Ալէն Սիմոնեանի Պաշտօնանկութեան Նպատակով Հայ Ազգային Քոնկրէսը Հասարակական Հարթակ Ստեղծեց

0 0
Read Time:49 Second

Հայ ազգային քոնկրէսը կոչ մը հրապարակելով դիմած է Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն, կուսակցութիւններուն եւ լրատուամիջոցներուն` Ազգային ժողովի նախագահ ԱլԷն Սիմոնեանի պաշտօնանկութեան նպատակով հասարակական հարթակ ստեղծելու նախաձեռնութեամբ:

Նախապէս յատուկ յայտարարութեամբ մը Ալէն Սիմոնեանի հրաժարականը պահանջած էր նաեւ Հայ ազգային քոնկրեսի ղեկավար, Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան:

Նշենք, որ Ապրիլ 2-ին մայրաքաղաք Երեւանի Քասքատի մէջ քանատահայ գործարար Կարէն Մկրտիչեան Ալէն Սիմոնեանը «դաւաճան» անուանած էր: Սիմոնեանի թիկնապահները բռնած էին երիտասարդ գործարարին ձեռքերը, իսկ ան հայհոյած էր երիտասարդին եւ թքնած անոր դէմքին:

Կոչին մէջ կը նշուի, որ պատմութեան մէջ եղած են բազմաթիւ բռնակալներ, որոնք գնդակահարած, կախած, մորթած, նոյնիսկ կերած են իրենց քաղաքական հակառակորդները, բայց չէ եղած մէկը, որ քաղաքի կեդրոնին մէջ հարիւրաւոր մարդոց աչքին առջեւ թքնէ մարդու դէմքին (այս առումով Ալէն Սիմոնեանի անունը արժանի է տեղ գտնելու Կինէսի գիրքին մէջ):

«Յիշեալ անձը այնպիսի նուաստացուցիչ հարուած հասցուցած է Հայաստանի եւ ամբողջ հայ ժողովուրդի վարկին, որ ներուելու պարագային մեզի պիտի փակցնէ աշխարհի` արժանապատուութենէ զուրկ ամէնէն յետին ազգի «պատուանունը», կը նշէ Հայ ազգային քոնկրէսը իր կոչին մէջ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles