ՆՇՄԱՐՆԵՐ.- ՇՇՈՒԿՆԵՐ, ՈՐՈՆՑ Կ’ՈՒԶԵՆՔ ՀԱՒԱՏԱԼ

0 0
Read Time:2 Minute, 27 Second

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

19 Ապրիլ 2023

Ամերիկեան եւ եւրոպական լրատու աղբիւրները Չորեքշաբթի, 19 Ապրիլին, ողողուած էին երկու զգայացունց լուրերով, որոնցմէ մէկուն գլխաւոր հերոսը Գերմանիոյ հանրապետութեան նախագահն էր, իսկ երկրորդին՝ ամերիկեան «Ֆաքս» լրատու ընկերութիւնը: Անշուշտ կային նաեւ այլ՝ «մանր լուրեր», որոնք լոյս կը սփռէին Սուտանի մէջ վերսկսած բախումներուն, Ուքրայինայի պատերազմին, Ֆրանսայի նախագահին դէմ բողոքի ալիքին սաստկացման, մինչեւ իսկ մարզական եւ այլ իրադարձութիւններու վրայ, սակայն վերոյիշեալ երկուքը նստած էին բուրգին գագաթը:

Վեր առնենք մէկ առ մէկ:

Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վայթըր Շթայնմայըր Վարշաւա գացեր է, միանալու Լեհաստանի եւ Իսրայէլի նախագահներուն, որպէսզի ոգեկոչեն յիշատակը այն խումբ մը  հրեաներուն, որոնք Բ. Աշխարհամարտի օրերուն, բանտարկուած էին կեդրոնացման կայանի մը մէջ, ըմբոստացած՝ նացիներուն դէմ, որոնք ջարդած էին ըմբոստները:

Վարշաւայի մէջ, զոհերուն յիշատակին կանգնած յուշակոթողին շուրջ տեղի ունեցած արարողութեան ծալքերը բազմաթիւ են. ուշագրաւը այն էր, որ Շթայնմայըր հրապարակաւ ներողութիւն խնդրեց ոճրային արարքին համար: Թէեւ Գերմանիա բազմիցս ընդունած է հրեաներ ջարդած ըլլալուն իր յանցապարտութիւնը, հատուցում ալ կատարած է, սակայն Չորեքշաբթիի արարողութիւնը կարեւորութիւն ստացաւ, որովհետեւ առաջին անգամն էր որ Գերմանիոյ մէկ նախագահը անձամբ Վարշաւա կը գտնուէր նման արարողութեան մը մասնակցելու համար: (Մեկնաբանութեան հորիզոնները ձգենք ընթերցողներուն):

Երկրորդ հերոսը, ինչպէս նշեցինք, «Ֆաքս նիւզ»ն էր: Դատական ատեան մը վճռեց որ ընկերութիւնը պէտք է 787.5 միլիոն տոլարի վնասուց հատուցում կատարէ «Տոմինիըն» անունով ընկերութեան մը, որովհետեւ նախագահական վերջին ընտրութիւններուն, անիկա աւելի քան 2 ամիս սուտ լուրեր տարածած է ընկերութեան դէմ: Ընկերութիւնը քուէարկութեան սարքեր տրամադրած է, իսկ «Ֆաքս» սուտեր տարածած է, թէ անոր սարքերուն հաղորդած արդիւնքները սխալ էին, թէ՝ Տանըլտ Թրամփն էր յաղթականը եւ այլն:

Քովընտի տեղեկութիւն մը. սուտերու աղբիւր «Ֆաքս»-ի ժողովրդականութիւնը բարձրացում արձանագրած է, շատեր կը յամառին հաւատալ անոր սփռած լուրերուն…

***

Ըստ կարգ մը շշուկներու (որոնք կրնան սպրդած ըլլալ «ֆէյք-նիւզ»-ներու տոպրակէն), վերոյիշեալ երկու լուրերը ի մօտոյ դրական արձագանգներ պիտի գտնեն Հայաստանի մէջ:

Ըստ այդ շշուկներէն առաջինին, վարչապետ Փաշինեան հրաւէր ուղղած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն, որպէսզի իր կողքին ըլլան Ապրիլ 24-ին, երբ պիտի ոգեկոչուի Ցեղասպանութեան 108-րդ տարեդարձը: Հետեւելով Շթայնմայըրի օրինակին, Էրտողան եւ Ալիեւ պատրաստակամութիւն յայտնած են ընդառաջելու հրաւէրին եւ Ծիծեռնակաբերդի մէջ խօսք առնելով՝ ներողութիւն պիտի խնդրեն իրենց կառավարութիւններուն անցեալի ու նորագոյն պետական ոճիրներուն համար, պիտի խոստանան չկրկնել ցեղասպանական ու բռնագրաւման արարքները, նաեւ հողային եւ նիւթական-բարոյական հատուցում պիտի կատարեն Հայաստանի ու հայութեան՝ անցեալի ու նորագոյն ոճիրներուն հետեւանքներուն համար:

Երկրորդ  «աւետաբեր» շշուկները կը հաւաստեն, որ Հայաստանի մէջ կան մարդիկ, որոնք դատ պիտի բանան Փաշինեանի ու անոր շեփորախումբին դէմ, որոնք ո՛չ միայն սուտերով ողողեցին հայաշխարհը՝ 44-օրեայ պատերազմի օրերուն «յաղթելու ենք» ու նման քարոզներով, այլ մինչեւ այսօր ալ «ժողովուրդի մանտաթը ունինք» յոխորտանքներով, կ’երկարեն իրենց սուտերու շղթան եւ կ’այլափոխեն իրականութիւնները, մինչեւ իսկ կը փորձեն սիւնեցիներն ու ամբողջ հայութիւնը համոզել, թէ ազերիները ճիշդ կ’ըսեն, երբ Հայաստանի պատկանող տեղամասեր կը հռչակեն «պատմականօրէն ազերիապատկան», նաեւ կը թութակեն ազերիական ստապատիր տեղեկութիւններ, որոնց նորագոյններէն էր՝ պատերազմի օրերուն 11 հազար դասալիք ունեցած ըլլալը: (Ցանկը ջերկարենք):

Եթէ հարցախոյզ մը կատարուի, արդեօք պիտի տեսնենք, որ Հայաստանի մէ՞ջ ալ իշխանաւորներու սուտերուն հաւատացողներուն թիւը բարձրացում կրած է:

***

…Մինչ այդ, ո՞վ չ’ուզեր հաւատալ նման աւետաբեր շշուկներու: Ով չ’ուզեր հաւատալ, «թող զոյգ աչքերով…» (եթէ արդէն կամաւոր կոյր չէ):

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles