Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
25 Ապրիլ 2023
Մասնաւո՛րաբար 44-օրեայ պատերազմէն ետք, Նիկոլ Փաշինեան շահեցաւ «դաւաճան» տիտղոսը: Այս որակումը յաւելեալ ազդակ մը եղաւ, որ հայութեան մէջ արդէն իսկ ստեղծուած երկփեղկումը մտրակահարուի եւ նոր վիհեր «նուաճէ»:
Երբ ընդդիմադիր մը կամ իրականութիւնները իրենց ճիշդ պատկերով տեսնող մը իբրեւ դաւաճան կը մեղադրէ Փաշինեանը, ՔՊ-ականներ, իշխանութեան համակիրներ ջղագրգիռ վիճակ կը ստանան, կարծէք թէ ըլլային ցուլ մը, որուն աչքերուն դիմաց մէկը կարմիր լաթ կը շարժէ: Կը հակազդեն, թէ պէտք չէ նման որակումներ կատարել, իսկ քննադատները կը պնդեն, թէ պէ՛տք է իրականութիւնները կոչել իրենց ճիշդ անունով:
Մեր այս տողերուն նպատակը՝ այդ որակումին ճիշդ կամ սխալ ըլլալը քննարկել չէ: Մեր ժողովուրդը ամէն օր կը տեսնէ, թէ այս վարչախումբին պետը եւ գործակիցներու նեղ շրջանակը ամէն օր ինչպիսի՜ ապացոյցներ, ինքնախոստովանութիւններ եւ վկայութիւններ ի յայտ կը բերեն, արդարացնելով յիշեալ որակումը:
Բա՜յց… կայ տրամաբանութիւն մը, ըստ որուն՝ իսկապէս որ պէտք չէ «դաւաճան» որակումը փակցնել Փաշինեանի ու անոր կողքին քալողներուն:
«Ի՞նչ է եղեր այդ տրամաբանութիւնը», պիտի հարցնես, ընթերցո՛ղ:
Ետ երթանք քանի մը տասնամեակ:
Խորհրդային՝ Պրեժնեւի տարիներուն, Հայաստանէն սպրդած էր հետեւեալ զուարճալիքը (Երեւան ուսանող մէկը աւելի բարեկամէ լսած եմ զայն):
Մարդ մը, զայրացած՝ համայնավարներու ստեղծած վիճակէն, օր մը կ’ուղղուի Երեւանի կեդրոնական հրապարակին վրայ, ուր այդ օրերուն կար Լենինի արձանը. ճի՛շդ այդ արձանին տակ կանգելով, ամբողջ ուժով կը բղաւէ. «Պրեժնեւը տխմարին մէկն է»: (Պատմող մը «տխմար» եզրին տեղ գործածած էր բառ մը, որ կարելի չէ հոս արձանագրել): Կը ձերբակալեն, կը տանին ՉԵԿԱ-ի կեդրոնը, կը հարցաքննեն, կը դատեն: Դատաւորը կ’արձակէ վճիռը. «Տասը տարի եւ մէկ ամիս բանտարկութիւն»: Մարդը բնականաբար կը շշմի, սակայն շուտով ուշքի գալով՝ կը հարցնէ. «Տասը տարին՝ հասկցանք, սա յաւելեալ մէկ ամի՞սը ինչու է»:
Կը բացատրեն. «Մէկ ամիսը՝ ականաւոր անձ մը վարկաբեկելուդ համար, իսկ տասը տարին… պետական գաղտնիք մը բացայայտած ըլլալուդ համար»:
Մի՛ հարցներ, ընթերցող, թէ հիմա Հայաստանի մէջ պետական գաղտնիքներ կա՞ն, թէ իշխանականները, կրօնաւոր չըլլալով հանդերձ, «բաց պատարագ» կը մատուցեն: