ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ՝ ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆ

0 0
Read Time:4 Minute, 53 Second
Օրուան բանախօս՝ Յովան Թաշճեան (կեդրոն) եւ Վահիկ Շնորհոքեան կը փոխանցեն յուշանուէր մը եղեռնէն վերապրող Ալիս Շնորհոքեանին
Օրուան բանախօս՝ Յովան Թաշճեան (կեդրոն) եւ Վահիկ Շնորհոքեան կը փոխանցեն յուշանուէր մը եղեռնէն վերապրող Ալիս Շնորհոքեանին

Նիւ Ճըրզիի գաղութը, այս տարի եւս հոծ բազմութեամբ, ներկայ գտնուեցաւ, յարգե-լու Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը եւ վերստին ամրապնդելու »յարատեւ պայքար,ի կոչումը:
Երեկոն սկսաւ Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, հոգեհանգստեան պաշտօնով մը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում՝ Եղեռնի նահատակներու յուշարձանին առջեւ:
Ապա, բազմութիւնը ուղղուեցաւ Հայ Կեդրոն, ուր տեղւոյն Հ.Յ.Դ. Դրօ Կոմիտէն եւ Հայ Դատի յանձնախումբը պատրաստած էին բովանդակալից յայտագիր մը՝ ճանաչում եւ հատուցում նիւթին շուրջ:
Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներու շքեղ տողանցքով եւ ազգային քայլերգներու երգեցողութեամբ: Օրուան հանդիսավարն էր Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Շրջանի Հայ Դատի գրասենեակի գործավար՝ Քարինէ Պիրազեան, որ հմտօրէն շաղկապեց խօսնակները, կարճ դրուագներ պատմելով եւ խօսնակները հրաւիրելով:
Հ.Յ.Դ. Դրօ Կոմիտէի հակիրճ խօսքը փոխանցեց Փօլին Տոսթումեան, որ դատապարտեց հայ-թուրք յարաբերութիւններու ծիրէն ներս, հայրենի իշխանութիւններու կողմէ ստորագրուած տխրահռչակ համաձայնագիրը: Ապա խօսք առին Հայ Երիտասարդ դաշնակցութեան անդամներ՝ Մարք Թորոսեան եւ Նելլի Բաբախեան, Նիւ Ճըրզիի Ասեմպլիի անդամ՝ Ճոն Վոս, որ իր կարգին ներկայացուց յուշագրեր  Հայ Դատի յանձնախումբին, Ցեղասպանութիւնէն վերապրած Տիկին Ալիս Շնորհոքեանին եւ Ռուան-տայի ցեղասպանութենէն վերապրած Իւճին Մուքէշիմային: Այս վերջինը, իր ակա-նատեսի վկայութիւնը տուաւ նմանօրինակ ահաւոր  եւ անմարդկային ոճիրներու նկատմամբ:

Օրուան հանդիսավար՝ Քարին Պիրազեան
Օրուան հանդիսավար՝ Քարին Պիրազեան

»Նարեկ, շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտները  բեմ բարձրացան եւ կատա-րեցին խմբային արտասանութիւն մը՝ »Մեր Ուխտը, խորագրով: Ապա աշակերտուհի Սիրան Չորպաճեան »Ատանայի Ողբը, ազգայնաշունչ մեներգով, մեծ յուզում պատ-ճառեց:
Օրուայ բանախօսն էր Քալիֆորնիայէն ժամանած Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ա.Մ.Ն.-ի Կեդ-րոնական Կոմիտէի անդամ Յովան Թաշճեան:  Ան յայտնեց թէ նախագահ Օպամայի կատարած յայտարարութեան մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան բառի բացակայու-թիւնը չի վհատեցներ մեզ: »…Մենք որոշած ենք շարունակել քաղաքական մեր աշխատանքները, մինչեւ որ Ֆրանսայի, Քանատայի ու այլ երկիրներու օրինակով Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը եւ նոյն ինքն խոստմնադրուժ  Օպաման եւս պաշտօնապէս ճանչնան Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ իբրեւ ցեղասպան դատապարտեն դաշնակից Թուրքիան,:
Բանախօսը անդրադառնալով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած համաձայնագրին իր խոր ընդվզումը արտայայտեց  եւ նշեց որ Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման նախօրեակին նման համաձայնագրի մը ստորագրումը դատապար-տելի է եւ կարելի չէ նախագահ ու արտաքին գործոց նախարար խաղալ արհամարհելով ժողովուրդի մը պատմական մեծագոյն ողբերգութեան առթած համազգային ցաւն ու զգայնութիւնը, անարգելով անոր պատմական յիշողութիւնը եւ մսխելով սերունդներու արեան եւ զոհողութեան գինով ձեռք բերուած արժէքներն ու սրբութիւնները:
»Քանիցս դառն փորձառութեամբ ու ցաւով վկայեցինք, որ Հայաստանի իշխանութիւնները յանձնառու չեն հանդէս գալու իբրեւ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած անարդարութեանց դէմ պայքարող իրաւատէր: Հայկական Ցեղասպանութեան պատմական ողբերգութիւնը համազգային տարողութիւն ունի, բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի հողերը համազգային սրբագոյն արժէք են ու մեր ազգային իրաւունքները անժամանցելի են: Փաստօրէն՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ընթացող բանակցութիւն-ներէն հիմնական բացական՝ հայութիւնն էր:…Հայ-թրքական յարաբերութիւնները չեն վերաբերիր լոկ երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումին կամ միայն սահմաններու կամ սահմանային անցքերու վերաբաց-ման: Հայ թրքական յարաբերութիւններու հարցը շատ աւելի բարդ է պատմական իր կնճռոտ ծալքերով, ունի բարոյական ու մարդկային ողբերգութեան հնչեղութիւն ու Հայաստանի ազգային անվտանգութեան հետ առնչուած բազմածալք թղթածրար մը:…Հայթրքական սահմանի բացման լուսաւոր հեռանկարներուն մասին հեքիաթային ակնկալութիւններ կը ներկայացուին: Հարց պէտք է տալ թէ որեւէ լուրջ հետազօտութիւն կամ ուսումնասիրութիւն կատարուա՞ծ է սահմանի բացման դրական ու բացասական հետեւանքներուն մասին: Այսօր մենք կը պատրաստուինք երեք միլիոն բնակչութիւն ունեցող մեր երկրի սահմանները բանալ թշնամի երկրի մը հետ, որուն բնակչութիւնը արդէն անցած է 70 միլիոնը: Հարց պէտք է տալ, թէ Հայաստանի ազգային անվտանգութիւնը որքանո՞վ խոցելի կրնայ դառնալ սահմանի բացման պարագա-յին:…Եթէ երէկ, Լիզպոնի աննման ազատամարտիկներուն ողջակիզումն էր որ հան-րային կարծիքին կը պարտադէր խօսիլ Հայ Դատի մասին, այսօր այդ մէկը կը կատարուի քաղաքական դաշտին Հայ Դատի Յանձնախումբերու կատարած յանդուգն աշխատանքով, ատիկա այսօր կը կատարուի թրքական դեսպանատուներուն եւ հիւ-պատոսարաններուն դիմաց պահանջատիրական իրենց ձայնը բարձրաղաղակ հնչեցնող մեր նոր սերունդին ճամբով, այդ պայքարը այսօր կը շարունակուի Երեւանի մէջ ջահագնացութեամբ Ծիծեռնակաբերդ բարձրացող հայրենի մեր երիտասար-դութեան ճամբով: Երէկ Սասնոյ լեռներէն կ’արձագանգէին մեր ֆետայիներուն ըմբոստացումի եւ նահատակութեան ոգեշնչող օրինակները, այսօր Եւրոխորհուրդի, Սպիտակ Տան եւ քոնկրէսի միջանքներուն եւ ժողովասրահներուն մէջ համարձակօրէն կը հնչեն Հայ դատի մեր գործիչներուն եւ բարեկամներուն ձայնն ու տիրական ներկայութիւնը,, ըսաւ Թաշճեան:
Ապա, ան յայտնեց թէ Հայ Դատը միայն հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքար չէ, այլ ան առաջին հանգրուանն է միայն այդ պայքարին: Նաեւ բանախօսը կարեւորեց թէ այդ  պայքարը չաւարտիր օտար պետութիւններու եւ յատկապէ°ս Թուրքիոյ կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումով:
»…Ճանչնալ եւ ընդունիլ Հայկական Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը՝ կը նշանակէ նաե°ւ անհրաժեշտ քայլերը առնել վերահաստատելու համար արդարութիւնը: Առանց արդարութեան վերահաստատումին անիմաստ է ճանաչումը եւ չերաշ-խաւորեր նոր ցեղասպանութիւններուն կանխարգիլումը: Օտար դիւանագէտներու կողմէ մեր ազգային ինքնասիրութիւնը շոյող հայանպաստ յայտարարութիւնները եւ վերջին տարիներուն մանաւանդ շարք մը երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման աքթերը մեծ ոստում մըն են դէպի առաջ, որ մեզ կը մօտեցնեն մեր վախճանական նպատակին Ամբողջական Հայաստանի կերտումին: Արդարութեան վերահաստատումը, սակայն, մեզի  համար իր մէջ կը ներառնէ Հայ Դատի համապարփակ հասկացողութիւնը. այլ խօսքով՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման պիտի յաջորդէ բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրումը կամ վերադարձը իր պատմական իրաւատիրոջ՝ հայ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ՝ Ցեղասպանութեան պատճառած նիւթական ու բարոյական կորուստներուն հատուցումը: Մեր ժողովուրդին համար ազգային պահանջատիրական այս սկզբունքները սրբազան արժէք են, որոնք նուիրագործուած են մեր նահատակներու կարմիր արիւնով ու խտացած են Միացեալ Հայաստանի տեսլականին մէջ: …Ազգային մեր մեծ երազին հաւատարմութիւնը պէտք է համազգային հնչեղութիւն ունենայ: Երեւանէն մինչեւ Արցախ, մինչեւ Ջաւախք եւ մինչեւ հայկական սփիւռքի բոլոր գաղութները հայ ժողովուրդը պէտք է հաւատարմօրէն քալէ պահանջատիրական միեւնոյն ճանապարհէն: Մեզ բաժանող բոլոր տեսակի սահմանագծումները մերժելի են, հայկական արեւելումէն շեղող դիւանագիտական բոլոր խուսանաւումները դատապարտելի են:  Ահաւասիկ այս ծիրէն ներս է որ կը դատապարտենք ու կը մերժենք Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ գաղտնիութեան կասկածելի պայմաններուն տակ տարուած հայ- թրքական բանակցութիւններուն առաջին դրսեւորումը հանդիսացող այս տխրահռչակ համաձայնագիրը: Կը մերժենք Հայկական Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը քննութեան ենթարկող ոեւէ ձեւի ու ոեւէ այլ անուանումի տակ առաջացուելիք յանձնաժողովի ստեղծումը, կը մերժենք պաշտօնական համաձայնագրով Թուրքիոյ այսօրուան սահմաններուն ճանաչումը: Այս անփոյթ վերաբերումով Հայաստանի իշխանութիւնները յատկապէս կը վտանգեն Սեւրի դաշնագրով նուիրագործուած Միացեալ Հայաստանի տեսլականին իրաւական ու պատմական հիմքը,, ըսաւ դասախօսը:
Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Յովնան քհնյ.Պօզոյեան կատարեց փակման աղօթքը: Յայտագրի աւարտին հանդիսավար Պիրազեան կոչ ուղղեց, որպէսզի բողոք նամակ յղուի Սպիտակ Տուն, ի պատասխան նախագահ Օպամայի խոստումի դրժումին: Ան նաեւ, կոչ ուղղեց բողոքի նամակներ ուղղարկել նաեւ Հայաստանի ղեսպանատուն:
ԹՂԹԱԿԻՑ

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles