլեանը 1932 թուին Փարիզ հրատարակուող «Անահիտ» Հանդէսին մէջ՝ «Լեհաստանի հայ պատմական յիշատակարաններու ցուցահանդէսը» լայնածաւալ իր յօդուածին մէջ անդրադարձած է աբբայուհիներու մասին (1)։

Իսկ Մայիս 2013 թուին լեհահայ Մանուկեվիչներու թոռնուհին Ռոմանա Օպրօցքան «Լեհահայերու Մշակոյթի եւ Ժառանգութեան Հիմնադրամ»ի անունով այցելութիւն մը տուած է Վոլուվի միանձնուհիներու հաստատութեան։ Հետաքրքութիւն յայտնած է միանձնուհիներուն մօտ գտնուող լեհահայ մշակութային ժառանգութեան հետ կապուած աւելի լայն տեղեկութիւններ իմանալու նպատակով։ Միանձնուհիները գնահատելով այս քայլը, որոշած են իրենց մօտ գտնուող լեհահայ միանձնուհիներու հետ կապ ունեցող նիւթական ժառանգութիւնը, լեհահայ աբբայուհիներու աւանդութեան հետ առնչակից դարաւոր ժառանգութիւնը եւ մանաւանդ անոնց դիմանկարները, որոշ նամակագրութիւններ, արխիւներ, աղօթարաններ եւ եկեղեցական իրեր փոխանցելու լեհահայերու հիմնադրամին։

Բայց այդ փոխանցուած նիւթական ժառանգութիւնը, որ բարեբախտաբար միանձնուհիներու շնորհիւ պահպանուած էր մինչեւ մեր օրերը, սկսած կտաւի վրայ իւղաներկով նկարուած աբբայուհիներու դիմանկարներէն եւ այլն, կարիք ունէին ֆիզիքական վերանորոգութեան, անոնցմէ թօթափելու համար պատմութեան փճացնող փոշին, փոխադրութեան եւ պահեստի անյարմար եւ կործանիչ պայմանները։ Կը պահանջէին վերականգնումի հսկայական ծախսեր, հմուտ եւ մասնագիտացած գեղարուեստական նորոգումներ, վերականգնողական փոփոխութիւններ, այլ խօսքով գուրգուրոտ ձեռքերու խնամքին։ 2017 թուականէն ետք այդ նիւթական ժառանգութիւնը մաս առ մաս հիմնադրամին փոխանցուեցաւ, ձեռք բերելու համար հարկ եղած խնամքն ու հովանաւորութիւնը։ Բնական է որ տեղի ունեցան վերականգնողական մասնագիտական նորոգութիւններ, գեղարուեստական աշխատանքներ, յատուկ պիւտճէ մը յատկացուեցաւ ։

Այդ դիմանկարները տարածուն բնագաւառ մը բացին պատմական եւ գիտաքննական ուսումնասիրութիւններու, պրպտումներու, ցուցահանդէսներու, հրատարակչական եւ ծանօթագրական ծրագիրներու։ Այդ նպատակով տեղի ունեցան լուսաբանական հանդիպումներ, գրուեցան մեկնաբանական յօդուածներ, եղան հարցազրոյցներ, ձայնային եւ աւանդական մամուլի հաղորդումներ։ Պարտք է յիշել նաեւ, որ Վարշաւայի մէջ լեհահայ  միանձնուհիներու դիմանկարներու ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ 13 Մայիս.2021 էն – 20 Յունիս .2021 թուին։ Իսկ երկրորդ ընդարձակուած ցուցահանդէսը մեծ շուքով տեղի ունեցաւ 12 Օգոստոս.2022 էն – 19 Նոյեմբեր.2022 թուին, ուր միանձնուհիներու դիմանկարներու կողքին ցուցադրուեցան հարակից մշակութային նիւթական ժառանգութեան հատընտիրներ, ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Քրաքովի Եակելոնեան պատմական համալսարանի Collegium Maius թանգարանի հանդիսասրահին մէջ: Իսկ  2. Դեկտեմբեր․ 2022 թուականէն սկսեալ աբբայուհիներու դիմանկարները մշտական ցուցադրութեան մէջ են Վարշաւայի մէջ լեհահայերու հիմնադրամի յարկին տակ ։

Նախորդ սիւնակներու մէջ ներկայացուած Lեհահայ միանձնուհիներու պատմական միտումնաւոր մատենագիտական քաղուածքի յիշուած համադրութիւնը կը ձգտի՝ ընդլայնուած լուսարձակ մը սփռելու, պատմական ծանօթագրական լայնարձակ լուսամուտ մը բանալու, ծանօթացնելու եւ թափանցելու լեհերէն լեզուով «Գաւազանակիր կանայք» վերնագրով հատորի բովանդակութեան եւ անոր խորքի էութեան։ Իրականութեան մէջ հատորը արգասիքը եղաւ եւ առիթը ընծայեց լեհահայ միանձնուհիներու մասին գիտապատմական ուսումնասիրութիւններու, գեղարուեստական եւ հրատարակչական աշխատանքներու, ծանօթագրական ծրագիրներու եւ ձեռնարկներու։

Հատորը լոյս տեսաւ Քրաքովի մէջ «księgarnia akademicka» հրատարակչատունէն թղթակազմ եւ թուայնացած տարբերակներով։ 2021 եւ 2022 թուի թողարկումներով լոյս տեսած հաստափոր, մեծ չափով գեղեցկատիպ այս հատորը, կը ներառէ նաեւ գունազարդ պատկերագրական հարուստ փաստագրութիւն մը։ Իր ծաւալուն 380 էջերու վրայ տարածուած ուսումնասիրութիւններու շնորհիւ կը հանդիսանայ դրուատելի պատմական հնագիտական ընդգրկուն ժողովածու մը։ Հատորի ընդհանրապէս պատմողական բովանդակութիւնը լայն տեսադաշտ մը կը բանայ միանձնուհիներու պատմութեան, աբբայուհիներու կենսագրութիւններուն, անոնց ապրած կեանքին ու վարած գործունէութեան։ Լոյս կը սփռէ լեհահայերու միջնադարեան շրջանի  կենցաղին, աւանդութիւններուն, տիրող համայնքային իրավիճակին։ Կը պարունակէ լեհահայերու տոհմական ուշագրաւ յուշագրութիւններ, կ’ընդգրկէ տուեալ ժամանակաշրջանի մանրապատումը, մատենագիտական հաւաքագրումի արգաւանդ աղբիւր մը։

 

Հատորը ընդարձակ գեղարուեստական եւ արհեստագիտական, վերականգնողական լուսաբանութիւններ կը յայտնէ տեղադրուած աբբայուհիներու դիմանկարներու մասին։ Այդ բոլոր լուսաբանական յօդուածները կը ծանօթացնեն լեհահայ միանձնուհիներու պատմական հատուածը, ըմբռնելի կերպով կը միտին գոհացնելու ընթերցողին քիչ ծանօթ պատմամշակութային ծալքերու շերտաւորումը։ Հատորի յօդուածներու պարզաբանող բավանդակութեան ընդմէջէն մեր ուշադրութեան կը հրաւիրեն, երբեմն կ’իմացնեն, կը մանրամասնեն պատմական որոշ իրողութիւններ, եղելութիւններ։

Գիրքը իր բազմահեղինակ կառոյցով լեհ պատմաբաններու կողմէ լեհերէն լեզուով ներկայացուած ուսումնասիրութիւններու ժողովածու մըն է, որ կը պարզաբանէ Լվովի լեհահայ Պենետիկդեան  միանձնուհիներու պատմագիտական պատկերը, Քրաքովի Եակելոնեան համալսարանի թանգարանի կողմէ իրականացուած աբբայուհիներու դիմանկարներու վերականգնողական, գեղագիտական եւ վերակարուցողական աշխատանքներու ընթացքի տեղեկութիւնները։ Ժողովածուն լոյս տեսած է Վարշաւայի «Լեհահայերու Մշակոյթի եւ Ժառանգութեան Հիմնադրամ»-ի յանձնառութեամբ եւ Քրաքովի Եակելոնեան դարաւոր համալսարանի «Հայկական մշակոյթի ուսումնասիրութիւններու կեդրոն»-ի (2) համագործակցութեամբ, որուն վարիչն ու այս հատորին խմբագիրն է լեահահայութեան բազմավաստակ գիտաշխատող պատմաբան` Փրոֆ. Անտժէյ Ժիէնպան:

Մխրճուելով հատորի բովանդակութեան ծալքերուն մէջ, հոն կարելի է կարդալ «Լեհահայերու Մշակոյթի եւ Ժառանգութեան Հիմնադրամ»ի ներկայ ղեկավարուհի՝ Մարիա Օհանովիչ-Թարաշուքի ներածականը, ապա Ա․ Ժիէնպայի եւ Եօաննա Սլավինսքայի համահեղինակութեամբ «Լվովի՝ լեհահայ Պենետիկդեան միանձնուհիներու հիմնադրին եւ աբբայուհիներու կենսագրականներ», ապա Հայկական մշակութային ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի գիտաշխատողներու յօդուածները եւ այսպէս՝ Ե․ Սլավինսքայի «Լվովի հայ Պենետիկդեան միանձնուհիներու դիմանկարները վանքի պատմութեան հեռանկարով»։ Իսկ Թոմաշ Քժիժովսքին ակնարկ մը կը ներկայացնէ այդ դիմանկարները յայտնաբերելու իրողութեան՝ «Լվովէն մինչեւ հարաւային Սիլիզիա, պատերազմի եւ յետպատերազմի շրջաններու լեհահայ Պենետիկդեան միանձնուհիներու ճակատագիրը»։ Ա․ Ժիէնպան իր լայնածաւալ ուսումնասիրութեամբ կը ներկայացնէ «Սրբուհի Հռիփսիմէի եւ Պենետիկդեան լեհահայ միանձնուհիները՝ Բարեպաշտութեան ազգագրական երեւոյթ մը», իսկ համահեղինակներ՝ Մօնիքա Ակոբսովիչ, Թ․ Քժիժովսքի, Մարչին Լուքաշ Մայեվսքի, Մարէք Սթաշօվսքի եւ Ա․ Ժիէնպա ներկայացուցած են «Լեհահայ Պենետիկդեան միանձնուհիները՝ պատմագրական փաստագրութիւններու լոյսին տակ» երկարաշունչ ուսումնասիրութիւնը։ Իսկ Եօլանթա Բոլէշ ներկայացուցած է հետաքրքրական՝ «Լվովի հայ Պենետիկդեան միանձնուհիներու դիմանկարներուն վերականգնողական աշխատանքներու արհետսագիտական հետազօտութիւններու իրավիճակը», այդ 11 դիմանկարներու պատմական, մշակութային եւ գեղարուեստական ժառանգութիւնը փրկելու նպատակով տարուած հսկայական վերակառուցողական եւ հանգրուանային աշխատանքը։ Տեղ գտած են նոյնիսկ իսկական վիճակի եւ յետ վերականգնողական աշխատանքներու գունազարդ նկարներով բոլոր մանրամասնութիւնները։

Ծաւալուն հատորին աւելցուած է նաեւ անգլերէն լեզուով մէկ էջնոց ամփոփումը, ինչպէս նաեւ` օգտագործուած անձնանուններու հարուստ անուանացանկը։ Մասնակից հեղինակներու հակիրճ կենսագրականները։ Բոլոր տեղ գտած յօդուածները հարուստ են մատենագիտական եւ արխիւային աղբիւրներով:

Հասկնալի է, որ մատենագիտական պրպտումները երբեք սպառիչ  կամ լիակատար չեն, բայց կարելի է ընդունիլ, որ համահեղինակներով խմբագրուած ժողովածուն, գիտապատմական  յօդուածներու այս հատորը կը ներկայացէ միանձնուհիներու ծաւալուն պատմաքաղ մը, ուսումնասիրուած հում նիւթի ժամանակներն ու լեհահայութեան ընկերային իրավիճակը։ Կարելի չէ այս նեղ սիւնակներու մէջ ներկայացնել հատորին ամբողջական պարունակութիւնը, լիակատար եւ էական արժեւորումը, բայց կը բաւականանանք հետեւողի ուշադրութեան յանձնելու որոշ մատնանշումներ, խորհրդածութիւններ եւ խոհեր, հատորի պատմական բովանդակութեան մասին ։

Գիրքին վերնագիրը իր թիրախին պիտի ծառայէր, աւելի նշանակալից իսկութիւն մը պիտի հաղորդէր եթէ «Գաւազանակիր կուսականայք», կամ «Գաւազանակիր միանձնուհիներ» անուանուած ըլլար։ Տեղացի ընթերցողին համար աւելի գրաւիչ կամ հրապուրիչ երեւնալու համար երեւի ընտրուած է «կանայք» բառը։

Լեհահայ միանձնուհիներուն իրագործումները՝ կրթական ներդրումն ու հոգեւոր ծառայութիւնը սահմանափակուած չէր միայն հայ համայնքի սահմաններու մէջ, ունէր համալեհական նշանակութիւն։ Որով լեհահայուհիներու կողմէ 1785 թուականին հիմնուած աղջկանց դպրոցին պարագային, հատորին մէջ զետեղուած ութսուն տարիներու (1790-1870) աշակերտութեան թիւի աղիւսակին մէջ (հատորի՝ էջ 170), յատկանշական է, որ  աշակերտութեան թիւը հասած է 570 ի։ Այդ թուականներուն, պատմական Լեհաստանի տարբեր փոքրամասնութիւններու աղջիկներ, նոյնիսկ հեռաւոր շրջաններէն յաճախած են այդ դպրոցը։ Ունեցած է նաեւ ուսուցիչներու, դաստիարակներու եւ կրթական մշակներու ձեռնհաս եւ բազմաշերտ կազմ մը։

Հայ բանասէր, մանկավարժ, պատմաբան, ազգագրագէտ, Մխիթարեան միաբանութեան անդամ՝ Հայր Մինաս Բժշկեանց 1820 թուականին այցելած է այդ դպրոցը եւ իր հիացմունքն ու երախտագիտութիւնը գրած է, միանձնուհիներու ձեռնհասութեան,  անոնց վանական եւ կրթական բարձր մակարդակի մասին (հատորի՝ էջ 59)։  Ներբողական նման վկայութիւններ գրուած են նաեւ լեհ մանկավարժներու կողմէ, այդ կառոյցի համալեհական դերի նշանակութեան եւ լեհահայուհիներու ուշագրաւ կրթական գործունէութեան մասին ։

Նոյնպէս աբբայուհիներու կենսագրականներէն կարելի է նկատել թէ ինչպիսի տոհմերու, ընտանիքներու պատկանած են։ Հոն տեղ գտած վկայութիւնները ընկերաբանական եւ ազգագրական լայն պատկեր մը կը ներկայացնեն այդ ընտանիքներու մասին, անոնց ունեցած դերին եւ ներդրումին՝ քաղաքական, գիտական, տնտեսական, եկեղեցագիտական եւ կրթական մարզերու մէջ, տեղւոյն լեհական մշակոյթի կերտման հանգրուաններու ընթացքին։ Որպէս օրինակ կարելի է յիշել Պ․ Վ․ Բիրամովիչովնան եղած է հանրայայտ լեհահայ մանկավարժ, գրող, քարոզիչ, թարգմանիչ, կաթոլիկ եկեղեցւոյ գործիչ Կժեկոժ Բիրամովիչի քոյրը (հատորի՝ էջ 170), եւ այլն։

Հետաքրքրական է բազմաէջ հատորին մէջ տեղ գտած մանրամասնութիւններէն Աղփակեցի կաթողիկոսին եւ Ն․ Թորոսովիչի հանդիպման մասին տեղեկութիւնը։ Փիլիպպոս Աղբակեցի կաթողիկոսը կաթոլիկ եկեղեցւոյ հետ միութեան բուռն ընդդիմադիրներէն էր, մանաւանդ պայքարողներէն էր Պարսկաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ կաթոլիկ միսիոնարական գործունէութեանց։ Այդ պատճառով մշտական ​​նամակագրութեան մէջ էր առաքելադաւան հոսանքին պատկանող լեհահայերու հետ, հետեւող էր դաւանափոխութեան իրավիճակին, դիմադրութեան աջակցողն էր կաթոլիկ եկեղեցւոյ միութեան հետ։ Այդ իսկ պատճառով մեծ հեղինակութիւն կը վայելեր այդ ժամանակաշրջանի լեհահայերու առաքելադաւան հոսանքէն։ Հետաքրքրական է, երբ դէպի Երուսաղեմ ճամբորդութեան ընթացքին 1653 թուականին Կոստանդնուպոլիս կը ժամանէ, ուրտեղ կը հանդիպի Նիկոլ Թորոսովիչի եւ Երուսաղէմ ուղղուող լեհահայերու պատուիրակութեան հետ։ Այս հանդիպման ընթացքին Թորոսովիչը անգամ մը եւս կաթողիկոսին առերեւոյթ կը հաստատէ առաքելական իր հաւատարմութիւնը (հատորի՝ էջ 209)։ Այնքան դաստիարակիչ է հայ կաթոլիկ թեմակալ առաջնորդի մը 23 տարի ետք, երբ իր նախորդ հոգեւոր մեծաւորին՝ կաթողիկոսին կեղծօրէն կը հաւաստիացնէ իր խաբուսիկ պարկեշտութիւնը։ Թորոսովիչի հաստատումին վրայ հիմնուելով, վերոյիշեալ լեհահայուհին՝ Պօղոսովնան սարկաւագուհի կը ձեռնադրուի Փ․ Աղբակեցի կաթողիկոսէն ստանալով անոր օրհնութիւնները, երկու տարի ետք 1655 թուին Աղբակեցին կը վախճանի ։

Կարելի է նկատել, որ լեհահայ միանձնուհիներու մենաստանը երբ իր աբբայուհին ընտրած էր 12․ Յունուար․ 1701 թուին, նոյն տարուայ 8․ Սեպտեմբեր․ 1701 թուին Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիր՝ Մխիթար Սեբաստացին, իր համախոհներու հետ հիմնած էր Մխիթարեան միաբանութիւնը։ Հետաքրքական է նաեւ, որ Մ․ Սեբաստացին ալ ընդունելով Պենետիկդեան ուխտը, միանձնուհիներու նման իր միաբանութիւնը հիմնաւորած էր Պենետիկդեան ուխտի կանոններով եւ օրինակարգով։ Ուշագրաւ է, որ նոյն այդ ժամանակաշրջանին հայ կաթոլիկ եկեղեցին կ՛ապրէր իր զարթօնքի եւ ծաղկումի գօրծուն շրջանը, կը բարգաւաճէր ու կ’ամրանար Եւրոպայի մէջ սկսելով Նիկոլ Թորոսովիչի Հռոմի աթոռին հետ միացումի իր որոշումով, ապա Վարդան Յունանեանի լեհահայ կաթոլիկ եկեղեցւոյ ծիսական, կազմակերպչական կառոյցի հաստատումով եւ Մխիթար աբբահօր վանական առաքելութեան աննախադէպ երեւոյթով։ Այս ձեւով նոր ժամանակներու պատմական շրջանի հայ մտքի արեւմտեան քաղաքակրթութեան հետ հաղորդակցութիւն մը ստեղծելով եւ սփիւռքահայ իրականութեան մէջ եւրոպականացումի եւ հայ կաթոլիկութեան նոր անցքեր հռչակելով։

Lեհերէն լեզուով բազմաբովանդակ եւ բազմիմաց այս հատորի հրատարակութեամբ,  անհրաժեշտ պատկերացումը ունինք լեհահայ միանձնուհիներու պատմագրութեան։ Լեհ հեղինակներն ու խմբագիրը, քաջագիտակ ըլլալով լեհահայութեան դաւանական շրջադարձութեան, զգուշաւոր նրբութեամբ եւ գիտական անկողմնակալութեամբ, զսպուածութեամբ փորձած են ներկայացնել ուսումնասիրուած նիւթի մանաւանդ դաւանափոխութեան՝ կրօնաբարոյական եւ ընկերային ամբողջական ծալքերը։ Գիրքին մէջ տեղ գտած յօդուածները ընդլայնուած ձեւով շօշափած են տասնեօթներորդ եւ տասնութերորդ դարաշրջանէն սկսեալ եւ մինչեւ քսաներորդ դար շարունակուող լեհահայ միանձնուհիներու նիւթին հետ կապուած ոչ միայն դաւանական դիւրաթեք մանրամասնութիւնները, այլ լեհահայ ազգագրական, տոհմական եւ կենցաղային վերլուծումները։ Յատկանշական է աբբայուհիներու դիմանկարներուն տրամադրուած պատմագեղարուեստական եւ արհեստագիտական, վերականգնողական գործընթացի լուսաբանութիւնները։

Քսանմէկերորդ դարու առաջին քառորդին, երբ այս հատորի միջոցաւ կը փորձենք կրկին անգամ վերադիտել, վերստին ընկալել եւ վերարտադրել համասփիւռքեան մեր դարաւոր պատմութեան հնագոյն եւ այնքան իւրայատուկ մէկ միաւորը կազմող՝ լեհահայութեան հետ առնչուած կառոյցի մը իրականութեան մանրանկարը, անշուշտ ընկալելով համայնքի անցեալի բոլոր ծփանքները՝ մերժողական վերիվայրումներով եւ թէ արձանագրուած անցաւոր նուաճումներով, անպայմանօրէն այդ մանրապատումին մէջ անուրանալի եւ յստակ է անոր փոխանցած հիմնական ուղերձը, ոչ միայն իբրեւ  «լեհահայ»  անուանումի տեսանկիւնէն, այլեւ մանաւանդ «հայ» ըլլալու կիզակետէն, ուր հայ տեսակի ներգործութիւնները ակներեւ են։

Կարելի է արձանագրել նաեւ այն իրողութիւնը, որ Լեհաստանի պատմական ժամանակահատուածներու ընթացքին լեհահայերու իրագործած մշակոյթի պատումը, լեհահայ եկեղեցապատկան կալուածները, կառոյցները, լեհահայերու ընտանեկան  տոհմածառերը, եկեղեցական եւ հոգեմտաւոր գրչութեան ժառանգը, ճարտարապետութիւնը, լեհահայ մարդաբանութիւնը, լեհահայերու մասնակցութեան նպաստն ու ծառայութիւնները եւ այդ ծաղկած դարաւոր մշակոյթի ճակատագիրը Լեհաստանի պատմութեան մէջ, որոնք հաստատապէս կը պատկանին ոչ միայն լեհահայերու ազգագրութեան այլ ամբողջ քրիստոնէական հոգեւոր մշակոյթի ժառանգութեան կուտակումին։

Անժխտելի են լեհահայ միանձնուհիներու պատմական իրագործումները, որոնք այսօր թաւալգլոր կ՛աւազախրին պատմութեան վաղանցիկութեան մէջ, մնալով սփիւռքահայ իրականութեան մէջ յիշարժան յիշատակագրութիւն մը ։

 

 

(1) «Լեհաստանի հայ պատմական յիշատակարաններու ցուցահանդէսը»  https://tert.nla.am/archive/NLA%20AMSAGIR/Anahit_paris/1932-1933/3-6.pdf

 (2) «Լեհաստանի Մէջ Հայկական Մշակոյթի Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոն Եւ Հինգ Մարդասէր Սկանտինաւուհիներու Բարեգործութիւնները»  https://aztag32.rssing.com/chan-56539322/article8851.html

Լեհահայ «Գաւազանակիր միանձնուհիներ»

 

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles