Երկուշաբթի, Ապրիլ 24-ին, աւելի քան 300 հայորդիներ մասնակցեցան քայլարշաւ – ցոյցին, որուն մեկնարկը տրուեցաւ տեղւոյն Թուրքիոյ դեսպանատունէն։ Ապա ցուցարարները քալեցին Ատրպէյճանի դեսպանատան ուղղութեամբ։
Ներկայ ցուցարարներուն միացան, շրջան այցելող Լոս Անճելըսի «Ֆերահեան» վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտները։
Խօսք առաւ տեղւոյն Հ․Ե․Դ․-ի «Անի» մասնաճիւղի անդամ Մէրի Մարգարեան, որ հայերէն լեզուով «Կը Պահանջենք Մեր Հողերը» լոզունքով կոչ ուղղեց․ «Սիրելի ներկաներ, այսօր ձեր առջեւ ծանր սրտով եւ մեծ մտահոգութեամբ ուղերձ կը յղեմ: Մենք ականատես ենք, որ մեր աչքին առջեւ կը սկսին երկրորդ ցեղասպանութեան նախադրեալները։ Արցախի շրջափակումը, Հայաստանի և Արցախի վրայ յարձակումները, անձամբ Ալիեւի խօսքերը ահաւոր եւ սարսափելի նշաններ են, որոնք չենք կրնար անտեսել։ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Արցախի շրջափակումը դաժան և անմարդկային արարք է, որ սովի կը մատնէ իր հիմնական կարիքները ունեցող տեղւոյն բնակչութեան։
Այս պատահածը պէտք է դատապարտու բոլոր ազգերու կողմէ։ Ակնյայտ է, որ մարդկային տարրական իրաւունքներ կը խախտուին։ Այս շրջափակումը ոչ միայն տնտեսական, այլ մարդասիրական խնդիր է։ Արցախցիին սնունդի, դեղի ու առաջին անհրաժեշտութեան այլ պարագաները զրկելով՝ Պաքուն ճնշում կը բանեցնէ։
Մինչդեռ իշխանութեան դաւաճան ղեկավարը շարունակ կը պնդէ, որ Հայաստանը պէտք է գործէ խաղաղութեան ուղղութեամբ եւ համաձայնութիւն կնքէ մեր թշնամիներուն հետ։ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւը յայտարարեր է, որ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը Ատրպէյճանինն է։
Այսպէս, ան կ՚արտայայտէ իր իսկական նպատակը։ Այս յայտարարութիւնն է, որ կը սպառնայ Հայաստանի՝ որպէս ինքնիշխան ազգի գոյութեանը։
Այս յայտարարութեամբ Ալիեւը մեզ տեղեկացուց, որ համառելու է այն պահին, երբ կարողանայ գրաւուիլ մեր թանկագին Մայրաքաղաքը, որ միակը չէ մեր մշակոյթի եւ պատմութեան իբրեւ թանկագին արժէք։
Յստակ է։ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը չեն աշխատիր խաղաղութեան հասնելու համար։ Անոնք աշխարհին այդպէս կը ձեւացնեն թէ խաղաղութիւն կ՛ուզեն, բայց իրենց հիմնական նպատակը հայութիւնը ոչնչացնելն ու համաթուրանականութիւնը կերտելն է։
Մենք պետք է գործադրենք մեր համաշխարհային հզօրութիւնը՝ կանգնեցնելու Ատրպէյճանին, կանգնեցնելու Թուրքիոյ եւ կանխելու յաջորդ ցեղասպանութիւնը։
Որպէս անհատներ եւ որպէս ազգեր, մենք պէտք է բարձրաձայնենք այս վայրագութիւններու դէմ եւ պահանջենք մեր ղեկավարներէն քայլեր ձեռնարկել: Մենք պետք է հորդորենք միջազգային հանրութեանը տնտեսական եւ քաղաքական պատժամիջոցներ կիրարկել շրջափակման և Հայաստանի ու Արցախի վրայ յարձակումներու պատասխանատուներու նկատմամբ։
Նշանները պարզ են, որ մենք ականատես ենք երկրորդ ցեղասպանութեան նախադրեալներուն։ Մենք չենք կրնար թոյլ տալ, որ պատմութիւնը կրկնուի: Մենք պարտական ենք, գալիք սերունդներուն եւ ողջ մարդկութեան»:
Դէպի Ատրպէյճանի դեսպանատան քայլարշաւի ժամանակ հնչեցին յեղափոխական երգեր։ Ապա խօսք առաւ Հ․Յ․Դ․ «Սեպուհ» կոմիտթութեան անդամ՝ Արամ Պալեան։ «Պիտի վերատիրանանք ներ հողերուն։ Մեր դրօշը պիտի ծածանի Մուշի, Խարբերդի եւ Պիթլիսի մէջ, նաեւ Գետաշէբնի, Հատրութի, Շուշիի եւ Աղաւնոյի մէջ։ Մեր ժառանգն են այս հողերը», ըսաւ ան։
Սպիտակ Տան յայտագրի բացումը կատարեց Նայիրի Շահնազարեան, որ շեշտեց, թէ նախագահ Պայտըն, թէեւ խօսք առաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը նշելով, սակայն երբեք չանդրադարձար Արցախի իրավիճակին։
Հ․Ե․Դ․-ի կեդրոնական վարչութեան անդամ Արենի Մարկոսեան, իր կարգին կոչ ուղղեց շարունակ պայքարելու, շեշտելով․ «Պիտի չարտօնենք, որ տեղի տանք։ Պիտի չրնկրկինք»։
Արժ․ Տէր Սարգիս քհնյ․ Ագթաուգեանի աղօթքով աւարտեցաւ այս հաւաքը։
Նշենք, թէ Ապրիլ 22-ին, տեղւոյն երիտասարդականը յեղափոխական-տոհմիկ երեկոյ մը կազմակերպած էր, մասնակցութեան Ֆրանսայէն ժամանած հանրածանօթ երգիչ Վիգէն Թարփինեանի։