Տիթրոյթի Հ.Օ.Մ.-ի «Զաւարեան» միօրեայ վարժարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Մայիս 7-ի յետմիջօրէին, տեղւոյն Սուրբ Սարգիս Առաքելական եկեղեցւոյ «Լիլիան Առաքելեան» սրահէն ներս։
Վարժարանի աշակերտները հանդէսի բացումը կատարեցին «Մեր Հայրենիք» օրհներգի կատարմամբ։ Այնուհետեւ բացման խօսքով հանդէս եկաւ դպրոցի տնօրէնուհի տիկ. Լենա Նազարեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, հակիրճ գիծերով ներկայացուց ուսումնական տարեշրջանը, նշեց դիմգրաւուած դժուարութիւններն ու ակնկալուող արդիւնքները։ Շեշտեց յատկապէս հայերէնախօսութեան հրամայականը հայ երդիքներէն ներս, առանց որուն միօրեայ վարժարանի մը տարած աշխատանքը կը յանգի լոկ «Ձայն բարբառոյ յանապատի»…
Հ.Օ.Մ.-ի միջ-վարչութեան խօսքը փոխանցեց ընկհ. Լարա Ներսէսեան, որ անդրադարձաւ Հ.Օ.Մ.-ի առաքելութեան ընդհանրապէս եւ «Զաւարեան» դպրոցի ստանձնած պատասխանատուութեան յատկապէս։ Շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն՝ իրենց գիտակից վերաբերումին եւ ցուցաբերած աջակցութեան համար եւ բարի երթ մաղթեց աշակերտներուն։
Գեղարուեստական բաժնով աշակերտները ներկաներուն մատուցեցին ծաղկաքաղ մը հայրենի երգարուեստէն։ Կոմիտասի «Հայր մեր»ին յաջորդեցին Նահապետ Ռուսինեանի եւ Գաբրիէլ Երանեանի «Կիլիկիա»-ն, Համօ Սահեանի եւ Սասուն Պասկեւիչեանի «Մեր Լեզուն», Պարոյր Սեւակի եւ Էդգար Յովհաննիսեանի «Սարդարապատ»-ը, Յովհաննէս Թումանեանի եւ Կոմիտասի «Կաքաւիկ»-ը եւ վերջապէս հայերէն լեզուին եւ հայոց պատմութեան տէր կանգնելու կոչին անսացող «Հայորդիք»-ը: Փոքրերէն՝ Սեւան Ուրլեան, Ալեք Պարտաքճեան, Կարօ Սարգիսեան, Անապէլլա Մազմանեան, Կրէյս Մօրիս եւ Լիլիանա Պետիկեան իրենց մասնակցութիւնը բերին յայտագրի այս բաժնին մանկական թոթովանքներով մատուցելով «Այբ բեն գիմ»-ը, «Ճուտիկներ»-ն ու «հինգ բադիկներ»-ը։
Գ. դասարանի աշակերտներէն Պերճ Ուրլեան, Միւռոն Տօնիկեան եւ Նաթալի Մանուկեան ներկայացուցին «Հայաստան»-ը պատկերելով մեր բնաշխարհը, բարձրաբերձ լեռներն ու կապուտակ լիճերը, բարեբեր դաշտերն ու քաղցրահամ միրգերը:
Բ. դասարանի աշակերտներէն Արի, Անթօ, Սագօ եւ Նիգօ Պարտաքճեաններ ասմունքեցին «Իմ հեռաւոր հայրենիք», իսկ Էլօ Տօնիկեան, Միլա Պասմաճեան եւ Քարինէ Մանուկեան «Մայրենի լեզու»:
Հ.Օ.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած մրցոյթի այս տարուան թեման Արցախի շրջափակումն էր եւ առ այդ մեր աշակերտներուն վերաբերումն ու օտարներուն Արցախն ու Արցախի գոյութեան սպառնացող վտանգները ներկայացնելու փորձն էր։ Նաթալի եւ Քարինէ Մանուկեանները կարդացին հատուածներ իրենց պատրաստած գրութիւններէն, անդրադարձան Արցախի պատմութեան հանգրուաններուն, մերօրեայ մարտահրաւէրներուն եւ իւրաքանչիւրին նուիրաբերելիք լումային…
Վերջապէս՝ ազգագրական պարով, «Թամզարա»-ով, աշակերտները խանդավառեցին ներկաները եւ այս շուրջպարով փակեցին նաեւ ամավերջի հանդէսն ու ուսումնական տարեշրջանը:
Հ.Օ.Մ.-ի միջ-վարչութեան կողմէ ընկհ. Սիրվարդ Թէլպէլեանի ձեռամբ աշակերտները ստացան 2022-2023 տարեշրջանի վկայագրերը։
Արժանապատիւ տէր Հրանդ քհնյ. Գէորգեան նշեց արեւմտահայերէնը վտանգուած իրավիճակէն դուրս բերելու մեզմէ իւրաքանչիւրին պարտաւորութիւնն ու պատասխանատուութիւնը: Քահանայ հօր խրախուսիչ պատգամով եւ օրհնութեան խօսքով փակուեցաւ հանդիսութիւնը։
Թղթակից