Հայկական Ցեղասպանութենէն Վերապրող Բժիշկ Ռոպէրթ Ճէպէճեան

0 0
Read Time:2 Minute, 12 Second

Համադրեց՝ Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան
Մոնրէալ, 1 Մարտ 2023

Բժիշկ Ռոպէրթ Ճէպէճեան ծնած է Այնթապ, 1909-ին: Զաւակն է բժիշկ Աւետիս Ճէպէճեանի: Բժիշկ
Ֆիլիփ Յովնանեան իր քեռին էր: Ծնողքին հետ գաղթած է Հալէպ: Նախնական ուսումը ստացած է Հալէպի Հայկազեան վարժարանէն, ապա աւետարանական ծխական վարժարանէն:
1926-1927 ուսանած է Պրումմանա (Լիբանան) անգլիական Քոկէյքըրներու դպրոցին մէջ: Բժշկութիւն ուսանած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկական դպրոցին մէջ, ուրկէ վկայուած է 1934-ին:
Մեկնած է Լիոն (Ֆրանսա) մասնագիտացած է ակնաբուժութեան մէջ: Վերադարձած է եւ Հալէպ գործած է իր հօր եւ քեռիին՝ Ճէպէճեան-Յովնանեան հիւանդանոցին մէջ:
1938-1939 եւ 1946-1947 այցելած է Ֆրանսա, վերապատրաստման դասընթացքներու հետեւելու համար:
1948-ին, Հալէպի մէջ հիմնած է Ճէպէճեան ակնաբուժական նախնական հիւանդանոցը:
1950-ին հիմնած է Ճէպէճեան ակնաբուժական 20 անկողիննոց կատարելագործուած հիւանդանոցը՝ Հալէպի Սեպիլ շրջանին մէջ, ուր գործած է մինչեւ իր մահը, 2000-ին:

Հալէպի Ճէպէճեան հիւանդանոց

Այս հիւանդանոցը դարձած է մասնագիտական կեդրոն՝ Հալէպի շրջանաւարտ բժիշկներու համար:
Ճէպէճեան ակնաբուժական հիւանդանոցը մեծ դերակատարութիւն ունեցած է Հալէպի առողջապահական մարզին մէջ եւ օգտակար հանդիսացած՝ Հալէպի հայ եւ ոչ-հայ ժողովուրդին:
1947-ին, կը կատարէ աչքի եղջերաթաղանթի պատուաստում, որուն իբրեւ արդիւնք, Սուրիոյ մէջ նախագահական հրամանագրով օրէնք կը հաստատուի մահացած անձի մը աչքին հեռացումը-վերացումը՝ ողջ անհատի մը վրայ աչքի եղջերաթաղանթային պատուաստում (Transplantation) կատարելու համար:
1950-ին, Հալէպի մէջ իր ջանքերով բացուած է կոյրերու «Ապու Ալա Ալ-Մաարի» դպրոցը:
1970-ին, իր թեկնածուականը (thesis) պաշտպանած է Երեւանի մէջ եւ դարձած՝ բժշկական գիտութիւններու թեկնածու:
Բժիշկ Ռոպէրթ Ճէպէճեան եղած է մտաւորական: Հեղինակած է «Հալէպի մեծանուն բժշկապետ Ա. Ա. Ալթունեան եւ իր գործը» հատորը, որ հրատարակուած է Հալէպի մէջ, 1962-ին: Հետաքրքրուած է կերպարուեստով եւ գծած է երկար տարիներ:
Իր նախաձեռնութեամբ Հայաստան տեղափոխուած են նկարիչներ՝ Արմիսի և Ժիրայր Օրագեանի որոշ գործերը, բազմաթիւ ձեռագիրներ, հնատիպ գիրքեր, հայկական ժանեակներու հաւաքածոյ։
Հեղինակն է նաեւ «Ինքնակենսագրութիւն, յուշեր եւ գործունէութիւններ» երկին եւ «ԱԼՊՈՄ Հալէպի հայ գաղթականներու հիւղաւանին» պատկերազարդ հատորին, որ հրատարակուած է 1986-ին, Հալէպ:

Ալպոմ Հալէպի հայ գաղթականներո հիւղաւանին

1955-ին, Զարեհ Գաբլանի հետ հիմնած է Հալէպի «Մարտիրոս Սարեան» նկարչական ակադեմիան: Եղած է հայրենասէր, ազգասէր եւ լուրջ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է Հայկական Ցեղասպանութեան եւ Հայ
Դատին նկատմամբ:
1979-ին մեծարուած է Հայաստանի ակնաբուժներու միութեան կողմէ եւ ստացած է «Պատուոյ անդամ» կոչումը:
Բժիշկ Ռոպէրթ Ճէպէճեան մահացած է Հալէպ, 2000-ին:

 

Աղբիւրներ.
1.Ուիքիփետիա, Տոքթոր Ռոպէրթ Ճէպէճեան

2. Հարպոյեան, բժիշկ Կարպիս, բժիշկ Ռոպէրթ Ճէպէճեան, Հայ բժիշկներուն, ատամ-նաբուժներուն եւ դեղասգործներուն ոդիսականը հայկական ցեղասպանութեան ընթացքին (յաւելուած), Բժիշկին Զ. խօսքը, բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, Մոնրէալ, 2022
3. Ճէպէճեան, Հրայր, Դոկտ., Յուշեր, ապրուած կեանքեր ու տակաւին, “Մասիս Փոսթ”, 25 Ապրիլ, 2019.
4.Քէշիշեան, Ալէքսան, բժիշկ, Լրացաւ վարպետիս՝ բժիշկ Ռոպէրթ Ճէպէճեանի ծննդեան 100-ամեակը (1909-2009), Հայ Ֆօրըմ, 30 Յուլիս 2009 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
100 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles