Յ. Պալեան
Թերեւս աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ հարցնել, թէ այսօրուան հայը շարունակութիւն է ի՞նչ բանի, ինչպիսի՞ շարունակութիւն է կամ կ’ուզէ ըլլալ:
Ի դարու մեծ մտաւորական Էրիք Ֆրոմ, գիտնական, հոգեվերլուծող եւ քաղաքական գործիչ, իր ժամանակի խառնակ եւ վտանգաւոր դարձող աշխարհին որպէս վկայ, խիտ ձեւով բանաձեւած է մարդկային ընկերութեան իւրաքանչիւր անդամի իր պատասխանատուութիւնը ստանձնելու մասին հետեւեալ միտքը. «Մեր կասկածի ենթարկելու, քննադատելու եւ չհնազանդելու կարողութիւնը անտարակոյս միակ միջոցն է խուսափելու քաղաքակրթութեան վերջէն եւ ստանձնելու մարդկութեան ապագան»:
Ինքզինքին, իր տեսակին եւ արմատներու հաւատարմութեան հանդէպ, Հայը, անհատ եւ հաւաքականութիւն, Հանրապետութիւն թէ գաղթականութիւն, նոյնիսկ նոր տարազաւորումով նուազ ցաւառիթ Սփիւռք, առաջնահերթութիւն պէտք է համարէ, համարած ըլլար, նախնեաց շարունակութիւն ըլլալ եւ մնալ, շարունակութիւն՝ ոչ միայն ծինային, այլ՝ իրա՛ւ ինքնութեամբ, ստանձնելու իր ապագան, գալիքը, ինքնութիւնը: Հայկ Նահապետ, Արշակ եւ Լեւոն թագաւորներ, Խորենացի եւ Նարեկացի, նախնիք են, բայց մենք շարունակութի՞ւն ենք, թէ՝ սոսկ մնացուկ: Ֆրանսացի թատերագիր Ռասինի «Անտրոմաք» երկի գերավարուած Տրովադայի իշխանուհին, նոյնպէս գերավարուած զաւակին համար կ’ըսէ, որ «ան թագաւորներու զաւակ է, բայց միայն անոնց մնացուկը»:
Յաճախ կը մտածեմ, կը մտածե՞նք, որ զրկուած ըլլալով մեր նախահայրերու կողքին ննջելու իրաւունքէ, անկարող ըլլալով անոնց ժառանգութեան տէր ըլլալ եւ զայն պահել ի՞նչ ենք, ի՞նչ կը ներկայացնենք: Պատմութեան ժամանակին մէջ եղած ազգի մը մնացու՞կ, երբ տէրը չենք մեր հողին, մեր մշակոյթին, մեր լեզուին, երբ իրողութիւնը այն է, որ յաջորդական եւ զանազան պիտակներով պատշաշաճեցումներով կը դառնանք ամէն օր քիչ մը աւելի անհող եւ քիչ մը աւելի անինքնութիւն:
Հայը կը մնա՞յ նոյն եւ կ’ըլլա՞յ շարունակութիւն, երբ օտարուած կ’ըլլայ իր նախահայրերու հողէն եւ մշակոյթ-պատմութենէն: Ո՞ւր է բաժանարար կարմիր գիծը լինելութեան եւ չլինելութեան միջեւ: Սոփեստութիւններու ետին պէտք չէ թաքնուիլ նահանջներ եւ հրաժարումներ պարտկելու համար:
Եթէ դադրէինք մենք մեզ մատներու արանքէ դիտելու ինքնագոհական եւ եսական ճապկումներու լոյսով, այնքա՜ն հոլովուած եւ դատարկաբանութիւններու մէջ որպէս փուճ զարդաարանք յիշուող վերականգնումին կու տայինք խորք եւ կեանք:
Էրիք Ֆրոմի բանաձեւումը կը վերաբերի ընդհանուր մարդկութեան, ինքնութիւն ունեցող եւ կերտած ժողովուրդներու եւ անոնց քաղաքակրթութիւններուն, ուստի նաեւ մարդկութիւնը բաղկացնող իւրաքանչիւր հաւաքականութեան եւ անհատի, նաեւ՝ հայուն եւ հայութեան:
Կասկածի ենթարկել, քննադատել, չհնազանդիլ… շաբաթավերջի ամբոխ զուարճացնող խաղ եւ ճապկումներ չեն, պէտք չէ ըլլան, այլ՝ անմիջականէն անդին նայող մտածում, դատում, յանձնառութիւն եւ ԳՈՐԾ, ԱՐԱՐՈՒՄ:
Պարտադրուած իրողութիւնները չընդունիլ առաքինութիւն է, զոր միշտ պէտք է ըմբռնել հռոմէական իմաստով, որ հոգեկան ուժ է, virtus:
Էրիք Ֆրոմ կը խօսի քաղաքակրթութեան վերջէն խուսափելու եւ մարդկութեան ապագան ստանձնելու մասին:
Մեկնելով մեր իւրայատուկ կացութենէն, ի՞նչ կը մտածենք մեր «փոքրիկ ածու»ի մասին, կատարուած եւ կատարուող բացասականութիւններէն խուսափելու եւ ստանձնելու ամէն օր քիչ մեը աւելի միգամած դարձող ազգի ապագայի անհատական եւ հաւաքական պատասխանատուութեան մասին, որ նախ կասկածի ենթարկելու, քննադատելու եւ չհնազանդելու, «ո՛չ ըսել»ու կարողութիւն է, որպէսզի «ազգի վերջ»էն խուսափինք՝ ապագայի պատասխանատուութեամբ եւ գիտակցութեամբ: Այս ընելու համար ախտ դարձած պատշաճեցման քաղքենիացման զսպաշապիկէն պէտք է ազատիլ, հոն ուր որ դեռ կանք, կը կարծենք որ կանք, ունենանք հաւաքականի եւ անոր լինելութիւն-ապագայի տեսիլք:
Կասկածի կ’ենթարկե՞նք եւ կը քնադատե՞նք ի՛նչ որ ըրած ենք եւ կ’ընենք, քանի որ կը տեսնենք որ չենք յաջողած եւ չենք յաջողիր : Թութակաբանական խօսքերով արդարացումները փուճ են, որքան փուճ են թուղթ մրոտող եւ եթերին մէջ կորսուող հաւերը ոտքի քնացնելու կոչուած խոստում-ծրագիրները:
Ի՞նչ ունինք եւ ի՞նչ պահած ենք, կը պահենք, ընդունուած, պատմական եւ բնորոշ Հայ Ազգէն, որուն անդամ կամ շարունակող կը յաւակնինք ըլլալ: Եթէ դեռ այդ յաւակնութիւնն ալ սոսկ աղմկարարութիւն չէ:
Բնութեան եւ կեանքի օրէնք է այն տարածքը, ուր կ’ապրին էակները, ապրած են զիրենք նախորդածները, անոնք ըլլան առիւծ, նապաստակ, թէ՝ մարդ. կենսատարածք, impératif territorial: Անոնք իրենց տարածքը կը սահմանեն յատուկ եղանակով եւ զայն կը պաշտպանեն, անոր կը վերադառնան: Դիտա՞ծ էք Հայաստանի արագիլները: Ազգերը, քաղաքակրթութեան զարգացման ընթացքին, այդ տարածքը կոչած են հայրենիք, patrie, fatherland:
Հայուն բնավայր-տարածք հայրենիքի մեծ մասը բռնագրաւուած է, ինք անկէ հեռացուած եւ հայրենահանուած է, մնացած է բեկոր մը, որուն կը սպառնան: Մենք ալ մեղսակից ենք այդ դաւադրական սպառնալիքին՝ հայրենալքումով եւ հայրենատիրութիւն-հայրենադարձու
Ինչ որ ենք, ինչ որ կ’ընենք, ինչ որ ըսած ենք եւ կ’ըսենք, անսեթեւեթ քննադատութեան պէտք է ենթարկել, իսկ քննադատութիւնը կ’ունենայ հասցէ, թիրախ:
Այս ընելու համար իրատեսութեամբ պէտք է յանձնառութեան եւ պատասխանատուութեան մասին խօսիլ, զանոնք ստանձնել, քննադատել գիտնալ եւ չհնազանդիլ բոլոր անոնց որոնք սպառնալիքներուն դէմ չեն կանգնած:
Մեծ եւ պզտիկ պարտութիւններ չկան, անոնք կը գումարուին եւ կը տանին աւերի: Այդ աւերը միայն ռազմական բախումի արդիւնք չէ, թշնամին չի պատճառեր: Պէտք է խօսիլ մեր ունեցած եւ չունեցած դերի մասին: Այս ընել կը կոչուի քննադատութիւն, անհնազանդութիւն, չենթարկուելու եւ դիմակայելու իր դերին եւ պարտականութեան գիտակից եւ ինքզինք յարգող անհատի եւ հաւաքականութեան կեցուածք, վերաբերում, յանձնառութիւն:
Տեւաբար պատշաճիլ եւ տեղի տալ ազգի մը համար գոյութենական հեռանկար չեն: Հայ քաղաքական միտքը պատշաճեցումներու միշտ վերանորոգուող ազգային եւ համայնքային նահանջի խաղ է, անհատական, տեղական եւ տեղայնական շահերու հանդէս, հաւկուրութեան պար, առաջնորդութեան անկարողութիւն եւ բացակայութիւն: Երբ տեղատուութիւն եւ պատշաճեցումներ կը վերածուին սովորութեան, կ’ընդունինք պարտադրանք եւ պարտութիւն, կը սկսինք այլանալ եւ ընդունիլ պատմութեան բեմէն մեր հեռացումը:
Այսօր կացութիւնը կը յիշեցնէ հայ մամիկի մը պարզ իմաստութիւնը, որ թրքերէնով կ’ըսէր, թէ «ամէն անգամ որ ուղտը հոն ուր իր ծունկը գետին կը դնէ, հոն քարվանսարայ չի շինուիր»: Այս պարզ միտքը տարածենք մեր իրականութիւններուն եւ նախաձեռնութիւններուն վրայ, օրինակ, երբ ՀԱՅ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆ ինք կը դադրի հայերէն աղօթելէ, նաեւ իր եկեղեցիին մէջ (թրքերէն, արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, եւ այլ լեզուներով կ’աղօթէ): Նոյն ըմբռնումով հայրենիք կը լքենք, մեր կեանքին մէջ ՄԱՅՐԵՆԻն կը փոխարինենք այլ լեզուներով եւ ընկեցիկի հոգեբանութեամբ այդ կը համարենք յաջողութիւն եւ յաղթանակ, բարենիշ՝ ղեկավարին եւ ղեկավարութեան: Իսկ ի՞նչ ըսել, երբ հայը կ’արտագաղթէ, գաղթը կը վերածէ կենսաոճի, կ’երթայ մէկ հորիզոնէ միւսը, այս կամ ան երկինքին տակ «նոր հայրենիք» գտնելու ապազգայնացնող յոյսերով:
Ինչո՞ւ չենք քնադատեր ամէն բնոյթի ղեկավարութիւնները, անոնք կոչուին քաղաքական, կրօնական, եկեղեցական եւ այլ, որոնք չեն յաջողած եւ չեն յաջողիր ազգը միացնել, ինչ որ կրկնուած եւ շարունակուող ձախողութիւն է: Ինչո՞ւ հնազազանդիլ անոնց որոնք կը շարունակեն ղեկ(եր)ը բռնել, երբ անկարող են ՄԻՈՒԹԻՆ-ՄԻԱՑՈՒՄ իրականացնել: Անոնք Ի՞նչ կը բանին ՂԵԿին առջեւ կանգնած մնալով: Ներսը, դուրսը, ամենուրեք:
Հարկ է անդրադառնալ որ վտանգուած ժողովուրդ ենք, կացութիւնը այնպէս է, որ հայուն կը պարտադրուի, պիտի պարտադրուի հայ չըլլալ, որպէս անհատ եւ հաւաքականութիւն: Այս ԱՂԷՏին դէմ կանգնելու համար կրկին եւ կրկին պէտք է ընթերցել Էրիք Ֆրոմի խօսքը եւ հետեւիլ անոր խոր իմաստութեան:
«Մեր կասկածի ենթարկելու, քննադատելու եւ չհնազանդելու կարողութիւնը անտարակոյս միակ միջոցն է խուսափելու քաղաքակրթութեան վերջէն եւ ստանձնելու մարդկութեան ապագան»: Հայ ժողովուրդը, մասնաւորաբար անոր գիտակից խաւը եւ մտաւորականութիւնը, անվարան վերականգնումի, արմատներու հաւատարմութեան եւ ինքնութեան պաշտպանութեան համար, խուսափելու համար ԱԶԳԻ ՎԵՐՋի ուրուագծուող սպառնալիքէն, սխալներու եւ ճահճացման առաջնորդած ամէն տեսակի էսթէպլիշմընթները քննադատելու, անոնց չհնազանդելու յեղափոխական գիտակցութեամբ պէտք է հակազդեն եւ գործեն:
Սկսելու համար պէտք է հետեւիլ, ինչպէս յաճախ ըսած եւ կրկնած եմ, անկլօ-սաքսոն «ճիշդ մարդը ճիշդ տեղը դնելու «իմաստութեան: Ի՞նչ կ’ըլլայ կրթութեան մը հետեւանքը, երբ դպրոցի տնօրէն կը կարգուի անձ՝ որ այդ դպրոցի վերի կարգերու աշակերտ չի կրնար ըլլալ, երբ ամբոխ քնացնելու համար էսթէպլիշմընթի աթոռ զբաղեցնողներ ուրիշի գրածով բեմի հտպիտ կ’ըլլան, եւ կը յառաջանայ ինքնութեան ընդարմացում:
Էրիք Ֆրոմ կը տագնապի «մարդկութեան վերջ»ով:
Ֆրանսացի բանաստեղծ Վիքթոր Հիւկօ ըսած էր, «ԿԱՐՄԻՐ ԳԼԽԱՐԿ ԴՐԻ ՀԻՆ ԲԱՌԱՐԱՆԻՆ» : Այսօր հայը, ան գտնուի իր հայրենիքի վերջին բեկորին վրայ թէ դարձած ըլլայ գոյութիւն չունեցող» համաշխարհային ազգի անդամ, ինքնագիտակցական հրաշք պահու մը, առանց աւազախրած մնալու, իր լինելութեան ընթացքի առաջնորդութեան վրայ պէտք է որոշէ, հետեւութեամբ Վիքթոր Հիւկոյի, ԿԱՐՄԻՐ ԳԼԽԱՐԿ ԴՆԵԼ…
՝Կ’ունենա՞նք ԻՐԱՒՈՒԹԵԱՄԲ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՈՂ ԵՒ ԵՒԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒՈՂ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ, որ երկինքէն պիտի չգայ: Կամ անհարազատ ուժեր, մեր մեղսակցութեամբ կամ ապիկարութեան պատճառով պիտի առաջնորդեն մեզ իրենց ուզած ճամբաներով, կամ հովի եւ փոթորիկի դէմ մենք տէր պիտի ըլլանք մեր ներկային եւ ապագային եւ նուաճենք մեր իրա՛ւ ինքնութիւնը, չբաւաւարուելով կիսամիջոցնեով, լռեցնելով թաղային հեղինակութիւններու աճպարարութիւն-հանդէսները:
Միշտ խորհելով, որ «վաղը միշտ ուշ է»…
Այս ըմբռնումով պէտք է խորհիլ եւ գործել, հետեւելով Ամերիկայի մեծ նախագահ Աբրահամ Լինքըլնի կենսափորձէ բխած խօսքին, որ «յանձնառութիւնը խոստումները կը դարձնէ իրականութիւն»: Այսօր, ազգին համար, եթէ կ’ուզենք տոկալ եւ տեւել, իւրաքանչիւր հայու ամար անհրաժեշտ է Լինքըլնի նշած խոստումները իրականութիւն դարձնելու կոչուած յանձնառութիւնը:
Ազգային գիտակցութիւն, ծառայութիւն, հաւատարմութիւն պէտք չէ վերծանել անմիտի խօսքի, ազատութիւն-չարաշահումով եւ ինքնագոհական թատրոն սարքել համացանցի ընծայած անդարպաս բեմին վրայ դատարկ ու ծակ տակառներ փայտիկներով թմբկահարել, ըսուածի եւ գրուածի արձագանգելով կամաւոր խլացած-չբաւարարուածի (չ)իմացումով:
Read Time:6 Minute, 34 Second