Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Ապրիլ 29, 2009
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութեանց բարելաւման ուղեգիծ-քարտէսի մը որդեգրման լուրը« որ 22 Ապրիլին ծագեցաւ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն« եկաւ ցոյց տալու« որ կ’ապրինք պատմական հանգրուան մը« պատմական օրեր« եթէ ոչ՝… պատմական խաբկանք մը« ըսենք նաեւ՝ խաբէութիւն մը« որ շեշտակիօրէն թրքական »բոյր« մը ունի:
Հայկական քաղաքական բեմը ուժեղ ցնցումի ենթարկող յայտարարութենէն աւելի քան շաբաթ մը ետք« յստակ տեղեկութիւններ ու մանրամասնութիւններ չեն հրապարակուած գոյացած համաձայնութեան մասին: Երեւանի իշխանաւոր այրերը քաղաքավար խուսափողականութեամբ մը յառաջ կը քշեն քանի մը սկզբունքային կէտեր. կ’ըսուի« թէ Արցախն ու Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը ոչ մէկ ձեւով առնչակից են ճշդուած ուղեգիծին կամ պիտի վնասուին անկէ« իբրեւ էթ հակառակը կրնար ճիշդ ըլլալ« կամ՝ նման վնասազերծում« ինքնին« մեծ իրագործում է ու անոր համար պէտք է ուրիշ տեղ գին մը վճարել: Իշխանաւորները նաեւ կ’ըսեն« թէ համաձայնութիւնը բարիք կը խոստանայ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց դիտանկիւնէն« համապատասխան է Հայաստանի պետական շահերուն (կրնայ ճիշդ ըլլալ այն« որ համաձայնութենէն շահեր կը սպասեն պետական որոշ մարդիկ)« բարելաւում պէտք է սպասել եւայլն: Թրքական մամուլը լուրեր կը սպրդեցնէ« թէ համաձայնութիւնը կ’առաջադրէ Հայաստան-Թուրքիա սահմանագիծին համար հիմ գործածել 1921ի Կարսի (հայութեան համար վատահամբաւ) համաձայնագիրը« ակնարկութիւններ կ’ըլլան (նոյնքան վատահամբաւ) Ցեղասպանութեան պատմական հենքը« կամ՝ Հայաստան-Թուրքիա առկախ հարցերը ուսումնասիրող յանձնախումբի մը կազմութեան մասին (իբրեւ թէ հիմնական հանգոյցը դեռ ուսումնասիրութեան կը կարօտի: Միթէ մե՞նք ալ սկսած են հաւատալ անհիմն յանկերգին« կամ՝ սակարկութեան նիւթի՞ կը վերածենք անսակարկելին« բացայայտ ճշմարտութիւնը): Կը խօսուի սահմաններու բացման ու յարաբերութեանց բնականոնացման այլ յոյսերու մասին…: Այս բոլորը տեղեկատուական-քաղաքական պաստառին վրայ կը պատկերեն Թուրքիա մը« որ բոլորովին տարբեր է իրական« մեզի ու աշխարհին ծանօթ Թուրքիայէն« որ Հայաստանը խեղդելու ելած է (աւելի քան դարէ մը ի վեր)« դեռ երէկ« Ցեղասպանութեան 94րդ տարեդարձի նախօրեակին« »խորհրդակցութեան համար« տուն կանչեց Քանատայի իր դեսպանը« որովհետեւ Քանատայի իշխանութիւնները դիրքորոշուած են ի նպաստ Ցեղասպանութեան ճանաչման…
ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՔԱՅԼԸ
ՆԱԽԱՄՈՒՏ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆԻՆ
Ստեղծուած վիճակին իբրեւ անմիջական հակազդեցութիւն« Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը դուրս եկաւ Հայաստանի կառավարական խմբակցութենէն՝ քոալիսիոնէն« բողոքելու համար ուրուագծուող նոր »ճամբուն« դէմ« որ յայտնապէս կը խոստանայ նորանոր նահանջներու ու պարտութեան մղել Հայաստանը« նսեմացնել նոյնի°նքն մեր արդար իրաւուքներն ու պահանջատիրութիւնը:
Դաշնակցութեան որոշումը քաղաքական տեղին ցնցում ստեղծեց հայրենի քաղաքական կեանքին մէջ« միաժամանակ դուռ բանալով շուտիկ ու կարճատես մեկնաբանութիւններու« որոնք տարածուեցան մինչեւ անգամ իշխանութեան կողմէ յարգալիր հակազդեցութեան վրայ« որ« յամենայնդէպս« ներգործութիւն չունի ստեղծուած բարդ ու մտահոգիչ վիճակին վրայ:
Եթէ պահ մը նորագոյն եռքը դիտենք առօրեայ զարգացումներու շրջագիծէն վեր ու անդին« զայն զետեղենք պատմական պահուն թելադրած բովանդակութեան մէջ« անպայման որ մենք մեզ դէմ յանդիման պիտի գտնենք շարք մը հարցականներու« որոնք կա°մ անպատասխան են« կամ ալ հաւանական պատասխանները բաւարար չեն մտահոգութիւնները փարատելու:
Ի՞ՆՉ ՀԱՍԿՆԱՆՔ »ՈՒՂԵԳԻԾ«ՈՎ
Ըստ պաշտօնական յայտարարութեան ու անոր արձագանգ եղող ուաշինկթընեան եւ այլ կեցուածքներու« Հայաստան եւ Թուրքիա կազմած են յարաբերութեանց բնականոնացման շրջագիծ մը եւ« գլխաւորաբար Ուաշինկթընի բացայայտ քաջալերանքով՝ պիտի աշխատին իրականացնել զայն:
Մտահոգութեան անմիջական պատճառը այն չէ« որ նման »ուղեգիծ«եր հրապարակ նետուած են նաեւ այլ կնճռոտ տագնապներու պարագային« օրինակ՝ Իսրայէլ-Պաղեստին տագնապին համար« որ ահաւասիկ 7-8 տարիէ ի վեր մնացած է անվաղորդայն (կրնանք աւելի ետ ալ երթալ« հասնիլ մինչեւ 1993« Օսլօ…)« գործնապէս՝ այդ ուղեգիծը խորտակուած է ի սկզբանէ« իրականութիւնները զարգացած են ճշդուած »քարտէս«ին ճիշդ հակառակ ուղղութեամբ« բացորոշ կերպով՝ ի վնաս պաղեստինեան կողմին (կրնայ անշուշտ առարկուիլ« թէ տագնապներն ու անոնց լուծման միջոցները իրարու բաղդատելը ճիշդ չէ. սակայն երբ իրաւազրկողն ու հուանաւորողը ունին իրերանման ստորագրութիւն…):
Մտահոգութեան բուն արմատը այն է« թէ »բարիք խոստացող համաձայնութիւն մը« ԻՆՉՈ՞Ւ ԳԱՂՏՆԻ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ գոյանալէն առաջ« բայց մանաւանդ գոյանալէն ետք: Արդարութեան« իրաւունքի ու շրջանին մէջ խաղաղութեան հետամուտ հայութիւնը« իր հայաստանաբնակ ու աշխարհատարած հատուածներով (եթէ մտածող կայ« որ անոնք տարբեր էութիւններ են« անշուշտ որ կը սխալին)« ինչո՞ւ իրաւուք պիտի չունենայ հրճուելու« որ Երեւան ի վերջոյ պատասխան-կոլ մը նշանակած է միւս կողմի բերդէն ներս…:
Տարօրինակ այս գաղտնապահութեան պատճառը վստա°հաբար նաեւ այն չէ« որ նման բացայայտումներ կրնան վնասաբեր ըլլալ. արդեօք կա՞յ այն մտավախութիւնը« որ թափանցիկութիւնը՝ կլասթնոսեան առումով« կրնայ վտանգել Հայաստանը կամ Թուրքիան« ինչպէս որ գորբաչովեան կլասկնոսթը կը նկատուի Խորհրդային Միութիւնը փուլ բերող պատճառներէն մէկը…: Եւ հայ ժողովուրդը ամբողջ« եւ ո°չ միայն Դաշնակցութիւնը« իրաւունք ունի վերապահութեամբ« զգուշաւորութեամբ եւ մտահոգութեամբ դիտելու գաղտնապահութեան այս մթնոլորտը« հարց տալով« որ եթէ տեղ մը վատ բան թաղուած չէ« լուսաբանութիւնը ինչո՞ւ կ’ուշանայ: Եւ սպասողը իրաւունք ունի°« որովհետեւ խնդրոյ առարկայ է մեր հայրենիքին« ժողովուրդին ճակատագիրը« մեր պատմութեան ամբողջ հոլովոյթը: Մէկ խօսքով« Դաշնակցութիւնը այսօր« անգամ մը եւս արտայայտողն է համազգային ու հայրենական մտահոգութեան մը« որ չի մեկնիր մասնակի ու կարճ-ժամկէտ իրադարձութիւններէ:
»Ուղեգիծ-քարտէս«ի մը գոյառման մասին հրապարակումի պահը՝ Ցեղասպանութեան 94րդ տարեդարձին յիշատակման նախօրեակը« ինքնինք« այլ արդար մտահոգութիւններու պատճառ է: Աւելորդ կը նկատենք կրկնել յառաջ քշուած մեկնաբանութիւնները« որոնք կը համախմբուին նոյն յայտարարին վրայ« թէ՝ Ցեղասպանութեան յիշատակումի օրուան նախօրեակին« Թուրքիա դիւանագիտական կարեւոր կէտ մը արձանագրեց ի վնաս մեր քաղաքական-դիւանագիտական-քարոզչական գործին« որովհետեւ Եւրոպայի դուռները ծեծող Անգարան« որ կը վայելէ այլ դաշնակիցներու շահադիտական համակրանքը« ահաւասիկ անգամ մը եւս ներկայացաւ բարեմիտի դիմակով« մինչդեռ մելանը տակաւին չէր չորցած այն արտայայտութիւններուն վրայէն« որոնք կ’ըսէին« թէ Թուրքիա չի կրնար անտեսել Ազրպէյճանի ակնկալութիւնները« պատրաստ չէ Ցեղասպանութեան հարցին գծով դրական քայլ առնելու…:
Անշուշտ ոչ ոք կը խօսի մեր՝ հայութեան արդար պահանջներուն մասին« կորուստներու դիմաց հատուցումներու պահանջին մասին« մեր Դատին էութեան« անմասնատելի ամբողջութեան ենթաբաժիններուն մասին: Իրաւուքներ« որոնք արդարօրէն քրտինք ու կեանք խլած են անոնց իրագործման հետամուտ սերունդներէ« հայութեան բոլոր հատուածներուն մէջ: Այսօր« միամիտ մանուկ պէտք է ըլլալ« ըսելու համար« որ մեր միւս պահանջներուն մասին բարձրաձայն չխօսիլը մարտավարական նկատառումներով կ’ըլլայ: Երբ իրաւուքներուդ մասին չես խօսիր« ամբողջականին մասին ըսելիքներդ կը յետաձգես« հակառակորդիդ« ինչո՞ւ չէ նաեւ բարեկամդ դասուողներուն ամէն առիթ տուած կ’ըլլաս զանոնք մոռնալու« հարցերդ մասնատելու եւ… լուծարելու. իսկ արդեօք ե՞րբ էր« որ դատերը մասնավճարի տրամաբանութեամբ լուծուած են« կամ՝ բաղձանքներու համապատասխան լուծումներ ներկայացած են առանց ճիգի ու պայքարի« մեր թէ այլ պայքարող ժողովուրդներու պարագային: Կարելի է« թերեւս« գործնական հանգրուանները ցանկագրել մասնավճարի տրամաբանութեամբ« սակայն երբեք՝ ամբողջութիւն կազմող պահանջներու« իրաւուքներու մաս առ մաս հրապարակումով ու հետապնդումով:
ՄԻԱՅՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ ՉԷ
Չբացայայտուած« հետեւաբար՝ մտահոգութիւն պատճառող համաձայնութեան նախագիծին մասին անբաւարարութեան ու ընդվզումի դրօշակիրը եղաւ Դաշնակցութիւնը« եւ՝ արդարօրէն:
Մտահոգութեան հիմնական պատճառները բազմաթիւ են. հիմնականը՝ անսակարկելի իրաւուքներու կորուստի մտավախութիւնն է« որովհետեւ« ինչպէս նշեցինք« ըսուածներէ ու տարածուածներէն ցարդ լաւ հոտ չի գար:
Նման վիճակ աննախընթաց չէ. Հայաստանի վերանկախացումէն կարճ ատեն ետք« ի վնաս Հայաստանի« մեր այժմու ու երէկի անվիճելի հողերուն հաշւոյն համաձայնութեան այլ նախագիծեր ալ հրապարակ եկան. եթէ յիշողութիւնները չեն բթացած« այդ հանգրուաններուն ալ Դաշնակցութիւնը ծառացաւ վնասակար արահետներու դէմ ու հանդիսացաւ նահանջի-անընդունելի սակարկութիւններու տրամաբանութիւնը մերժող դրօշակիրը: (Կարելի է երթալ աւելի հին տասնամեակներ« Դաշնակցութիւնը գտնելու համար նոյն կեցուածքին վրայ« այն կեցուածքին՝ որ իրն է եղած ծնունդէն ի վեր« հայ ժողովուրդի մարդկային« հողային ու այլատեսակ իրաւուքներու ձեռքբերման պայքարի առաջին օրերէն ի վեր):
Ահա թէ ի°նչ տարածութեան ու ի°նչ բովանդակութեան մէջ պէտք է տեսնել Դաշնակցութեան կեցուածքը« որ խորքին մէջ կը խտացնէ ու կը մարմնաւորէ բովանդակ հայութեան պահանջատիրութիւնն ու արդարատենչութիւնը: Հայութիւնը« իր բոլոր համայնքներով« քաղաքական հոսանքներով ու աշխարհագրական տարբեր միաւորներով« մեր Դատին ու լուծման էական միջոցներուն մասին բազմաթիւ կարծիքներ չունի« եւ այդ է պատճառը« որ ստեղծուած մտահոգութիւնները համատարած են« համահայկական են: Դրուած հարցը« ծագած մտահոգութիւնները կը բխին մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին լինելութենէն: Ու եթէ կը տեսնենք մտահոգութեան տուն տուող վտանգին ու մարտահրաւէրին էութիւնը« անմիջապէս ու պարզ աչքով պիտի կարենանք հետեւցնել« որ կառավարական ընկերակցութենէն հեռանալու Դաշնակցութեան քայլը ճղճիմ մեկնաբանութիւններու արժանացնողները կա°մ հաւկուրութենէ կը տառապին« կամ ալ իրե°նք կը գտնուին այն դիտաւորութիւններու հունին մէջ« որոնք կը վերագրուին Դաշնակցութեան: Յամենայնդէպս« ասոնք էական հարցեր չեն ու չեն կրնար մեզ շեղել մեր հիմնական մտածումներէն՝ սխալներ չգործելու սպասումէն« մեր Դատի պատմութեան հոլովոյթին հաւատարիմ մնալու յանձնառութենէն:
Երբ Հայրենիքին ու ժողովուրդին հիմնական հարցերն ու իրաւուքներն են խնդրոյ առարկայ« Դաշնակցութիւնը »քաղաքական խաղ«ի տրամաբանութեան հետեւորդ չի կրնար ըլլալ« չէ եղած երբեւիցէ: »Քաղաքական խաղ«ը ունի ի°ր օրէնքներն ու տրամաբանութիւնը« խաղավայրը« որ կապ չունի այժմու տագնապին հետ: Սահմաններու անարդար ճշդումի« անտեսուած իրաւունքներու մասին սակարկութեան եւ նմանօրինակ ծանրակշիռ հարցեր չեն կրնար քաղաքականացուիլ« այսինքն՝ իշխանութեան շուրջ պայքարի գործիք չեն կրնար ըլլալ« չե°ն եղած Դաշնակցութեան համար: Եւ Դաշնակցութիւնը« բանիւ եւ գործով« հայրենիքին ու մեր ժողովուրդին գերագոյն շահերը մի°շտ դասած է նման հաշիւներէ վեր« սակարկութեան չէ նստած անոնց շուրջ« մինչեւ իսկ եթէ իր շահերը վտանգի ենթակայ եղած են: Նոյնը ընելու հրաւիրած է համախոհն ու գաղափարական հակառակորդը« ու ընդհանրապէս արդարացած են անոր ակնկալութիւնները: Վկա°յ անոր պատմութիւնը:
Ի՞ՆՉ ԸՆԵԼ
Անմիջականօրէն« պահանջ կը դրուի« որ խնդրոյ առարկայ համաձայնութեան մանրամասնութիւնները բացայայտուին ու դրուին ժողովուրդին տրամադրութեան տակ« ապա նաեւ« ժողովուրդին« միացեալ ժողվուրդին առիթ տրուի անկաշկանդ կերպով տալու իր կարծիքը: Ու եթէ ճշմարիտ են կամ ճշմարտանման՝ խնդրոյ առարկայ ընտրանքներուն մասին լուրերը« մեր ժողովուրդին« ու ոչ միայն Դաշնակցութեան պատասխանը յստակ է: Այսինքն՝ պահանջ՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման« պահանջ՝ մարդկային ու նիւթական-հողային-մշակութային վնասներու փոխ հատուցման« պահանջ՝ այս հիմերուն վրայ կազմուելիք բարեկամութեան »ուղեգիծ-քարտէս«ի մը« որ պիտի երաշխաւորէ կայունութիւն« գործակցութիւն եւ խաղաղ դրացնութիւն:
Միւս կողմէ« եթէ մեր իշխանութիւնները ըսեն« որ կը գտնուինք ատրճանակը գլխուն դրուած մարդու մը կացութեան մէջ« այսինքն՝ անասելի սպառնալիքներով կը փորձեն մեզի պարտադրել լուծման այնպիսի ընտրանքներ« որոնք ըստ ամենայնի ոտնակոխումն են մեր տասնամեակներու պահանջներուն ու անվիճելի իրաւունքներուն« ատիկա ալ պիտի իյնայ բացատրութիւններու շրջագիծին մէջ« կլասթնոսթ« սակայն ցարդ չենք տեսած որեւէ նշան« որ արդարացնէ նման ենթադրութիւն: Յամենայնդէպս« մինչեւ իսկ եթէ նման հաւանականութիւն կը տիրէ« արդեօք իսկապէս պեղուա՞ծ են կամ սպառա՞ծ՝ հակազդելու միջոցները: Օրինակ« ինչո՞ւ համաձայնութեան նախագիծը չտրամադրել ժողովուրդին ու ստանալ անոր կարծիքը« ու անոր հիմամբ տալ մերժողական պատասխան: Իսկ իրաւուքներուն գիտակից ու տէր կանգնող ժողովուրդներու համար կա՞յ միջոցներու սպառման հանգրուան« մանաւանդ երբ պահանջներդ ցնորածին չեն« փաստագրուած են ու կը հիմնուին ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ մը զոհը եղած ըլլալու« պատմական անվիճելի հողերու կորուստի իրականութեանց վրայ: Տակաւին« արդեօք մեր այսօրուան կեանքին մաս չե՞ն կազմեր սահմանափակ միջոցներով Թուրքիոյ պետութիւն նահանջի մատնելու իրականութւինները« Միջին Արեւելքէն մինչեւ Եւրոպա ու Ամերիկաներ…
Արդ« պէտք է ձերբազատիլ »տկար ենք ու ստիպուած ենք տեղի տալ« հոգեբանութենէն« վերահաստատել մեր ինքնուրոյն պատմութիւնը կերտող ուղին: Արցախը երէկ տուաւ նորագոյն ապացոյցը« երէկի ու ժամանակակից պատմութեան մէջ« փոքրերու յաջողութիւններն ու իրագործումները պանծալի էջերով արձանագրուած են…
Ապա« ազգովին« Հայաստանի մէջ թէ արտերկրի« պէտք է քաղաքական գործի լծուիլ« որպէսզի Երեւանի իշխանաւորները ետ կանգնին պարտուողական ընթացքէ« եթէ »ուղեգիծ«ը նման վտանգ կը սպառնայ մեր հայրենիքին« ժողովրդին ու անժխտելի իրաւունքերուն:
Պէտք է ստեղծուի համաժողովրդային շարժում մը« որուն առաջին քայլը եղաւ քոալիսիոնէն Դաշնակցութեան դուրս գալը: Այդ շարժումին պիտի միանան մեր ժողովուրդի բոլոր հատուածները՝ համայնք« միութիւն« կուսակցութիւններ« լուսանցք քշուած մտաւորականութիւնը« արուեստագէտներ« երիտասարդն ու տարեցը« հայ կինն ու« մէկ խօսքով՝ մեր Դատին ու պատմութեան հաւատարիմ բոլո°ր բոլորը: Շարժումը պիտի տարածուի հայօրէն« առանց բրտութեան կամ անսրբագրելի միջոցներու« եւ պիտի ունենայ մէկ գլխաւոր պատգամ՝ հայրենի իշխանութիւններուն. ԵՏ ԿԱՆԳՆԻԼ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՍԽԱԼՆԵՐ ԳՈՐԾԵԼԷ (կրկնելու գնով արձանագրենք« որ եթէ որդեգրուած ու ցարդ էապէս ծածուկ մնացող համաձայնութիւնը վնասաբեր է Հայաստանին« հայութեպան ու մեր ամբողջական Դատին):
Չենք մոռնար« որ Հայաստանի իշխանութիւնը ողջ հայութեան իրաւուքներուն ու պարտաւորութեանց մարմնաւորումն է: Ան մեր հարցերուն պէտք է ունենայ լիակատար ու համապարփակ մօտեցում: Սփիւռքի հարցերու նախարարութիւն ստեղծող իշխանութիւնը՝ համապատասխան յղացքով ու հայեցադաշտով պիտի յանձանձէ մեր ընդհանրական հարցերն ու իրաւուքներուն հետպանդումը: Մէկ հայրենիք« մէկ ժողովուրդ ու մէկ ապագայ արտայայտութիւնները« կը հաւատանք« պարզ նշանախօսքեր չեն« այլ միս-ոսկոր բովանդակութեամբ« ողջ հայութեան ակնկալութիւններն ու կամքը մարմնաւորող քաղաքականութի°ւն: Այս ու որեւէ այլ հանգրուանի« ստորին աստիճաններու վրայ քաղաքական խաղերով յառաջացող երկփեղկումներ միայն ու միայն վնաս կը բերեն բոլորիս: Կասկած չունինք« որ Թուրքիոյ իշխանաւորները տեղ մը գոհունակ ժպիտով կը դիտեն մեր պահանջներուն եւ էական հարցերուն գծով հրապարակ եկող մասնատումները« երկփեղկումները« լռելեալ կէտեր նշանակելով մեր բերդէն ներս…:
Պիտի չմոռնանք« եւ ուրիշին ալ յիշեցնենք« որ ահաւասիկ մէկ ու կէս դարու կեանք ունեցող մեր իրաւատիրական պայքարը ի°նչ դրդապատճառներ ունէր« անոնցմէ որո°նք կան այսօր« որ մաս կը կազմեն մեր դիմաց կանգնող հարցերուն ու մարտահրաւէրներուն էութեան: Այդ հիմնահարցերը մենաշնորհը կամ կալուածը չեն այս կամ այն հատուածին« այլ անոնցմով կը բաբախէ ողջ հայութեան զարկերակը« անոնցմով կ’առաջնորդուին մեր գլխագիր հարցերուն լուծումները:
Հայ ժողովուրդը« Արագածի լանջերուն կանգնող երէկի սասունցին« պատմական Արեւմտեան Հայաստանէն սուրով ու հալածանքով բռնագաղթուած հայութեան շառաւիղները« ու տակաւին՝ աչքերը Արցախին ու Արեւմտահայաստանին յարած ողջ հայութիւնը չեն կրնար սակարկութեան նստիլ անժամանցելի իրաւուքներու շուրջ:
Անոնք՝ բոլո°րը« Հայաստանի մէջ թէ Արտերկրի« իրաւունք ունին սպասելու« պահանջելո°ւ« որ Հայաստանի իշխանութիւնը ըլլայ մեր անմասնատելի տենչերուն ու իրաւուքներուն մարմնաւորումը: Եթէ այդպէս ըլլայ« մասնակի դիտարկումները կը նսեմանան« կը դրուին լուսանցքի վրայ« կը գտնեն իրենց բնական տեղը« ու բոլորը կը կանգնին հայրենի իշխանութիւններուն կողքին:
Այլապէս« իշխանութիւն-ժողովուրդ եւ իշխանութիւն-պատմութիւն խզումը կը դառնայ անխուսափելի« իշխանութիւնը կը կորսնցնէ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ըլլալու հանգամանքը« իրաւուքն չ’ունենար անոր անունով համաձայնութիւններ կնքելու« կը մատնուի ինքնաչէզոքացումի ճակատագիրին« ինչպէս որ կը պատահի« ուշ կամ կանուխ« իր արմատներէն ինքզինք անջատող որեւէ իշխանութեան պարագային: Այս իմաստով ալ մենք պերճախօս նախընթաց ապրեցանք մեր նորագոյն պատմութեան մէջ…